Հայաստանի քաղաքական վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ սրտցաւ նամակ մը ուղարկած էինք «Ասպարէզ»ին, որ տպուեցաւ Հինգշաբթի, 13 Մարտ թիւին մէջ: Նամակը ուղղուած էր իր կրքոտ ելոյթներով ու ռեւանշիստական քաղաքականութեամբ երկիրը ապակայունացող առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին։
Նկատի ունենալով ամէն հայրենասէր մարդու սիրտը խոցող հայրենի քաղաքական սրած մթնոլորտը, հեռաձայնային թեր ու դէմ կարծիքներ լսեցինք մեր գրութեամբ շօշափուած հարցերու առնչութեամբ։
Վարժուած պէտք է ըլլանք յատկապէս քննադատական կարծիքներ լսելու։ Թեր ու դէմ կարծիք յայտնելը ինքնին առողջ մօտեցում մըն է, զոր պէտք է աւելի եւս քաջալերուի հայ մամուլին պատասխանատուներու կողմէ։ Որովհետեւ հոն արծարծուող անկեղծ տեսակէտները մեր ժողովուրդին համար ընկերա-քաղաքական լուրջ նշանակութիւն ունին։
Բարեկամ գրող մը, որ նախկին նախագահին հանդէպ անչափ համակրանք ունի, հարց տուաւ, թէ «ինչո՞ւ կ’ատէինք Տէր Պետրոսեանը…»:
Արդեօք հա՞րկ է լուսաբանել…
Հանրային մարդը, որ գրողն է, իրաւունք չունի զգացականութեամբ մօտենալու քաղաքականութեան եւ ոչ ալ հոն գործող դերակատարներուն։ Վերլուծող միտքը չի կրնար նախագահական ընտրութիւն մը գեղեցկութեան թագուհիի մրցոյթին հետ շփոթել։ Մեզ «կոյր ատելութեամբ» ամբաստանողները, իրե՛նք կորսնցուցած ըլլալ կը թուին առարկայականութիւնն ու չափի զգացումը, յաճախ վերածուելով ամէն բանականութենէ զուրկ ամբոխի։ Երանի Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրադարձութիւններու պատճառ հանդիսացող կատաղի պայքարները, նախագահական թեկնածու մը կամ կուսակցական ղեկավար մը ատելու կամ սիրելու պարզունակ մօտեցումով լուծուէին։ Երբ հայութեան գոյատեւումը եւ Հայաստանի անկախ պետականութիւնը վտանգուած են, եւ նախագահական պաշտօնին յաւակնողներէն մէկը կամ միւսը պարտուողական քաղաքականութեան հետամուտ է, այլեւս սիրելու եւ ատելու պերճանքը չենք կրնար թոյլատրել մենք մեզի։ Քանի որ այդ «նախկին»ը իտէալականացնելով, քաղաքական անոր չունեցած հանճարը ամէն առիթով մատնանշելով, սահմանազանց այդ սէրը կը խաթարէ մեր յստակատեսութիւնը եւ անաչառ մտածող հայ մտաւորականի առարկայականութիւնը, յաճախ չտեսնելու տալով ցայտուն իրականութիւնը։ Իբրեւ անկաշառ մտաւորականներ, իրաւունք չունինք «թռչի նէ ալ այծ է…» ձախաւեր փիլիսոփայութեան յամառօրէն կառչելու, թեկնածուի մը պարագային, որ դժբախտաբար օտար աղբիւրներէն կը ստանայ հակահայ իր հրահանգները եւ ընտրապայքարի ֆինանսաւորումը։
Որպէս երկրին առաջին նախագահը, անիկա խորաչափելու էր գալիք արհաւիրքը։ Ոչ ոք իրեն «քարթ պլանշ» եւ իրաւունք տուած է հայութիւնը բաժան-բաժան ընելու։ Մեր ժողովուրդը հանդուրժողական ոգիի ու սիրոյ կը կարօտի, որպէսզի միասնական ուժերով դիմագրաւէ այն թշնամին, որ դարանակալ կը սպասէ Հայաստան աշխարհը կուլ տալու։ Նախկին նախագահի մը վայել վերաբերմունք չէր ղարաբաղցիները թուրք-թաթար-քոչվոր կոչելով, հայրենի ժողովուրդին սիրտը ատելութեամբ լեցնել։ Ասիկա քանիերորդ անգամն է, որ Տէր Պետրոսեան կը մեղանչէ «Մէկ Հայաստան, մէկ Հայութիւն» գաղափարաբանութեան դէմ։
Ընդդիմադիր հայ մամուլը հրճուաքով կը ծանուցանէ, թէ հասկնալի պատճառներով, Տէր Պետրոսեանը քաջալերող գերպետութեան նախագահը դեռ մինչեւ այսօր չէ շնորհաւորած նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգսեանը…
Հարց տո՞ւած էք, թէ ինչո՞ւ…
Որովհետեւ անիկա նախկին նախագահին մէջ գտած ըլլալ կը կարծէր այն հլու հնազանդ ղեկավարը, որ հարիւր տոկոս պիտի կիրարկէր իրէն վստահուած ցուցմունքները։ Բնաւ զարմանալի չէ պարոն Պուշին կեցուածքը, քանի որ դեռ մինչեւ օրս անիկա չընդունեց ստաբանութիւններով Իրաքի պատերազմը սկսելու սխալ իր քաղաքականութեան սնանկութիւնը եւ ոչ ալ Ամերիկայի տնտեսութիւնը քանդած ըլլալու իրողութիւնը։ Անիկա Քոչարեանին եւ Սերժին աչքերուն մէջ շիւղ փնտռելով, հեշտիւ մոռացութեան կու տայ նախագահի պաշտօնը ապօրինի միջոցներով զաւթած ըլլալու գերանիրողութիւնը…
Եւ դեռ, քաղաքական հեռատեսութենէ զուրկ մեր հանճարե՛ղ նախկին նախագահը, ատելավառ իր կեցուածքով գործիք կը դառնայ Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Ատրպէյճանի եւ անոնց դաշնակիցին ձեռքը։ Մենք կը գնահատենք Միացեալ Նահանգներու բարեկամութիւնն ու անոր երկարած օգնութեան ձեռքը։ Այնքան ատեն, որ երկու բարեկամ երկիրներու արժանապատուութիւնն ու անկախ գոյութեան իրաւունքը յարգուին ու զոհ չերթան մեր կռնակին ետեւէն տարուող աշխարհա-քաղաքական ու քարիւղային սակարկութիւններուն…
Մեր կողմէն միամտութիւն պիտի ըլլար ակնկալել, որ տնտեսական օգնութիւններն ու քաղաքական բարեկամակա՛ն կապերը զուտ մարդասիրական մտահոգութիւններէ կը թելադրուին։ Սակայն կ’ակնկալենք, որ մեր մեծ ու փոքր դաշնակիցները յարգեն մեր երկրին գերիշխանութիւնը ու զուր տեղ չհրահրեն արդէն իսկ բորբոքած կիրքերը։ Թող թոյլ տան, որ հայերը իրե՛նք լուծեն իրենց ներքին հարցերը եւ ամէն ընտրութեան ստեպ գլուխ ցցող եւ արդէն դդումի համ ստացած անհաշտ պայքարները։
Յուսանք Տէր Պետրոսեանի կողքին, ներկայ իշխանութիւնները պէտք եղած դասը քաղեցին Մարտ 1ի դժբախտ պատահարներէն։ Լեւոնին հետեւողներուն խոշոր մէկ տոկոսը ներկայ իշխանութիւններէն հիասթափուածներու եւ պարզ հետաքրքիրներու զանգուածն էր։ Նորընտիր նախագահը պէտք է զգայնութիւն ցոյց տայ ժողովուրդին արդար գանգատներուն։ Ինչպէս ֆրանսական առածը կ’ըսէ. «Առանց կրակի ծուխ չ’ելլեր…»: Հակառակ պարագային, մեր ազգին դառնացած լեւոնները պատրաստ են շահարկելու ու քանդիչ ուժի վերածելու անոնց դժգոհանքը։
Երբ Երկուշաբթի յետմիջօրէին այս տողերը կը գրէի, ձեռքս նոր անցաւ «Ասպարէզ»ի շաբաթօրեայ թիւը։ Պահ մը գրելը դադրեցուցի աչք մը նետելու Աբօ Պողիկեանի ստորագրած «Օրը օրին» սիւնակին։
Սոսկացի։
Հայաստանը տնտեսական փլուզման պիտի յաջորդէ տիրող քաղաքական անկայունութիւնը։ Արդէն աշխարհի չորս կողմերէն թուրիսթները սկսած են ոտքերնին քաշել։ Եւ սաստկացող անգործութենէն տուժողը դարձեալ խեղճ ժողովուրդը պիտի ըլլայ։ Ժողովրդային դժգոհութիւնը աւելի պիտի ընդհանրանայ ու արմատանայ եւ արիւնահեղութեան վերածուի։ Այս անգամ ազերին միայն քանի մը հարիւր մեթրով պիտի չխախտէ ղարաբաղեան հողատարածքները…
Դաւադրութիւն կը սարքուի հայ ժողովուրդի գլխուն… Իրականութիւններ կան, զորս կարելի չէ սեւով ճերմակի վրայ գրել։ Կարեւորը այն չէ, թէ որտեղի ծնունդ է մեր նոր նախագահը, սփիւռքեան թէ ղարաբաղեան։ Կարեւորը բռնցքուելով Հայաստանի ֆիզիքական գոյութիւնը պահպանելն է, կարեւորը՝ հայ ժողովուրդին արժանավայել կեանք ապահովելն է։ Պահը զգաստութիւն կը պահանջէ։ Եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը իսկապէս այն հայրենասէրն է, զոր կը յաւակնի ըլլալ, թող որ եղբայրական ձեռք երկարէ նորընտիր նախագահին եւ շնորհաւորէ զայն այնպէս, ինչպէս քաղաքակիրթ հասարակութիւններու մօտ ընդունուած է։ Եւ ընդառաջելով Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին, իր մասնակցութիւնը բերէ կառավարութեան կազմին եւ հայրենասէր միւս կուսակցութիւններու կողքին փորձէ ներսէն բարեփոխել իշխանութիւնները։ Հայ ժողովուրդը պառակտելու փոխարէն գործակցութեամբ ու համախոհութեամբ պիտի լուծենք անոր առօրեայ հոգսերը…
Սուրբ Աւետարանի սիրոյ պատգամը իրական կեանքի մէջ ալ պիտի կիրարկենք։
«Ո՞ր հայրը իր զաւկին հացի տեղ քար կու տայ…»։ Ատելութեամբ կարելի չէ երկիր կառուցել։ Երկխօսութեամբ ու հանդուրժողական ոգիով՝ գուցէ՛…