Հայաստանի սահմաններէն ներս թէ դուրս, հայկական իրականութեան մէջ գործող քաղաքական որեւէ ուժ, որեւէ խմբաւորում եթէ այսպիսի գնահատականով չսկսի իր խօսքն ու վերլուծումը Մարտ 1ի տխուր իրադարձութիւններու վերաբերեալ, ապա այդ ուժը կամ խմբաւորումը դատապարտուած է դառնալ լուսանցքային ներկայութիւն մը, անիմաստ ու աննշան գոյութիւն մը քարշ տալով քաղաքական բեմի վրայ։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, երկրի նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգսեան Հինգշաբթի օր, նախարարական խորհուրդի հերթական նիստի ընթացքին տուաւ այս գնահատականը, պետութեան կողմէ վերցնելով պատասխանատուութեան իր բաժինը թափուած արիւնին, ազգային անհեթեթ այս ողբերգութեան։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւս, քիչ մը աւելի կանուխ, տուաւ այս գնահատականը, յայտարարելով, որ «կատարուածը մեր ընդհանուր ողբերգութիւնն ու ամօթն է» ու պատրաստակամութիւն յայտնելով իր բաժինը բերել առճակատումը թուլացնելու ու երկխօսութեան մթնոլորտ ստեղծելու ճիգերուն։
Այսօրուայ դրութեամբ արմատական ընդդիմութիւնը, Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գլխաւորութեամբ, յոյսով ենք պարզապէս դէպքերու ահագնութեան անմիջական ազդեցութեան տակ, տակաւին նման գնահատական տալէ կը խուսափի, բաւարարուելով երկխօսութեան անորոշ ձեւակերպումի մը հրապարակումով։
Մեղաւոր ենք բոլորս։ Մեղաւոր ենք թափուած անմեղ արեան համար, մեղաւոր ենք մեր երկրին ու պետականութեան հասցուած նիւթական, բարոյական ու քաղաքական վնասին համար, մեղաւոր ենք, որ թէկուզ կարճ պահու մը, մեր թշնամիին մօտ յառաջացուցինք պառակտուած ազգ մը ըլլալու կասկածը, որմէ ան թեւ առնելով համարձակեցաւ բռնաբարել մեր սրբազան հողը։
Արցախեան ազատամարտի առաջին շրջանին, երբ տակաւին կամաւորական ջոկատներն էին ճակատները պաշտպանողները, ազգովին զգացինք պառակտուածութեան վատ հետեւանքները, երբ իրար հանդէպ անվստահութեամբ ու կասկածով լեցուած տարբեր կուսակցական պատկանելութիւն ունեցող ջոկատները բարոյալքուեցան ու չկրցան լաւագոյնս կատարել իրենց սրբազան պարտականութիւնը, անիմաստ զոհեր տալով ու նոյնիսկ հող կորսնցնելով։
Յաղթահարեցինք մեր հաւաքական կամքը կրծող այդ անվստահութիւնը, ընդունեցինք այդ վիճակը ստեղծելու պատասխանատուութեան մեր բաժինը եւ վերստին նետուեցանք մարտի, այս անգամ դառնալով անպարտելի։
Նոյնը քաղաքական ճակատի վրայ։ Անկախութեան առաջին շրջանին, իբրեւ արմատական ընդդիմութեան դրօշակակիր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը երբեք չենթարկուեցաւ կոյր ատելութեան մոլուցքին, ու ամէնէն դաժան հալածանքներու պահուն իսկ պահեց իր զգօնութիւնը, կառչեցաւ ազգային առաջնահերթութիւններու պարտադրանքին ականջալուր մնալու պարտաւորութեան եւ խուսափեցաւ երկիրն ու պետութիւնը անկայունացնող, Հայաստան պետութեան միջազգային վարկին վնաս բերող որեւէ քայլէ, որեւէ գործողութենէ։
Յաղթահարեցինք այդ վիճակն ալ։ Փոխուեցաւ երկիրը, դարձաւ աւելի հանդուրժող, աւելի քաղաքակիրթ, մինչեւ այս վերջին ընտրութիւնները, երբ կարծես վերստին ժամանակի անիւը դէպի ետ սկսաւ թաւալիլ, դարձեալ լսեցինք նոյն անհանդուրժողութեան կոչերը, նոյն սպանիչ վերագրումները, երբ ազգի զաւակներէն խումբ մը, միւսներուն կը նայի իբրեւ դաւաճաններ եւ իբրեւ այդպիսին ալ քայլեր կը ձեռնարկէ անոնց դէմ, սուր ու, ցաւօք, նաեւ արիւնալի ճակատումներու տանելով ժողովուրդը։
Անշուշտ, մենք հեռու ենք մեղքի ընդունումով բաւարարուելու միամտութենէն։ Մեղքը ընդունողները նաեւ պարտաւոր են տէր կանգնելու իրենց պատասխանատուութեան։
Առաջին հերթին, իշխանութիւններու ներկայացուցիչները եւ ամէնէն առաջ ինքը՝ Հայաստանի նորընտիր նախագահը, պարտաւոր է այսուհետեւ քաղաքական իր իւրաքանչիւր քայլը կատարել այնպիսի հաշուենկատութեամբ, այնպիսի զգայնութեամբ, որ միայն վստահութիւն ու հաւատք պէտք է ներշնչէ ժողովրդային լայնագոյն զանգուածներուն։
Նաեւ, պետութեան կառավարման գլուխ կանգնած իր իւրաքանչիւր օրը երկրի ղեկավարի համար պիտի ըլլայ լի սեփական ժողովուրդի բարօրութեան համար ճիգով, աշխատանքով ու եռանդով։ Այս ճիգը, աշխատանքը եւ եռանդը շօշափելի, զգալի, տեսանելի պիտի ըլլայ Հայաստանի ամէնէն թշուառ խաւին համար, Հայաստանի աղքատ, միջին ու հարուստ խաւին համար, բոլորին համար։
Ու ամէնէն կարեւորը, արդարութիւնը հաւասարապէս բոլորին համար երաշխաւորելու գերագոյն պարտաւորութիւնը երկրի ղեկավարի ուխտն ու գործը պիտի ըլլայ, ամէն օր, ամէն վայրկեան։
Եթէ այս ամէն չընէ մեր նախագահը, կը կորսնցնէ ինքը, իր տակաւ տժգունող օրինականութեամբ, կը կորսնցնէ պետութիւնը, իր վարկով ու հեղինակութեամբ, կը կորսնցնէ ժողովուրդը, իր բարոյալքումով, իր յուսահատութեամբ։
Ժողովուրդի բողոքի իրաւունքը անբռնաբարելի է։ Ոչ ոք, ոչ մէկ իշխանաւոր իրաւունք ունի արհամարհել սեփական ժողովուրդի որեւէ հատուածի պահանջները, բողոքներն ու մանաւանդ ընդվզումը։ Պարզ է, որ ժողովուրդի այս կամ այն հատուածի ինքնարտայայտման օրինական ճամբաները փակելու ամէն քայլ անպայմանօրէն իր վատ հետեւանքները կ’ունենայ, իսկ ժողովուրդի այս կամ այն հատուածի բողոքը հունաւորելու պատասխանատուութիւնը վերցուցած քաղաքական գործիչներն ալ պարտաւոր են իրենց քայլերը առնել գիտակցութեամբ, որպէսզի իրենք ալ պահեն իրենց վաւերական արժէքը, իբրեւ իրական այլընտրանք ներկայացնողներ, այլ ոչ թէ կարճատես սկսնակներ, որոնք կրնան նոյնիսկ վտանգաւոր ըլլալ ու արեան հեղեղման պատճառ դառնալ։
Ընդունինք մեր մեղքը բոլորս։ Նոյն սխալը չկրկնելու երաշխիքներ փնտռենք բոլորս, ապագան տակաւին միասնաբար կերտելու յոյսը չսպաննենք՝ ամէնքս։