ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Վերջերս Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ Դաշնութեան խորհրդարանի մէջ «Իրավիճակը չճանչցուած պետութիւննրու մէջ» խորագրով քննարկում մը, որուն ԼԽՀ ներկայացուցիչները չմասնակցեցան։
Այս հարցի պարզաբանումը տուած է ԼԽՀ նախագահի աշխատակազմի մամուլի պատասխանատու Դաւիթ Պապայեանը, որու համաձայն, ղարաբաղեան կողմը չէր մասնակցած այս քննարկումներուն պարզապէս որովհետեւ չէր հրաւիրուած։
Խօսելով ընդհանրապէս ԼԽՀ արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւններու մասին, Պապայեան յայտնած է, որ «ԼԽՀի քաղաքականութեան ուղղութիւնը հիմնուած է բազմավեկտորութեան (բազմակողմանի ուղղութեանց.- «Ասպ.») վրայ։ Դրա հիմնական բաղադրիչներից մէկը այն է, որ աշխարհի հիմնական կեդրոններում գոյութիւն ունի հայկական, այդ թւում՝ ղարաբաղեան սփիւռք։ Անկախութեան տարիների ընթացքում Ղարաբաղում ստեղծուել է այդ ուժերի հետ միեւնոյն պալանսաւորուած (հաւասարակշռուած.- «Ասպ.») յարաբերութիւն, ինչը մեծ ձեռքբերում կարելի է համարել»։