Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ նոր ատրպէյճանցիներ կը յայտնուին` «վնասներ կրող«ի, «վկայ«ի եւ «զոհ»ի իրաւայաջորդի դերերու մէջ։ Շուշիի մէջ զինուոր եղած Ալեքպերով, Շուշիի մէջ ծնած եւ Էջմիածինի մէջ ծառայած Զէյնալով ու բազմաթիւ այլ ատրպէյճանցիներ, որոնք կը յայտարարեն, թէ լաւ կը ճանչնան Պաքուի դատարանին առջեւ ծանր մեղադրանքներով կանգնած հայ գերիները` Արցախի նախկին պաշտօնատարներէն մինչեւ հարազատ գիւղէն փախչիլ չյաջողած եւ գերի տարուած խաղաղ բնակիչները:
Նախօրէին, դատական նիստին ընթացքին մանրամասնութիւններ փոխանցեց ատրպէյճանական «Ազերթաճ» լրատուականը. նիստին վերաբերեալ այլ տեղեկատուութիւններ չկան, որովհետեւ Պաքուի դատաւորներէն, մեղադրողներէն, «վնասներ ստացողներ»էն եւ հայ գերիներէն բացի այդ նիստերուն ոեւէ մէկը եւ որեւէ իրաւապաշտպան կառոյց կամ անկախ լրատուամիջոց չի կրնար հետեւիլ:
Ըստ «Ազերթաճ»ի` դատարանին մէջ քննարկուեցան 90ականներուն, Շուշիի գրաւումին նախորդած իրադարձութիւնները: Մեղադրողը ներկայացուց փաստաթուղթ մը, ըստ որուն, 28 Յունուար 1992ին, հայերը Աղտամէն Շուշի ուղեւորուող ուղղաթիռ մը կործանած են: Մինչ այդ ինչեր եղած են, հռետորական հարց ուղղած է Շուշիի նախկին քաղաքապետ Արծուիկ Սարգսեան, որ այդ օրերու ականատես է:
«Յիշում եմ` երբ մեր զոհուածներին էին յուղարկաւորում Ստեփանակերտում, քանի որ Քարինտակում հնարաւոր չէր, 24ժամեայ կրակոցներ էին, լեռնաշղթայից կրակում էին գիւղի վրայ: Էդ օրը, երբ կին կար զոհուած, երեխայ կար զոհուած, հէնց դրա պատասխանն ա եղել, որ ամսի 28ի յուղարկաւորման ժամանակ, իրենց ուղղաթիռը մերոնք խփել են», ըստ Արծուիկ Սարգսեանի` անիկա մեղմ պատասխանն էր այն բոլորին, որոնք պարբերաբար տեղի կ՛ունենային նախորդող ամիսներուն` Ստեփանակերտէն Քարինտակ ուղեւորուող «կամազում կոլոխոզի աշխատողներն էին յարձակման ենթարկւում: Հացի, ծխախոտի հերթ կանգնած մարդկանց վրայ արկեր էին ընկնում», պատմեց Սարգսեան։
«Ազերթաճ»ը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ ջարդեր տեղի ունեցան Շուշիին յարակից Մալիպէյլի եւ Ղուշչուլար գիւղերուն մէջ:
«Էդտեղ բնակիչներ չեն եղել, ֆերմաներ (ագարակներ) են եղել, կարելի է ասել, չոպաններ են եղել, էդտեղ հնարաւոր չի եղել, որ ինչ-որ կոտորած լիներ», ըսաւ Սարգսեան:
Ըստ դատարան եկած ատրպէյճանցիի մը՝ հայերը ատրպէյճանաբնակ գիւղերու ջրատարները եւ ելեկտրագիծերը կը պայթեցնէին: «Իսկ հայաբնակ գիւղերում ոչ էլ հոսանք կար, միայն թունաւորուած ջուր էր», յիշեցուց Սարգսեան:
Էլխան Ալեքպերով դատարանին մէջ պատմեց, թէ հայերը Շուշին գրաւեցին ու խաղաղ բնակիչներուն համար միջանցք չբացին, եւ Ֆիրուզա անունով ատրպէյճանցի մը սիրտի կաթուածէ մահացաւ: «Սուտ է, խաղաղ բնակիչները հեռացել են` տեղափոխելով նաեւ իրենց գոյքը», հակադարձեց Սարգսեան:
Դատարանին մէջ Սահիպ Սարիեւ անունով շուշեցի ականատես մը պնդեց, որ Արցախի նախկին նախագահներ Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը լաւ կը ճանչնայ, իրեն վրայ յարձակած են քարերով, փայտերով եւ երկաթի կտորներով:
«Սարքած գործ». Պաքուի լրատուամիջոցին տարածած այս ամբողջ պատմութիւնը այսպէս որակեց Շուշիի նախկին քաղաքապետը:
Ըստ Սարգսեանի՝ Պաքու կ՛ուզէ հայ գերիները` Արցախի նախկին նախագահներէն մինչեւ մոլորած գիւղացիներ, ահաբեկիչներ ներկայացնել: