Վերջին լրատուութիւնը Երեւանէն էր։ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ չ’ուզեր հանդիպիլ Հայաստանի վարչապետ, նորընտիր նախագահ Սերժ Սարգսեանին։
Աւելի կանուխ Ատրպէյճան դիմեց Միացեալ Ազգերու Ընդհանուր ժողովին եւ պնդեց, որ ժողովը, թէկուզ բացարձակ փոքրամասնութեամբ, բանաձեւ մը քուէարկէ՝ ղարաբաղեան խնդրի ատրպեճանական տարբերակով լուծման ի նպաստ։
Այս դիմումի նախօրէին, Ատրպէյճան նամակ ուղարկած էր ԵԱՀԿի քարտուղարութեան՝ «Մինսքի խումբի համանախագահներու յետ կանչման կամ փոփոխման ընթացակարգը ուսումնասիրելու համար», ինչպէս արձանագրած է «Ազգ» օրաթերթը։
Իր այս քայլերով, Ատրպէյճան աստիճան մը եւս կը կարծրացնէ իր դիրքորոշումը Արցախի հարցի հանդէպ, իր ռազմապաշտ յայտարարութիւններուն զուգահեռ դիւանագիտական ճակատն ալ ականապատելով։
Միջազգային հակազդեցութիւնը ատրպեճանական կարծրացման հազիւ թէ համարժէք կրնայ նկատուիլ սպասուող պայթումը կանխելու միտող ակնկալուած ճիգին։
Մինսքի խումբի ամերիկացի նախագահ Մէթիու Պրայզայի ատրպեճանական դիրքորոշումներու գնահատումը բաւական խօսուն արտայայտութիւն է այս կապակցութեամբ։
«Եթէ Ատրպէյճանը որոշած է յառաջ տանիլ բանաձեւ մը, որու վերաբերեալ մենք խորհուրդ տուած ենք, որ չտանի, ապա ատիկա Ատրպէյճանի որոշումն է, եւ մենք կը յարգենք այդ որոշումը։ Վերստին կ’ուզեմ ընդգծել, որ Ատրպէյճանը մեր բարեկամն է եւ ունի ՄԱԿի մէջ իր ուզածը ընելու իրաւունքը։ Մեր տեսակէտը անոնց չկանգնեցուց», յայտնած է Պրայզա ատրպեճանական ԱՊԱ գործակալութեան տուած բացառիկ հարցազրոյցի մէջ։
Յարգելով բարեկամ Ատրպէյճանի գերիշխան կամքը, Պրայզա կը հաստատէ, որ փոխզիջման անպատրաստ ըլլալով, մերժելով նոյնիսկ Ղարաբաղի կարգավիճակի քննարկումը օրակարգի վրայ դնել, կը նշանակէ այդ երկրի ղեկավարութիւնը հիմնականին մէջ անիմաստ կը դարձնէ բանակցութիւններու ամբողջ գաղափարը։
Ուրեմն՝ ինչ։
Ատրպէյճանը մէկ կողմէ պիտի փորձէ հզօրացնել իր ռազմական կարողականութիւնը եւ միւս կողմէ, շրջանցելով ԵՀԱԿի Մինսքի խումբը, պիտի փորձէ ՄԱԿի ծիրէն ներս հետապնդել քաղաքական իր նպատակի իրագործումը՝ անտեսելով փոխզիջման բոլոր տարբերակները անխտիր։
Դիւանագիտական այս փակուղին միայն կրնայ առաջնորդել դիրքաւորման ու ճակատումի՝ պատերազմի դաշտի թէ միջազգային ատեաններու վրայ։
Հայկական կողմին կը մնայ իրեն փոխանցուած այս ատրպեճանական պատգամներուն համարժէք քայլեր առնել։
Նախ՝ բանակցային գործընթացի կտրած երկար ճանապարհը անիմաստ դարձնելու ամբողջ պատասխանատուութիւնը ատրպեճանական ծայրայեղական կեցուածքին արդիւնք ըլլալը պէտք է աշխարհով մէկ շեփորել, այդ աշխատանքին լծելով Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան եւ Սփիւռքի հայ համայնքներու բոլոր հնարաւորութիւնները։
Պէտք է աշխարհը իմանայ, որ միայն ԵՀԱԿի Մինսքի խումբի տարիներու հետեւողական ճիգի արդիւնք էր արիւնալի պատերազմի ուրուականի հեռացումը այս պայթուցիկ տարածաշրջանէն։
Դիւանագիտական կարծրացման հայկական տարբերակը արդէն դրսեւորուեցաւ, երբ արծարծուեցաւ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու եւ փոխադարձ պայմանագրեր ստորագրելու հարցը։
Ճանաչման հետեւանքներէն մէկը, անշուշտ, կրնայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ ուղղակի եւ լայնածաւալ պատերազմի դուռ բանալ, որու հետեւանքները չեն կրնար սահմանափակուիլ երկու հանրապետութիւններու միջեւ սահմանային կռիւներով, այլ անպայման պիտի դառնան շղթայական ազդեցութիւններու ու հակազդեցութիւններու կծիկը քանդող ազդակ։ Բայց եւ այնպէս, Ատրպէյճանն է, որ կը փակէ խաղաղութիւնը պահպանելու բոլոր ճանապարհները։
Անշուշտ, ատրպեճանական այս ջղաձգումները յառաջիկայ իրենց նախագահական ընտրութիւններուն ժողովրդային յուզումները ուղղորդելու անմիջական նպատակը կրնան հետապնդել միայն, որ ինքնին հասկնալի կրնայ թուիլ ժամանակի այս պարունակին մէջ, սակայն, նոյնիսկ այդ պարագային, պէտք չէ ձեռնածալ մնալ ու սպասել, որ այս ալիքն ալ անցնի ու Ատրպէյճան վերագտնէ իր դատողութիւնը ու վերադառնայ բանակցութեան սեղան։
Ամէն այսպիսի զառանցանք, ատրպեճանական ամէն յոխորտանք, իր ստեղծած մթնոլորտով, ատրպէյճանցի ժողովրդային խաւերու ներաշխարհին, մտքին, գիտակցութեան մէջ կը դնէ կնիքը ապագայ խաղաղ լուծումի անկարելիութեան՝ խեղելով իր իսկ նոր սերունդի հոգին։
Հայաստանը պատրաստ է զոհաբերութեան իր բաժինը բերելու՝ յանուն այդ տարածաշրջանին մէջ ապագան փոխադարձ վստահութեան, փոխշահաւէտ հարեւանութեան վրայ հիմնելու սկզբունքին։
Այդ սկզբունքը իրական դարձնելու համար զոհողութիւն պէտք է ընէ նաեւ Ատրպէյճանը, յանուն իր ապագային, յանուն առողջ նոր սերունդ հասցնելու գաղափարին։