
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը ողջունեցին Քալիֆորնիոյ հարաւային շրջանի դաշնակցային ատեանի որոշումը, որ կը մերժէր ատրպէյճանցի Այնուր Պաղիրզատէի կողմէ Հայ Դատին դէմ ներկայացուցած դատին քննարկումը:
Իր շեշտուած հակահայ դիրքով եւ ատելութեան խօսքի տարածումով յայտնի նշեալ փաստաբանը Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ համայնքային ու մօտաւորապէս 30 այլ կառոյցներու դէմ անհիմն ամբաստանութիւններ կատարած է՝ պահանջելով մօտաւորապէս 7.5 միլիոն տոլարի «վնասուց հատուցում»:
Ներկայացուած բոլոր դիմումները ատեանին կողմէ մերժուեցան: