
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ) կը տեղեկացնէ, թէ ամէն տարուան պէս, այս տարի եւս Ապրիլ 24ին բողոքի ցոյց մը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ՝ դատապարտելու համար Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան շարունակուող ուրացումը:
ՀԵԴի նախաձեռնած «Դէպի Մեր Ապագան» խորագրուած բողոքի ցոյցը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարանին առջեւ, որուն հասցէն է՝ 8500 Wilshire Blvd., Beverly Hills, CA 90211:
Ցոյցը պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12ին, իսկ ինքնաշարժները կարելի է կանգնեցնել Պեվըրլի Հիլզի թենիսի ակումբի կանգառին մէջ, որուն հասցէն է՝ 325 S․ La Cienega Blvd․, Beverly Hills, CA 90211։