20 Ապրիլին, Սիւնիքի Խնածախ եւ Խոզնավար գիւղերուն բնակիչները լարուած գիշեր մը ապրեցան: Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց Խոզնավարի ուղղութեամբ ատրպէյճանցիներուն բացած կրակին եւ անոր պատճառով գիւղի տանիքներէն մէկուն վրայ տեղադրուած արեւային ջրատաքացուցիչի վնասուելուն մասին՝ հրապարակելով նաեւ լուսանկարներ, որոնց մէջ արձակուած պարկուճը կ՛երեւի:
Դրացի Խնածախ գիւղի բնակիչները եւս ահազանգեցին՝ պնդելով, որ արդէն մէկ ամիսէ ի վեր շարունակուող կրակոցները 20 Ապրիլի գիշերը աւելի շատցած են՝ ստեղծելով այն տպաւորութիւնը, որ պատերազմ կը սկսի: «Վախենում են երեխաները, մեծերն էլ են վախենում: Այնքան յաճախ են կրակոցներ լսւում, որ արդէն ձայներից ենք կռահում՝ կարծես տարբեր զինատեսակներ են կիրառւում»:
Այլ բնակիչ մը վկայեց, որ ոչ միայն օդը կը կրակեն, այլ նաեւ գիւղին ուղղութեամբ, առաւել քան մէկ ամիսէ ի վեր ամէն գիշեր՝ երեկոյեան ժամը 10:20էն մինչեւ առաւօտ:
Ասոր զուգահեռ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ատրպէյճանական կողմի՝ իրենց դիրքերը թիրախ դարձնելու մասին յայտարարութիւնները կը հերքէր, իւրաքանչիւր այդպիսի գրութեան մէջ կրկնելով հրադադարի դրութեան խախտման դէպքերուն հետաքննութեան միացեալ գործիքակազմեր յառաջացնելու՝ Երեւանի առաջարկը:
21 Ապրիլին նախարարութիւնը այս բնակավայրերուն ուղղութեամբ ուղղակի կրակի մասին իր երրորդ յայտարարութիւնը տարածեց:
Խնածախցիները նկատել տուին, որ ատրպէյճանցիները կը կրակեն նաեւ այն ատեն, երբ գիշերը գիւղին մէջ շարժում ըլլայ, օրինակ՝ երբ լոյս վառի: Բնակիչները կը պատմեն, որ ստիպուած՝ երեկոյեան 10էն ետք տունէն դուրս չեն ելլեր, լոյս չեն վառեր: Անոնք կ՛ահազանգեն, որ եթէ այսպէս շարունակուի, գիւղը պիտի դատարկուի: Շարունակուող կրակոցներէն կը տուժեն նաեւ բնակիչներու ապրուստի հիմնական միջոցը՝ գիւղատնտեսութիւնը. փոքր ծաւալով կ՛աշխատին:
Մինչ այդ, օրեր առաջ՝ ցերեկային ժամերուն, երբ գնդացիրները սովորաբար լուռ են, Խնածախ եւ Խոզնավար այցելեցին իշխանական պատգամաւորներ Արսէն Թորոսեան եւ Դանիէլ Դանիէլեան, իսկ այցելութեան մասին ընկերային ցանցերու վրայ տեսանիւթ հրապարակեց Թորոսեան՝ գրելով. «Շփուեցինք մեր բնակիչների հետ, ծանօթացանք իրականացուող ծրագրերին»:
Զուարթ երաժշտութեամբ մէկուկէս վայրկեան տեւող տեսանիւթին մէջ Թորոսեան կը պատմէ Խնածախին մէջ կառուցուող նոր դպրոցին, ջրագիծերուն եւ այլնի մասին, եւ միայն աւարտին Դանիէլեան կ՛անդրադառնայ կրակոցներուն. «Գիւղի բնակիչների հետ խօսեցինք նաեւ անվտանգային հարցերի շուրջ, եւ անկախ նրանից, որ ադրբեջանական կողմից հնչում են կրակոցներ, եւ երկու անգամ դէպք է եղել, որ թիրախաւորուել է քաղաքացիական շինութիւն, գիւղի բնակիչների մօտ դուխները բարձր է»:
Հոլովակին մէջ Թորոսեան կ՛ըսէ, թէ բնակիչներուն հետ զրուցած է, թէեւ տեսանիւթին մէջ քանի մը տղամարդեր կ՛երեւին: Խնածախցի կիները «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին պնդեցին, որ իրենք պատգամաւորներ չեն տեսած: