Հայաստանի նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին, ընտրութեան ընթացքին ու յաջորդող օրերուն, մեր հայրենիքն ու Ղարաբաղի սահմանային գօտիները բեմ դարձան դէպքերու եւ զարգացումներու, որոնք մտահոգութիւն պատճառեցին իւրաքանչիւր հայու, անկախ անոր արեւելումէն, պատկանած հոսանքէն ու բնակավայրէն։
Ազնիւ մրցակցութեան, ընտրութիւնները խաղաղ մթնոլորտի մէջ անցընելու խոստումները չքացան ընտրութեանց նախօրեակին, հող պատրաստելով քուէարկութեանց օրը տեղի ունեցած բախումներուն ու բիրտ արարքներուն։
Ետդարձ կատարուեցաւ նաեւ արդար ու անխարդախ ընտրութիւններու հաւաստիքներէն, խոստումներէն, առիթ տալով բողոքի ու ընդվզումի արդար ալիքներու. այդ ընդվզումը կարգ մը նախատրամադրեալ շրջանակներու կողմէ դրսեւորուեցաւ այնպիսի ոճով մը, որ գլեց-անցաւ տրամաբանական ամէն սահման, հող պատրաստելով 1 Մարտի արիւնալի դէպքերուն։ Հրապարակային բախումներու հետեւանքով ինկան զոհեր, վիրաւորներ, արձանագրուեցան նիւթական ծանր վնասներ։
Զուգահեռ գիծերու վրայ, թուրք-ազերիական սպառնալիքները, որոնք յաճախակի դարձած էին վերջին ամիսներուն, գործնական արտայայտութիւն գտան Արցախի սահմանային շրջաններու մէջ, ուր նոյնպէս ինկան զոհեր, վիրաւորներ, բարձրացաւ սահմանային գօտիի լարուածութիւնը։
Տակաւին, քաղաքական հրապարակի վրայ փոխադարձ մարտահրաւէրներն ու սպառնալիքները ստեղծեցին զգացականութեամբ ծանրաբեռն մթնոլորտ, որ ոչինչով նպաստեց ընդհանուր կացութեան բարեշրջման։ Իշխանութեան կողմէ կտրուկ քայլերու որդեգրումը ի վերջոյ վերահաստատեց խաղաղ վիճակ, որ ունի առժամեայ զինադուլի նկարագիր։
***
Ահա թէ ինչո՛ւ մէն մի հայ, անկախ իր պատկանելիութենէն ու գտնուած վայրէն, անիկա ըլլայ Հայաստան, սփիւռքեան որեւէ օճախ թէ Արցախ, մտահոգ է այսօր. մտահոգ է ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ մտահոգ էր մօտաւորապէս տասնամեակ մը առաջ, խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած արիւնալի դէպքին ի լուր, մտահոգ էր նաեւ անկէ առաջ, երբ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ազատ խօսքի իրաւունքը կաշկանդումներու ենթարկուեցան, հայրենիքի բնական հարստութիւնները աւարառութեան զոհ գացին, իսկ անկէ առաջ տեղի ունեցաւ Արցախի պատերազմը՝ իր արիւնալի զարգացումներով, ընկրկումներով ու յաղթանակներով։
Կարելի է մտահոգիչ իրադարձութեանց ճամբուն վրայ դէպի ետ ճամբորդութիւնը շարունակել ու հասնիլ մինչեւ խորհրդային իշխանութեանց օրերը՝ համայնավար իշխանաւորներու կողմէ տարբեր հանգրուաններու կիրարկուած բռնադատութիւնները, Սիպերիա աքսորի «դարաշրջանը» եւ նոյնինքն Նախիջեւանի ու Արցախի նկատմամբ կամայական տնօրինումներու էջերը։
Յիշեալ մտահոգութիւնները նոյնանման չեն, չունին միեւնոյն տարողութիւնը, սակայն ունին մէկ հասարակ յայտարար.- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂԵՐՈՒՆ, ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ )ոչ իշխանութեան( ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՎՏԱՆԳՆԵՐԸ, ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ ՈՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ )բառին ամէնէն լայն ու բազմերես իմաստներով( ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ։
Մեր հայրենիքին հողային ամբողջականութեան ապահովութիւնն ու ժողովուրդին տնտեսական-ընկերային զարգացման իրաւունքները վեր են ամէն հաշիւէ ու նկատառումէ։ Իշխանութիւն ու ընդդիմադրութիւն հաւասարապէս պատասխանատու են այս պահանջին. ոչ ոք իրաւուքն ունի այս կամ այն հաշիւով խնդրոյ առարկայ դարձնելու այս արժէքները, ինչ որ ալ ըլլան պատճառներն ու ինքնարդարացման պատճառաբանութիւնները։
Ու երբ կ՚ըսենք «ժողովուրդի ապահովութիւն՝ իր բազմաթիւ երեսներով», ի մտի չունինք լոկ ֆիզիքական անվտանգութիւնն ու Մարտ 1ի դէպքերուն նման իրադարձութիւններէ խուսափումը, այլ նկատի ունինք նաեւ ժողովուրդին բարօրութեան իրաւունքը, որուն ինքնաբերաբար պիտի հետեւի կենսամակարդակի բնական զարգացումը, երկրին բարգաւաճումը։
Հայրենիք չի կերտուիր անոր բնական հարստութիւններուն չարաշահումով ու մասնակի գանձանակներու ուռճացումով։
Հայրենիք չի կերտուիր, ո՛չ ալ ժողովուրդի դժգոհութեան ալիքները կը զսպուին փոքր խմբակցութեան մը հարստացումով ու ստուերային տնտեսութեան լծակները իրենց ձեռքերուն պահողներու անհակակշիռ գործունէութեամբ, զանոնք իբրեւ յենարան օգտագործելու որոշ իշխանաւորներու «քաղաքականութեամբ»։ Ժողովուրդը անմիտ հաւաքականութիւն չէ, պէտք է յարգել անոր արդար զայրոյթն ու ամոքել ցաւերը, ոչ թէ զայն շահագործել ու լծել այս կամ այն խմբաւորումին քաղաքական նպատակներուն։
Հայրենիք կերտելու համար անհրաժեշտ են զարգացման բազմաճիւղ ծրագիրներ, կարողականութեանց մէկտեղում, տնտեսական ու նիւթական միջոցներ ունեցողներու լծակներուն տրամադրումը երկրին ու ժողովուրդին, այլ խօսքով՝ երկրին ու ժողովուրդին համաչափ զարգացման ու դէպի բարօրութիւն երթին երաշխաւորումը, քաղաքին ու գիւղին իրաւունքներուոն յարգումը։
***
Թող ոչ ոք կարծէ, թէ նման մտածումներ ցնորք են ու զգացականութենէ բխող երազայնութիւն։ Մեր հայրենիքին կացութիւնը եզակի ըլլալով հանդերձ, նմանութեան բազմաթիւ եզրեր ունի այնպիսի երկիրներու հետ, որոնք պատերազմական ու այլ կացութիւններու բերումով քանդուած ու վերաշինուած են բազմիցս։ Կարեւորը՝ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ու ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ հասկացութիւններուն իւրացումն է բոլորին կողմէ, այս գաղափարներուն ամբողջական վերականգնումը բոլորին միտքերուն, հոգիներուն եւ էութեան մէջ։ Բոլո՞րը. անոնք են, որ կը գտնուին իշխանութեան դիրքերու վրայ, ընդդիմադիր ճակատի խրամատներուն մէջ կամ նիւթական շահու հետամտութեան ուղիի վրայ։
Դժբախտաբար ճիշդ է, որ համաշխարհայնացումի գացող աշխարհին մէջ, հայրենիք հասկացութիւնը կ՚ապրի որոշ տժգունացում, սակայն նոյնքան ճիշդ է, որ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ նախանձախնդրութիւնը կը մնայ տիրական՝ բոլոր այն երկիրներուն ու ժողովուրդներուն մէջ, որոնք մեզի պէս ունին սեփական դիմագիծ, կերտած են սեփական մշակոյթ, վճռած են իբրեւ այդպիսին շարունակել գոյատեւման պայքարը։ Այսինքն՝ ունին ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ…
Երբեք պէտք չէ մտահան ընել, որ սեփական հայրենիքի ու ժողովուրդի ճակատագիրին պատասխանատուութիւնը համահաւասար կերպով կ՚իյնայ տուեալ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն ու շերտերուն ուսերուն։ Ոչ ոք իրաւունք ունի ձեռք լուալու այդ պարտաւորութենէն կամ հրաժարելու նոյնինքն այդ պարտաւորութենէն իսկ բխող իրաւունքներէն։
Երբ զգացումները կը դառնան տիրապետող ու սխալներու կ՚առաջնորդեն այս կամ այն հատուածը, մարդս միշտ ալ պէտք է վերադարձ կատարէ դէպի բանականութիւն, եւ ՄԻՏՔին օժանդակութեամբ վերահաստատէ հաւասարակշռութիւնը։ Այս կացութեան ստեղծման մէջ, վարձկաններն ու մասնակի հաշիւներու հետամուտ եղողները տեղ չունին, ով որ ալ ըլլան անոնք։
Աւելին, նման կացութեան մէջ, անհրաժեշտ է ականջ տալ ՄԻՏՔԻ ՄԱՐԴՈՑ, այս պարագային՝ հայ մտաւորականութեան, որ պէտք է իր անաչառ խօսքը ըսէ թէ՛ իշխանաւորին եւ թէ ընդդիմադիրին։ Խօսքը չի վերաբերիր այն մտաւորականին, որ կամայ թէ ակամայ կ՚իյնայ ստեղծուած հոսանքներէն մէկուն կամ միւսին ազդեցութեան տակ, կը դառնայ մէկուն կամ միւսին կամակատար-մունետիկը։ Սա արդէն մտաւորականութենէ զիջում կը նշանակէ )նման վիճակներ աննախընթաց չեն, հայրենի ժողովուրդը անոր դառն պտուղները յաճախ ճաշակած է խորհրդային տարիներուն…(։ Այդ փաղանգը այսօր չէ հրաժարած իր դերակատարութենէն, պէտք է ականջ տալ անոր, որովհետեւ անոր ձայնը կու գայ մեր պատմութեան խորերէն, մեր լինելութեան անոր հաւատարմութենէն ու հաւատքէն։ Ան իր պարտականութեան տէր կանգնած է ամէն անգամ, որ հայրենիքն ու ժողովուրդը վտանգի ենթակայ եղած են։ )Մեր նպատակը անցեալի ու այժմու վտանգներուն բաղդատականը չէ, այլ մատնացոյց ընել է վտանգի իրողութիւնը(։
Մեր մօտիկ ու հեռաւոր անցեալի պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է, որ մեր հայրենիքն ու անոր հողին վրայ ապրող ժողովուրդը, ինչո՞ւ չէ՝ նաեւ հայրենի հողերէն հարկադրաբար դուրս գտնուողները յաճախ գտնուած են «Դամոկլեան սուր»ի տակ, այդ սուրը եղած է մեծ կամ փոքր։
Եւ ինչպէս անցեալին, այս հանգրուանին եւս, մենք հաւատարիմ պիտի մնանք հայրենիքի ու ժողովուրդի ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր դասելու պատգամին։ Ասիկա եւս պարզամիտի երազատեսութիւն չէ, այլ կը հիմնուի ուղիղ 20 տարի առաջ սկսած Արցախեան պայքարով ստեղծուած շօշափելի իրականութիւններուն վրայ։