ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Իր երկրաւոր առաքելութեան վճռական հանգրուանին, ի տես շփոթի ու անորոշութեան մատնուած իր աշակերտներուն, Քրիստոս ըսաւ. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին» (Յհ 16.33):
Արդարեւ, աշխարհին յաղթելու առաքելութեան համար Աստուծոյ Որդին աշխարհ եկած էր, որովհետեւ`
Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը կրող եւ ստեղծագործութեան պսակը նկատուող մարդը` հեռացած էր իր Արարիչէն: Հեռացած էր նաեւ Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը` ողջ տիեզերքը իր Ստեղծիչէն: Մարդ եւ տիեզերք շեղած էին իրենց աստուածատուր կոչումէն ու նպատակէն եւ դարձած ենթակայ չարի ու մեղքի տիրապետութեան:
Արդ, մարդուն ու տիեզերքին վերադարձը իրենց Արարիչին ու հարազատ կոչումին էական էր ու հրամայական` աստուածային ծրագիրին համար: Մարգարէներու ճամբով մարդուն ուղղուած Աստուծոյ պատգամը անպատասխան մնացած էր: Իր կեանքն ու տիեզերքը չարով ու մեղքով շաղախած մարդը շարունակած էր իր կեանքի մոլոր ընթացքը: Եւ օր մը, ինչպէս Աւետարանը կը վկայէ, Աստուած իր Միածին Որդին աշխարհ ղրկեց` մարդն ու տիեզերքը ազատագրելու չարի ու մեղքի իշխանութենէն:
Քրիստոսի առաքելութիւնը Բեթղեհէմէն մինչեւ Յարութիւն եղաւ չարով ու մեղքով տիրապետուած աշխարհին յաղթելու նպատակասլաց առաքելութիւն: Քրիստոսի ուսուցումներն ու առակները եւ իր երկրաւոր կեանքի բոլոր դէպքերը հարկ է դիտուին ու արժեւորուին ա՛յս հայեցակէտով:
Քրիստոս աշխարհին յաղթեց ո՛չ թէ սուրով կամ մականով, այլ`
– հիւանդը բուժելը, աղքատին օգնելը, գերիները ազատագրելը եւ անառակը ընդունիլը իր ծառայութեան կարեւոր տարածքը նկատելով:
– ատելութեան դէմ սէր, պատերազմին դէմ խաղաղութիւն եւ անարդարութեան դէմ արդարութիւն քարոզելով:
– խաւարին դիմաց լոյս սփռելով, յուսահատութեան դիմաց յոյս ներշնչելով:
– մեղքը փրկութեան հաւատքով ու մահը յարութեան յոյսով նուաճելով:
Մեղքի տիղմին մէջ խրած ու չարին գերին դարձած մարդը ազատագրելը դիւրին չէր: Աստուծոյ Որդին խաչին վրայ իր թափած արիւնով նուաճեց չարն ու մեղքը եւ յարութեան յաղթանակը պարգեւեց համայն մարդկութեան:
Քրիստոս աշխարհին յաղթեց մարդը վերամարդացնելով իր աստուածային պատկերին ու աստուածատուր կոչումին համաձայն: Քրիստոս նաեւ աշխարհին յաղթելու եւ իր կոչումին հաւատարիմ մնալու պատգամը փոխանցեց մարդուն:
Արդ, Քրիստոսին հետեւիլ կը նշանակէ` աշխարհին յաղթելու հաւատքի ու յոյսի զօրութեամբ լեցուիլ:
Քրիստոսին հետեւիլ կը նշանակէ` չարն ու մեղքը յարութեան յաղթանակով նուաճելու վճռակամութեամբ զինուիլ:
Ա՛յս հաւատքով ու տեսիլքով եկեղեցին մնաց կանգուն պատմութեան պարտադրած չարի ու մահուան սպառնալիքներուն դիմաց:
Ա՛յս հաւատքով ու յոյսով հայ ժողովուրդը համախմբուած իր հաւատքի բերդին ու յոյսի աղբիւրին` հայ եկեղեցւոյ շուրջ, մահը կեանքով դիմագրաւեց, խաչը` յարութեան շունչով: Մահը յարութեան յաղթանակով խորտակելու հաւատքով, յոյսով ու վճռակամութեամբ զինուած հայ եկեղեցին իր առաքելութիւնը կենսագործեց դարեր շարունակ:
Հրապուրիչ անուններով ու երեւոյթներով, մտածելակերպերով ու կենցաղակերպերով չարն ու մեղքը սկսած են իրենց ներկայութիւնը հաստատել ներկայ աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ հայ կեանքին մէջ: Մարդակեդրոն ու մարդանպատակ դարձած աշխարհը սկսած է հեռանալ Աստուծմէ, երկիրը` երկինքէն: Մարդը դարձած է ենթակայ մեղքով, փառքով ու հաճոյքով շաղախուած իր եսին: Քրիստոս իր մահով յաղթեց մահուան եւ մեզի կեանք պարգեւեց: Կառչի՛նք կեանքին, Քրիստոսի յարութեամբ թրծուած ու յաղթանակով շահուած կեանքին:
Քրիստոսի յաղթական յարութեան նշումը սոսկ անցեալին պատկանող դէպքի մը տօնախմբութիւնը չէ: Քրիստոս իր խորհրդական մարմնոյն` եկեղեցւոյ ճամբով աշխարհին յաղթելու պայքարը կը շարունակէ: Քրիստոնեան կոչուած է մասնակից դառնալու այս պայքարին: Հեռու մնալ այս քրիստոսակեդրոն պայքարէն, կը նշանակէ ենթակայ դառնալ չարին ու մեղքին իշխանութեան:
Յարուցեալ Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ աշխարհին յաղթելու պայքարը վերածելու հաւատքի յանձնառութեան` յոյսով շաղախելով, սիրով լեցնելով, բարի գործերով հարստացնելով մեր կեանքը. այլ խօսքով` յաղթական ու յարուցեալ Քրիստոսը ապրելով մեր կեանքին մէջ:
* * *
Մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով, եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը, մաղթելով աստուածահաճոյ ու հայրենաշէն իրագործումներով երկար գահակալութիւն: Կ՛ողջունենք նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց պատրիարք ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեանը, իրենց կը մաղթենք արդիւնաշատ ծառայութիւն` ի սպաս իրենց հոգեւոր խնամքին յանձնուած հօտին:
Հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմակալ առաջնորդները, հոգեւոր դասը, Ազգային իշխանութիւնները, մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ գործող կազմակերպութիւններն ու միութիւնները եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Հայաստանի ու սփիւռքի մեր ազգին զաւակները, որպէսզի կարենանք յարուցեալ Փրկիչին յաղթանակով հզօրացած, վերանորոգ հաւատքով ու կամքով դիմագրաւել մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին դիմաց յարուցուած մարտահրաւէրները:
Սուրբ Զատիկ, 2025
Անթիլիաս, Լիբանան