Քանի մը օր առաջ, երբ աշխարհը կը «տօնէր» Իրաքի վրայ ամերիկեան )ու դաշնակիցներու( յարձակումին հինգերորդ տարեդարձը, ձայնասփիւռէն՝ լուրերու մեկնաբան մը հետեւեալ «աւետիսը» տուաւ. Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պատերազմ կը մղէ առանց քաղաքացիներու շահատուրքերը բարձրացնելու…
Երկու օր ետք, պատկերասփիւռի լուրերու մեկնաբան մը գրեթէ նոյն բառերով աւետեց. Պատերազմ կը մղենք առանց շահատուրքերու բարձրացման։
Հը՜մմմ. ուշագրաւ զուգադիպութի՞ւն, թէ՞ անուղղակի քարոզչութեան նոյն աղբիւրէն ջուր խմող մեկնաբաններ…։
Նաեւ մտածում մը. պէ՞տք է տրուած լուրերն ու կատարուած մեկնաբանութիւնները կուլ տալ հալած իւղի պէս, թէ երբեմն պէտք է հարցադրող ըլլալ։ )օրինակ, հարց տալ, թէ առանց շահատուրք բարձրացնելու, կառավարութիւնը ինչպէ՞ս կ՚ելլէ այսքան ծախսի տակէն։
… Վերջին ամիսներուն, տանս ճամբուն վրայ գտնուող )վստահաբար նաեւ ամէն տեղ( վառելանիւթի կայանին ցուցատախտակը ամենայն հետեւողականութեամբ 2, 5, 10 սենթի բարձրացում «կ՚աւետէ» ամէն օր։ Սակագիներու ցուցատախտակը զիս յուսախաբ չ՚ըներ եւ յաճախ բարձրացում «կ՚աւետէ» թէ՛ առաւօտուն, թէ՛ երեկոյեան։ Նման բարի սովորութիւն մը որդեգրած են նաեւ սննդեղէնի վաճառորդները, ջուրի ու ելեքտրականութեան ընկերութիւնները, մինչեւ իսկ… աղբահաւաքները։ Իսկ ո՞վ հաշուի կ՚առնէ դրամին գնողական արժէքին անկումը։
Այս բոլորին գիտակից կառավարական իշխանութիւնները կրնա՞ն հոգածու չըլլալ ժողովուրդին նկատմամբ. այս պայմաններուն մէջ անխիղճ պէտք է ըլլալ շահատուրքերը բարձրացնելու համար։ Ի վերջոյ, լինքընեան իմաստութեան մէկ բաժինն ալ «… for the people» է, չէ՞։
Կարճ-կտրուկ. պատերազմը չի մղուիր ժողովուրդին հաշւոյն, որովհետեւ շահատուրքերը չեն բարձրացած։ Իսկ «շահատուրք» բառը բանլի բառ է, կարողութիւն ունի ծածկելու կամ հակակշռելու ամէն տեսակի խաղքութիւն, որոնց շարքին հազարաւոր զոհերը, նիւթական հսկայական կորուստները, Իրաքի քար ու քանդ ըլլալն ու ժողովուրդին թշուառացումը։ Ի՜նչ փոյթ. կարեւորը՝ շահատուրքերուն չբարձրանալն է. անուղղակի կողոպուտն իսկ ընդունելի է, եթէ շահատուրքերը չեն բարձրանար։
Բայց… հետաքրքրական է. ուրեմն ո՞վ է պատերազմին գինը վճարողը։