Կառավարական նիստերու մասին զեկուցագրերը միշտ ալ հետաքրքրած են զիս։ Հիմա առաւել եւս, որովհետեւ ամբողջ ազգով շահագրգռուած ենք տեսնելու, թէ գործադիր իշխանութիւնը ի՞նչ ծրագիրներ պիտի որդեգրէ մեղմացնելու համար երկրի մէջ առկայ ընկերային լարուածութիւնը, ինչպէս պիտի գործադրէ զանոնք, աշխատանքային ի՞նչ գործելաոճ պիտի որդեգրէ ան։
Կառավարութեան անցեալ շաբթուան նիստը յուսախաբ չըրաւ զիս։ Այս հանգրուանին ուշադրութիւնը կը կեդրոնանայ գործելաոճի նորամուծութիւններու վրայ։ Արդէն յայտարարուած թափանցիկ, մամուլի առջեւ բաց ժողով գումարելու որոշման աւելցան եւս քանի մը գործելակերպային նորութիւններ, զորս կը ներկայացնեմ գոհունակութեամբ։
Ա.- Վարչապետը ամէն նիստի պիտի զեկուցէ նախորդ նիստերու ընթացքին կատարուած քննարկումներու եւ որոշումներու արդիւնքները։ Այս նիստին արդէն կենսագործուած այս որոշումէն ի յայտ կու գայ, որ դատախազութիւնը բացայայտած է քրէական յանցագործութիւն որբանոցներէ շրջանաւարտ երեխաներուն աջակցելու պետական ծրագիրներու գործադրման մէջ։
Բ.- Հայաստանի տարբեր շրջաններու համաչափ զարգացումը ապահովելու համար կառավարութիւնը որշած է արտագնայ նիստեր գումարել շրջաններու մէջ։ Արդէն որոշուած է առաջին նիստը կատարել Շիրակի մարզի մէջ։
Գ.- Այսուհետեւ հասարակական մեծ նշանակութիւն ունեցող բոլոր իրադարձութիւններուն, որոնց մասին մամուլը հրապարակումներ կը կատարէ, կառավարութիւնը պարտաւոր է արձագանգել։ Պաշտօնեաներու պատիւը եւ արժանապատուութիւնը պաշտպանելու նպատակով որդեգրուած այս գործելաոճը մէկ կողմէ մամուլին կը պարտաւորեցնէ անհիմն վերագրումներու եւ լուրերու տեղ չտալ, միւս կողմէ կառավարութիւնը կը դնէ մամուլով հրապարակուած պաշտօնեաներու հիմնաւորուած չարաշահումներուն արձագանգելու պարտաւորութեան տակ՝ պատասխանատուութեան հրաւիրելով զանոնք։ Այս գծով իբրեւ առաջին յանձնարարական տրուած է Հայաստանի մանկատուներէն շրջանաւարտ երեխաներուն բնակարաններ ապահովելու գործի հետ կապուած չարաշահութիւններու հարցի քննութիւնը։
Կառավարութեան այս նոր գործելակերպը փորձաքարի պիտի զարնուի «Առաւօտ»ի մէկ հրապարակումէն բխած հարցի հետապնդումով։ Արդարեւ, անցեալ շաբթուան ընթացքին, Ապրիլ 23ին, «Առաւօտ» թերթը հրապարակած էր վարկաբեկիչ լրատուութիւն մը՝ Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի մասին։ Վարչապետը, այս նոր գործելակերպի իբրեւ առաջին քայլ, յանձնարարած է փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանին ծառայողական քննութիւն բանալ «Առաւօտ»ի հրապարակումի վերաբերեալ եւ զեկուցել կառավարութեան։ Ապրիլ 23ին «Առաւօտ» առաջին էջով հրապարակած էր լուր մը, ըստ որուն, Սիւնիքի մարզպետը իր գրասենեակ բերել տուած է տասներկու տարեկան տղեկ մը, Գորիսի գրախանութի տիրոջ զաւակը՝ Հայկը, եւ ահաւոր ծեծի ենթարկած է զայն, պարզապէս այն պատճառով, որ Հայկ կռուած է մարզպետի զաւակներուն հետ։ «Առաւօտ» նաեւ անդրադարձած է Խաչատրեանի եղբօր հետ կապուած բռնաբարման փորձի մը, որուն վերաբերեալ դատական որեւէ հարց չէր յարուցուած ժամանակին։
Նշենք, որ Սիւնիքի մարզպետը կը նկատուի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօր՝ Սաշիկ Սարգսեանի մօտիկ անձնաւորութիւն եւ անոր պաշտպանեալը։
«Ասպարէզ» պիտի հետեւի այս հետաքրքրական գործընթացին եւ իր ընթերցողները տեղեակ պիտի պահէ գործադիրի համապատասխան որոշումներուն մասին։ Հայաստանի ներքաղաքական վիճակի կայունացման միտող քայլերը մեզի համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունին այս հանգրուանին եւ մենք պարտաւոր ենք անոնց հետեւել ամենայն պատասխանատուութեամբ։