
Հայ Որբերու օժանդակութեան ընկերակցութիւնը (SOAR) կը տեղեկացնէ, թէ հաստատուած է նոր մասնաճիւղ մը, որ զարկ պիտի տայ ընկերակցութեան բարեսիրական գործունէութեան զօրակցելու ջանքերուն՝ Կլենտէյլ եւ Լա Քրեսենթա քաղաքներուն մէջ։
Արդէն իսկ առաւել քան 140 մասնաճիւղեր ունեցող ընկերակցութեան առաքելութեան տարածման նպաստող այս նոր մասնաճիւղը նախաձեռնած է դրամահաւաքի մը՝ «Մեր Տուն» խորագրուած համացանցային արշաւին, նպաստելու համար Գիւմրիի որբանոցին աշխատանքներուն։ Արշաւին մասնակցելու համար կարելի է այցելել կայքէջը:
2005ին հիմնուած ընկերակցութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել soar-us.org կայքը կամ դիմել նորակազմ մասնաճիւղին՝ glendalelacanada@soar-us.org հասցէով։