Փոխադարձ անզիջողութեան տրամաբանութիւնը յանգեցաւ ողբերգութեան։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի հետեւորդներն ու արտակարգ իրավիճակ յայտարարած իշխանութիւնները ատակ չեղան շրջանցելու կացութիւն մը, որ պարզ եւ մեկին ազգային ամօթի համազօր է։ Խորհրդային բոլոր նախկին հանրապետութիւններէն ամէնէն աւելի ժողովրդավար ու մարդկային իրաւունքներն ու խօսքի ազատութիւնը յարգող երկրի վարկը, որ միջազգային մամուլի վկայութեամբ Հայաստան շահած էր անկախութենէն ի վեր, յօդս ցնդեցաւ Մարտի առաջին շաբաթավերջին։ Այդ վարկը Հայաստանի համար գրեթէ ռազմավարական նշանակութիւն ունի. ոչ միայն ուղի կը հարթէ դէպի այնքան ցանկալի եւրոպական համարկում, այլ նաեւ ազդակ էր հայկական դիւանագիտութեան համար ընդհուպ մինչեւ իսկ արցախեան հիմնախնդրի բանակցական գործընթացին մէջ թէկուզ եւ երկրորդական նշանակութեամբ։ Հազիւ թէ կարելի ըլլայ նոյնը ենթադրել Երեւանի փողոցներուն մէջ իրաւական ուժերուն եւ Փետրուար 19ի ընտրութիւններու արդիւնքը չընդունող ցուցարարներուն միջեւ բախումներուն պատճառած ութը զոհերէն ետք։
Դիւրին է, բնականաբար, ամէն ինչ իրար հաւասարեցնել։ Իրողութիւնը այն է, սակայն, որ բախումներուն եւ անոնց մագլցումին պատասխանատուներ կան անպայման։ Ուղղակի թէ անուղղակի։ Կայացած բոլոր ժողովրդավարութիւններուն մէջ նման ծանրակշիռ իրադարձութիւններ կը յանգին բազմակողմանի եւ անաչառ յանձնաժողովի մը առաջացման՝ բացայայտելու համար դէպքերու ընթացքը եւ արդիւնքը յանձնելու դատական գործընթացի, որպէսզի պատասխանատուները համապատասխան միջոցառման ենթարկուին։ Պէ՞տք է յուսալ նման նախանձախնդրութիւն Հայաստանի իշխանութիւններէն։ Ո՞ր քաղաքական ուժը դէպքերու հետազօտման յանձնաժողովի մը առաջացման պահանջ պիտի դնէ Ազգային ժողովի բեմէն, թէկուզ եւ սպասելիօրէն մեծամասնական կուսակցութեան եւ իր հին թէ նոր դաշնակիցներու պատգամաւորները չէզոքացնեն զայն։ Առանց Մարտի առաջին շաբաթավերջի միջադէպերուն եւ անոնց պատասխանատուներու բացայայտումին, Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը դժուար թէ ապաքինի իր ստացած զօրաւոր հարուածէն։
Հակառակ իր ստացած քուէներու 21 տոկոսին, եւ ի հեճուկս բոլոր անոնց, որոնք իր անձին մէջ դեռեւս կը տեսնեն ազգի փրկարար մը, Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ իր մօտիկ գործակիցները բարոյական ոչ մէկ իրաւունք ունէին ընտրութիւններէն ետք այսպէս կոչուած «յեղափոխութեան» զառանցանքներով իրենց հետեւորդները զօրաշարժի մէջ պահելու։ Ի վերջոյ, այս այն քաղաքական ղեկավարն է, որուն օրով եւ որուն ուղղակի առաջնորդութեամբ ծնաւ անկախ Հայաստանի տնտեսա-քաղաքական համակարգը, որ հիմնականին մէջ կը շարունակուի։ Ի վերջոյ, Լեւոն Տէր Պետրոսեանն էր, որ 1996ին նախընթացը ստեղծեց բռնի ուժով ընդդիմութեան ամէն բողոք ճնշելու միջոցառման, երբ իր գլխաւոր մրցակիցը ձայներու 40 տոկոսէն աւելի ստացած էր եւ ընտրութիւնները եղած էին անազատ եւ անարդար։ Այս բոլորը, բնականաբար, իր թեկնածութեան իրաւունքը հարցականի տակ չեն դներ։ Պարզապէս անհեթեթ է իր կողմէ հաստատել, որ յօգուտ իրեն քուէարկած է ընտրողներու 65 տոկոսը եւ ատոր հիման վրայ ինքնիրեն «յեղափոխութեան» ճամբով իշխանափոխութեան իրաւականութիւն վերապահել։ Երեւոյթը բարացուցական է պարզապէս իր եւ իր հետեւորդներուն յուսահատութեան։ Անցնող տասը տարիներու ընթացքին Տէր Պետրոսեան հեռու մնաց քաղաքականութենէն, իսկ իր հիմնած Հայոց համազգային շարժումը այնքան վարկաբեկուեցաւ ու պառակտուեցաւ, որ պարզապէս իրեն համար անհնարին եղաւ ընդդիմութիւն ըլլալ։ Սերժ Սարգսեանի ընտրական յաղթանակը ընդունիլը Տէր Պետրոսեանին եւ իր հետեւորդներուն ոչ մէկ առիթ կու տայ այլընտրանք ըլլալու, առնուազն կարճ ժամանակի մէջ, որովհետեւ ՀՀՇն ներկայացուած իսկ չէ Ազգային ժողովին մէջ, եւ հազիւ թէ կրնայ յուսալ, որ իրեն նեցուկ կանգնած Րաֆֆի Յովհաննէսեանն ու «Ժառանգութիւն»ը այդ դերը խաղան։ Մինչդեռ եթէ Տէր Պետրոսեան յաջողէր նախագահ ըլլալ, հաւանականութիւնը մեծ էր, որ Ազգային ժողովի մէջ պատգամաւորներու կարեւոր տոկոս մը իրեն հետեւէին։ Այնպէս, ինչպէս ժամանակին ՀՀՇէն շատեր կուսակցութիւնը ձգեցին եւ եղան Հանրապետական։ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ իր հետեւորդները, ուրեմն, իրենց վերջին քարտն է, որ կը խաղային եւ իշխանութեան համար պայքարի այս տրամաբանութեան մէջ մագլցումէ բացի այլընտրանք չունէին։
Ազատութեան հրապարակին եւ Երեւանի փողոցներուն մէջ տասնեակ հազարաւոր բողոքողներու հաւաքը յետընտրական օրերուն սակայն Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ժողովրդականութեան մասին չի խօսիր այնքան, որքան իշխանութիւններուն ու համակարգին դէմ առկայ հասարակական խոր դժգոհութեան։ Բազմաթիւ են լրագրողներու եւ ականատեսներու վկայութիւնները, որոնց համաձայն ցուցարարներուն միացողները Լեւոնին հիացողներ չէին միայն։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք կը յայտարարէին, թէ քաջածանօթ են Լեւոնին պատասխանատուութեան, երկրի այս կացութեան համար, ներկայ իշխանութիւններէն իրենց խոր դժգոհութիւնը արտայայտելու այլընտրանք չէին տեսներ, ոչ ալ քաղաքական ուժ մը, որ ականջալուր ըլլար իրենց բողոքին։ Վերջին հաշուով, ընդդիմութեան դիրքերէն ընտրապայքարի իջած «Օրինաց երկիր»ի ղեկավար՝ Արթուր Բաղդասարեան, որ Լեւոնէն ետք ամէնէն աւելի քուէ ստացած թեկնածուն էր, վերադարձաւ իշխանութեան գիրկը եւ ընդունեց նորընտիր նախագահին հրաւէրը։ Վահան Յովնաննիսեանի հրաժարականէն ետք, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր նախարարները դուրս չէր բերած կառավարութենէն, ոչ ալ համագործակցութեան դուռը փակած՝ ընդդիմութիւն ըլլալու մտադրութեամբ։ Այլ խօսքով, նախագահական ընտրութիւնները եկած էին անգամ մը եւս բացայայտելու, թէ քաղաքացիներու դժգոհութեան ականջալուր ընդդիմութիւն անգամ մը եւս պիտի բացառուի։ Բողոքելու առիթը, հետեւաբար, կը ստեղծուէր միայն Լեւոնին անզիջողութեամբ։
Աւելի՛ն, բախումներու ժամանակ արձանագրուած վայրագութիւններն ու վաճառատուներու կողոպուտը ցուցանիշ է հասարակական խոր տագնապի առկայութեան, այնպէս, ինչպէս, օրինակի համար, իրավիճակն է փարիզեան արուարձաններու։ Այսինքն՝ տնտեսական զարգացման ազատ շուկայական այն բնորդը որ Հայաստան որդեգրած է եւ որուն «բարիքներուն» մասին, իմա՝ վերջին հինգ տարիներու աճը, այնքան հպարտօրէն կը խօսին իշխանութիւնները, չէ լուծած, չի կրնար լուծել, հասարակական սուր բեւեռացման խնդիրները, որոնք արդիւնք են հարստութեան էապէս անարդար բաժանման։ Տնտեսական աճի բարիքը կը հասնի այն փոքրամասնութեան, որոնց ներկայացուցիչները, ներառեալ Լեւոնն ու իր հետեւորդներէն շատեր, կրնան իրենք իրենց թոյլ տալ զեխ սպառումի կենսաոճ։ Մինչ այդ, այդ սպառումի կարելիութեան ականատես սակայն իր վերապրումին համար օրը օրին պայքարող մեծամասնութիւնը եւ նոյնիսկ նոր կազմուող զարգացած միջին խաւը հասարակական շարժականութեան ամէն կարելիութիւն իրենց առաջ լուրջ կերպով սահմանափակուած կը տեսնեն։ Ի դէպ, եթէ բախումները միայն քաղաքական հակամարտութեան բնոյթի ըլլային, 2004 Ապրիլի իրադարձութիւններուն նման, վայրագութեան արարքներ եւ առիթը օգտագործելու նախանձախնդրութիւն պիտի բացառուէր։ Անշուշտ, ոչ ինքնաշարժներու հրկիզումը, ոչ ալ վաճառատուներու կողոպուտը կ’արդարացուին այս բոլորով։ Բայց ամէն վերլուծում, որ անտեսէ հայրենի իրականութեան այս խորքային իրողութիւնը, պիտի չկարենայ շրջանցել Լեւոն-Սերժ հակամարտութեան պարզունակութիւնը։
Այս իսկ պատճառով, եթէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանին վարքագիծը բարոյական ամէն իրաւունքէ զուրկ է, ոչինչ կրնայ արդարացնել իշխանութիւններու բիրտ միջամտութիւնը։ Ալ աւելի, երբ բռնի ճնշումները յանգեցան զոհերու։ Հարցական է, թէ ինչո՞ւ, երբ ընտրութիւններու արդիւնքները ընդունուած էին ընդհանրապէս ե՛ւ ազգային, ե՛ւ միջազգային մակարդակներով, երբ Ազգային ժողովի մէջ ներկայացուած քաղաքական ուժերը պատրաստ էին ոչ միայն շնորհաւորելու Սերժ Սարգսեանը, այլեւ Արթուր Բաղդասարեանի օրինակով արդէն իսկ համագործակցութեան մէջ մտած էին, երբ, մանաւանդ, յետընտրական առաջին շաբթուան օրինակելի կեցուածքը կարծես թէ արդէն յստակացուցած էր 1996ի եւ 2008ի տարբերութիւնները, մէկ խօսքով՝ երբ կարելի էր քիչ մը աւելի համբերել եւ, մտաբերելով օրինակի համար Մեքսիքոյի 2006ի ընտրութիւններուն ձայներու գրեթէ 50 տոկոսին տիրացած ընդդիմութեան թեկնածուին նախաձեռնած զօրաշարժի անփառունակ վախճանին փորձը, թոյլ տալ, որ բողոքի զօրաշարժը ինքզինք սպառէր, իշխանութիւնները յանկարծ ահազանգ հնչեցուցին, նախագահ Քոչարեան յայտարարեց բռնի ուժով իշխանափոխութեան վտանգի մասին եւ խնդիր դրուեցաւ ամէն գնով բողոքի ցոյցերուն վերջ տալ։
Հոս եւս պատասխանը հազիւ թէ քաղաքական հակամարտութեան տրամաբանութեամբ կը սահմանափակուի։ Զօրաշարժի բռնի ցրումը հիմնականին մէջ հասարակական բողոքի ամէն նախընթաց իր սաղմին մէջ խեղդելու պատրաստակամութեան նշան է։ Այդ «աղտոտ գործը» նախագահ Քոչարեանի հրամանով եղաւ, բայց շահաւորը հիմնականին մէջ նորընտիր Սերժ Սարգսեանն է։ Այլ խօսքով՝ երկրի տնտեսա-քաղաքական այս համակարգը պահպանելու յանձնառու քաղաքական ուժերն ու անձնաւորութիւնները քաջ գիտակից են բնորդի ներփակած սուր բեւեռացումներուն։ Տնտեսական աճի այս բնորդի պահպանման համար հասարակական ամէն դժգոհութիւն պէտք է բացառուի։ Ներկայացուցչական ժողովրդավարութեան զուտ ձեւական բնոյթը իշխանութիւններու իրաւականութիւնը կ’երաշխաւորէ։ Հարցը կը բարդանայ, սակայն, երբ հասարակական բողոքը կազմակերպուի եւ արտայայտուելու սկսի ընտրական քաղաքականութեան ոլորտէն դուրս։ Մարտի առաջին շաբաթավերջի իրադարձութիւնները, բնականաբար, կազմակերպուած հասարակական բողոքի ոչ մէկ բնոյթ ունէին, աւելի շուտ տարրական պոռթկում էին, որ յանգեցաւ վայրագութեան։ Այս տարրական պոռթկումները չեն, որ կը մտահոգեն համակարգի պահապանները։ Վերջին հաշուով, ինքնաշարժներու հրկիզման թէ վաճառատուներու կողոպուտին առաջքը առնելու համար որեւէ կառավարութեան իրաւունքն է բռնի ուժը օրինականօրէն օգտագործել։ Հասարակական բողոքի տարրական պոռթկումներու կազմակերպումն է, որ ամէնէն աւելի կը մտահոգէ նորընտիր նախագահը։ Կը մնայ, որ ընթացաւարտ նախագահը, Ռոպերթ Քոչարեան, այս ձեւով պէտք չէ աւարտեր այլապէս յատկանշական իշխանութեան տասնամեակ մը։ Ափսոս։