Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի անցեալ Հինգշաբթի օր հրապարակած յայտարարութիւնը յստակօրէն կը բանաձեւէ այն բոլոր պահանջները, որոնց իրականացման ուղղութեամբ լուրջ ու շօշափելի ճիգն ու արձանագրուող յաջողութիւնները միայն կրնան երկիրը դուրս բերել ստեղծուած ճգնաժամէն։
Դաշնակցութիւնը կ’առաջարկէ Ազգային ժողովի մէջ գործող բոլոր կուսակցութիւններուն, ներառեալ ընդդիմադիր ճակատին մաս կազմող «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան մասնակցութեամբ ազգային համաձայնութեան կառավարութիւն մը կազմել, որ իր առջեւ պիտի դնէ «անյետաձգելի ծրագրի» մը առանցքը կազմող հետեւեալ կէտերը.-
«- դատական համակարգին գործադիր իշխանութեան միջամտութեան բացառումը, այդ համակարգի լիարժէք անկախութեան եւ անաչառութեան ապահովումը,
– անպատժելիութեան եւ ամենաթողութեան վերացումը, օրէնքի առջեւ բոլորի հաւասարութիւնը՝ անկախ զբաղեցրած դիրքից ու պաշտօնից,
– ընտրական գործընթացների նկատմամբ հանրութեան վստահութիւնը երաշխաւորող, գործադիր իշխանութեան միջամտութիւնը բացառող, լիովին անկախ եւ ինքնուրոյն ընտրական նոր համակարգի ձեւաւորումը,
– տնտեսական մենաշնորհները բացառող հակամենաշնորհային գործուն օրէնսդրական դաշտի ստեղծմամբ մրցակցային արդար կարգի հաստատումը,
– լիարժէք բազմակարծութեան, խօսքի ազատութեան, Հանրային հեռուստառատիոընկերութեան առարկայական եւ թափանցիկ գործունէութեան ապահովումը,
– ընդդիմութեան համար քաղաքական համակարգում լիարժէք գործելու երաշխիքների ապահովումը,
– կենսապահովման նուազագոյն զամբիւղի հաշուառման հիման վրայ ընկերային քաղաքականութեան իրականացումը»:
Այս կէտերէն իւրաքանչիւրի գործադրութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն հսկայական աշխատանք ու հետեւողականութիւն, այլեւ կը պահանջէ կառավարական համակարգի համընդհանուր բարեփոխութիւն, կը պահանջէ պետական պաշտօնէութեան մէջ արմատական հոգեփոխութիւն, կը պահանջէ ազգի, համայն ազգի, ժողովուրդի լայն խաւերու ցաւերն ու կարիքներն առաջնահերթ նկատելու եւ ուժերու լարումով, կեդրոնացումով այդ խնդիրները լուծելու վճռականութիւն։
Կարելի՞ է վստահիլ, որ կեանքի ու պարտականութեան կոչուող նոր կառավարութիւնը, իր շուրջ համախմբուողներով, ընդդիմադիր ինչ-որ մասնակցութեամբ, թէ նոյնիսկ, եթէ այս վերջինները մերժեն մասնակցիլ, առանց անոնց, յանձնառու պիտի ըլլայ Դաշնակցութեան առաջադրած խնդիրներու լուծման եւ առաջին իսկ օրէն, ժողովուրդին մօտ վստահութիւն յառաջացոնղ շօշափելի քայլեր պիտի առնէ։
Անցեալի փորձերը, դժբախտաբար, այնքան ալ յոյս չեն ներշնչեր։ Իրար յաջորդող կառավարութիւններ, լաւագոյն պարագային մասնակի յաջողութիւններ արձանագրած են այս կամ այն ոլորտի մէջ, առանց սակայն հիմնական առաջընթացի հիմքեր ստեղծելու, ընդհակառակը, նոյնիսկ յաճախ ետքայլ կատարելով հասարակութեան համար զգայուն ու կենսական խնդիրներու վերաբերեալ, խնդիրներ, որոնք հիմնականօրէն կ’առնչուին ընկերային արդարութեան։
Այսուհանդերձ, կասկածէ դուրս է, որ մեր հանրապետութիւնը Մարտ մէկէն ետք բոլորովին նոր իրավիճակ մը կ’ապրի, հասարակական գիտակցութեան նոր մակարդակ մը նուաճուած է արդէն, որ չի կրնար անտեսուիլ որեւէ իշխանաւորի կողմէ, որեւէ կառավարութեան կողմէ։
Դաշնակցութիւնն ալ իր գրաւը այդ գիտակցութեան վրայ կը դնէ եւ կը հաւատայ, որ կառավարութեան մէջ մտնէ թէ չմտնէ, ինք ամէնօրեայ հաշիւ պիտի տայ խստապահանջ, ինք իր մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան, արժանապատիւ կեանքի պայմաններու ապահովման համար պայքարելու պատրաստ, համակերպումի եւ մեղկութեան ճիրաններէն ազատագրուած հաւաքականութեան մը։
Իշխանութենէն ներս թէ դուրս, Դաշնակցութիւնը պարտաւոր է, իր իսկ քաղաքական հետագայ ճանապարհի սահուն ընթացքին համար, տէր կանգնիլ իր յայտարարութեան ոգիին ու տառին, իր հետագայ գործունէութեան իւրաքանչիւր քայլը համապատասխանօրէն պայմանաւորելով։
Իշխանութեան մաս կազմելու պարագային, այսօրուան քառակողմ յայտարարութիւնը նկատի առնելով, կարծես արդէն կասկածէ դուրս է, որ այդպէս պիտի ըլլայ, Դաշնակցութիւնը պիտի դիմագրաւէ ամբողջ կառավարման համակարգը թափանցիկ դարձնելու մարտահրաւէրը, որպէսզի ժողովուրդը հարազատ զգայ իր կառավարութեան հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ աղիւս առ աղիւս կառուցել եւ ամրապնդել փոխադարձ վստահութեան շէնքը։