Պահանջատիրական մեր պայքարի յաջողութեան գրաւականը երկարաշունչ ծրագիրներն են ու հետեւողականութիւնը՝ զանոնք իրականացնելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներու մէջ։
Հետեւողականութիւնը ինք իր նախապայմանները ունի, որոնցմէ առաջինը՝ անշուշտ հաւատքն է, ապա՝ երկար ճամբայ կտրելու պատրաստակամութիւնը, աներեր կամքը։ Մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ առկայ հաւատքի ու կամքի մասնիկներն են, որ գումարուելով կը դառնան մղիչ ուժ, առարկայական հազարումէկ դժուարութիւններ դիմագրաւելու, յաղթահարելու ներշնչում։
Հետեւողականութիւնը սպառող, քամող պայքարի մէջ սակայն, կը պահանջէ աւելին, կը պահանջէ ամբողջ ենթակառոյց մը, կը պահանջէ միջոցներ, քաղաքական յարաբերութիւններ, հանդիպումներ, քարոզչական աշխատանք, հանրային կապի ընդարձակում, բազում, բազում առտնին, բայց կարեւոր գործեր եւ այդ գործերը ընող անձեր։
Հայ Դատի յանձնախումբերը պահանջատիրական մեր պայքարի շարունակականութեան, մեր համախումբ հետեւողականութեան երաշխիքներէն մէկն են։
Մենք մեր առօրեայով թաղուած, մեր անձնական ու ընտանեկան խնդիրներով կլանուած, չենք կրնար հետեւողական ըլլալ հասարակական մեր գործունէութեան մէջ, որքան ալ փափաքինք, որքան ալ ուժեղ ցանկութիւն ունենանք այդ ընելու։
Այս մեր բազմազբաղութեան մէջ սակայն, մենք գիտենք, որ կայ Հայ Դատին նուիրեալներու բանակ մը, որ տիւ ու գիշեր իր ամբողջ մտասեւեռումը, իր ծրագրումն ու աշխատանքը կը կեդրոնանայ հայկական շահերու պաշտպանութեան, Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման, հայկական պետականութեան հզօրացման առանցքին շուրջ։ Այդ բանակը Հայ Դատի յանձնախումբերն են, իրենց աշխարհատարած գրասենեակներով, գրասենեակներուն շուրջ հաւաքուած ուխտեալներով։
Մենք գիտենք, որ այդ կառոյցը կայ եւ կ’աշխատի, կ’աշխատի մեղուի ջանադրութեամբ, փոքր հնարաւորութիւնները բազմապատկելով իր նուիրումով, իր ստեղծագործ մօտեցումով, իր նախաձեռնութիւններով, իր շունչով։
Մենք գիտենք ու կ’ապրինք գոհունակութիւնը, որ մեր պարբերաբար արտայայտուած բարոյական ու նիւթական օժանդակութեամբ, կը նպաստենք այդ կառոյցի կենսունակութեան, կը նպաստենք անոր հզօրացման։
Պարզագոյն իրողութիւն մը։ Այն պահէն ետք, երբ մենք բոլորս, միասին, գոյացուցինք այն անհրաժեշտ գումարը, որու շնորհիւ կրցանք Ուաշինկթընի մէջ, այս գերհզօր պետութեան մայրաքաղաքին կեդրոնին մէջ մեր սեփական շէնքը ունենալ, մեր յաջողութիւններու, մեր նուաճումներու դաշտը բազմաթիւ անգամներով ընդարձակուեցաւ։
Այդ շէնքով, այդպիսի կեդրոններով, անոնց մէջ աշխատող երիտասարդ տղոցմով ու աղջիկներով մենք անկարելին կարելի կը դարձնենք։ Մենք ամերիկեան Ներկայացուցիչներուն տունէն Ծերակոյտ, Ծերակոյտէն Սպիտակ տուն տեւականօրէն մեր օրակարգով զբաղուելու կը պարտադրենք։ Եթէ ժամանակին այսպիսի արձանագրութիւն մը որեւէ գրութեան մէջ սնափառութեան ու մեծխօսիկութեան կարելի էր վերագրել միայն, հիմա, մօտիկ անցեալը վկայ, փաստ է, իրականութիւն։
Փաստ՝ որ մեկնակէտ է աւելի մեծ աշխականքներու։ Իրականութիւն՝ որ մեկնակէտ է աւելի յստակ թիրախներ գրաւելու։
Շարունակենք մեր պահանջատիրական երթը, հետեւողականօրէն՝ աջակցելով, թիկունք կանգնելով այդ հետեւողականութիւնը երաշխաւորող զինուորագրեալներուն՝ Հայ Դատի յանձնախումբերուն, ամէն առիթով, երբ որ կրնանք։