«Ասպարէզ».- Ս.Դ. Գրիգորեանի յօդուածը գրուած է Հայաստանի Մարտ 1ի ծանօթ դէպքերէն ընդամէնը մէկ օր առաջ: Հեղինակը կ’ահազանգէ պատահելիքը: Դժբախտաբար, այդ ահազանգը եւ նման բազմաթիւ կոչեր անարձագանգ մնացին, եւ Հայաստանի մէջ անգամ մը եւս հայու արիւն հեղուեցաւ… Կը բաժնենք յօդուածագրին մտահոգութիւնները եւ իր շահեկանութեան համար կը յանձնենք մեր ընթերցողներու ուշադրութեան:
Անցեալ ամիսներուն, երբ Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անունը սկսաւ լսուիլ հայրենի լրատուական գործակալութիւններու հաղորդած լուրերէն իբրեւ թեկնածու 2008ի նախագահական ընտրութիւններուն, քանի մը առիթով, Ամերիկա, Քանատա թէ այլ երկիրներ գաղթած հայաստանցի կարգ մը ընտանիքներու հետ այս մէկը դարձաւ խօսակցութեան, երբեմն նոյնիսկ հեռաձայնով վիճաբանութեան նիւթ շատ-շատերուս հետ։ Տարբեր տարիքի, իրարու բնաւ չճանչցող նախկին հայաստանաբնակներ զարմանալիօրէն կը կրկնէին նոյն համոզումը, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեան պէտք է դարձեա՛լ բարձրանայ Հայաստանի նախագահութեան աթոռին։ Եւ կու տային գրեթէ միեւնոյն պատճառաբանութիւնը.
– Հայաստանին պէտք չի ո՛չ Ղարաբաղը, ոչ էլ նրա ժողովուրդը. հերի՛ք եղաւ սրանց արածը. թո՛ղ գնան իրենց գործին, Հայաստանը թողնեն հայաստանցուն… էգուց Լեւոնը որ նախագահ դառնայ, անպայման իրանց տեղերը կը նստացնի սրանց… լա՛ւ էլ կ’անի… զաթի ճիշդն էլ դա՛ ա…
Կամ՝
– Մեզ պէտք չի ղարաբաղցի նախագահ, Հայաստանում իրանցից խելօք մարդ չկա՞յ, որ իրանք պիտի կառավարեն մեզ՝ ոտից գլուխ, մէկ էլ մեր երեխէքը տանեն բանակ, որ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմի գնան… ալան-թալան արին մեր երկիրը էսքան տարի եւ մեզ գցեցին էս օրը… Լեւոնը որ գայ, սաղին դուրս կը շպրտի, այն ժամանակ Հայաստանը վերստին Հայաստան կը լինի…
Եւ նոյն տիպի բազո՜ւմ արտայայտութիւններ։
***
Նորանկախ Հայաստանի առաջին նախագահի օրերուն հայրենիքի մէջ արմատաւորուիլ սկսած այս թիւր ըմբռնումը դժբախտաբար մինչեւ այսօր կը շարունակուի Հայաստանի մէջ եւ անկէ դուրս։ Այս օրերուն, երբ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ ծայր առած նստացոյցերուն կը մասնակցին բազմահազար քաղաքացիներ Երեւանի մէջ, իսկ տարբեր երկիրներ ապաստանած կարգ մը նախկին հայաստանաբնակներ այս նստացոյցերուն իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն «սիրտ պաղեցնել»ու պէս, մեզի կը մնայ ոչ միայն զարմանալ տեղի ունեցածին դիմաց, այլեւ լրջօրէն մտահոգուիլ հայրենիքի եւ հայութեան ճակատագրով։
Քաղաքական անկայունութիւն եւ երկրին մէջ անկարգութիւն ստեղծելու հիմնական նպատակներով ճամբայ ելած նախկին նախագահը այսօր եւս նոյն թոյնով կը վարակէ ամբողջ երկիր մը. նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքները չընդունելու իր անկասելի մոլուցքին մէջ ան դարձեալ կը հրահրէ ամբոխային նոյն տրամադրութիւնը. Ղարաբաղը տեսնել իբրեւ պառակտիչ ազդակ՝ Հայաստանի ժողովուրդին գոյութիւնը վտանգող, երկրին տնտեսութիւնը քայքայող, կաշառակերութիւնը հիմնաւորող, անցեալի՝ մութի ու անօթութեան, արտագաղթի տարիներուն գլխաւոր պատճառը հանդիսացող. «Ղարաբաղի հարցն ու ղարաբաղցիները. ահա թէ ո՛ւր է թաղուած շան գլուխը», անուղղակիօրէն այս է, որ ըսել կ’ուզէ առաջին նախագահը իրեն աջակից ամբոխին, որ տակաւին չ’ուզեր աչքերը բանալ եւ տեսնել իրականութիւնը, այլ ամբոխի տրամաբանութեամբ կը շարունակէ տուրք տալ անազատ մարդու այն կերպարին, որ նստած է մէջը՝ տակաւին Խորհրդային Հայաստանի օրերէն ի վեր…
Երբ մարդկային սովորական կեանքին մէջ չենք գիտեր պահել մեր ձեռքին մէջ եղածը, ինքնաբերաբար կը դրուինք զայն կորսնցնելու վտանգին դիմաց։ Նոյնն է պարագան նաեւ ազգերու կեանքին մէջ։ Այն հաւաքականութիւնը, որ չի տեսներ, չ’զգար, այլեւ չի կրնար գնահատել իր յաջողութիւնները, յաղթանակներն ու արեամբ ձեռք բերուածը, երբեք չի կրնար արժանի ըլլալ անոնց։ Չի կրնար պահել զանոնք իբրեւ ի՛րը։
Լեռնային Ղարաբաղի հարցն ալ չի տարբերիր կեանքի այս ամենապարզ հասկացութենէն, օրէնքէ՛ն։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին համախոհները կ’ըմբռնե՞ն արդեօք այս պարզ ճշմարտութիւնը. եւ արդեօք այսքան շո՞ւտ մոռցան այն, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու տակ ան ստիպուեցաւ հրաժարիլ նախագահական պաշտօնէն, երբ մահու-կենաց պայքարի մէջ էին յայտնուած Ղարաբաղն ու ղարաբաղցին, տակաւին 1998 թուականին։
Որ՝ զեղծարարութիւն, կաշառակերութեան դէպքեր, բռնի քուէարկութիւն պատահեցա՛ն օրեր առաջ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, ոչ ոք կը ժխտէ այդ, իբրեւ համատարած երեւոյթ՝ Հայաստանի բոլոր շրջաններուն մէջ։ Քուէարկութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած խախտումներուն մասին մինչեւ օրս արդէն բազմիցս յայտարարուեցաւ եւ տակաւին կը շարունակուին բացայայտուիլ ծալքեր եւ դէմքեր այդ ուղղութեամբ՝ հայրենի մամուլի տարբեր լրագրողներու ճամբով։ Իրականութիւն մը, որ դատապարտելի է ողջախոհութեամբ առաջնորդուող իւրաքանչիւր հայ մարդու կողմէ եւ սպասելի է, որ զեղծարարութիւն կիրարկողները ստանան իրենց արժանի պատիժը, նոյնիսկ եթէ անոնք ըլլան պետական այրեր, բարձրադիր պաշտօնեաներ։
Մէկ բան անընդունելի է սակայն. այն, որ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի «հաւատացող» զանգուածը նստացոյցերու մասնակցելով, հրապարակներու մէջ անկարգութիւններ կատարելով եւ Ղարաբաղն ու ղարաբաղցին անընդունելի տարր նկատելով չի կրնար արդարութիւն հաստատել երկրի մը մէջ, ուր յստակօրէն փորձ կը կատարուի շարունակել Ղարաբաղն ու ղարաբաղցին պառակտիչ ազդակ նկատելու ազգավնաս ծանօթ քաղաքականութիւնը։
Մօտիկ անցեալին, Հայաստանի առաջին նախագահի օրերուն, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու դաշնակցականներն էին հալածանքի առարկայ. յետոյ՝ Ղարաբաղն ու ղարաբաղցին դրուեցան ամբաստանեալի նոյն աթոռին, երբ Լեւոնն ու իր ՀՀՇական կուսակիցները Ղարաբաղեան հարցէն ուզեցին միանգամընդմիշտ «ձերբազատիլ»։ Հիմա՝ մաքրամաքուր ու արդարամիտի քղամիդ հագած, նոյն այս նախագահը նստացոյցեր կը կազմակերպէ տիւ ու գիշեր, տասնամեայ իր մեկուսացման մէջ որոճացած ազգաքանդ ծրագիրները անյապաղ իրականացնելու նպատակով, որպէսզի հիմէն դարձեալ ցնցէ այն, ինչ որ կը կոչուի ազգային միասնութիւն, ազգային արժանապատուութիւն, ազգային յաղթանակ, Ղարաբաղեան հարց եւ Սփիւռք-Հայաստան…
***
Հայաստանի ներազգային կեանքի ելեւէջներուն հետեւող իւրաքանչիւր հայորդի այսօր ցաւ ու ամօթ կը զգայ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի՝ մեր ազգային պատմութեան մէջ խաղացած այնքան եպերելի դերին առիթով, աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ գտնուի ան։ Դեր մը, որ ներկայիս թէեւ կը սահմանափակուի երկրին մէջ քաղաքական կեանքը բեւեռացնելու երեւելի խաղարկութեամբ, սակայն անոր ետին գտնուող նպատակները աւելին են, քան այդ բազմահազար համախոհներուն կարծածը, ակնկալածը, հաւատացածը։ Հո՛ս է նաեւ վտանգը. իսկ այդ վտանգին առաջին գիծին վրայ կը գտնուին Ղարաբաղն ու ղարաբաղցին, որոնք տէր պետրոսեանական ծանօթ քաղաքական վարքագիծի մը անմիջական զոհերն են, իբրեւ Հայաստանի պառակտիչ տարրեր։
Իրականութեան մէջ, սակայն, հայոց վերջին տասնամեակներու պատմութեան մէջ արձանագրուած ազգային հպարտութիւն ներշնչող եւ յաղթանակի բերկրանքով մեր սրտերը լեցնող պատուաբեր թերեւս միակ էջն են Լեռնային Ղարաբաղն ու հոն ապրող այն բուռ մը ժողովուրդը, որոնց միակ ապաւէնը, սնունդի ճամբան եւ միջազգային ճանաչողութեան կռուանը Հայաստանն է ցարդ. իսկ Հայաստանի մէջ անկարգութիւն կիրարկող ամբոխը, թէեւ ընտրութիւններու ընթացքին պատահած զեղծարարութիւններուն դէմ է, որ կը կարծէ, թէ «կ’ընդվզի», դժբախտաբար, սակայն, իր այս արարքով աւելի եւս կը խորացնէ հայաստանցի զանգուածի մը մէջ տիրող այն մտայնութիւնը, թէ Ղարաբաղն ու ղարաբաղցին են իրենց ընկերային անապահով կեանքին պատճառները եւ ազգին պառակտիչ տարրերը։ Ա՛յս է, որ չարաչար դատապարտելի է իբրեւ ազգային մտածողութիւն։
29 Փետրուար, 2008