Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիներու հետ անցեալ Երեքշաբթի օրուան հանդիպումին ցաւագինօրէն անդրադարձայ, որ ազգային եւ մարդասիրական բազմաթիւ ծրագիրներ իրականացուցած եւ տակաւին բազմաթիւ ուրիշ ծրագիրներ նախաձեռնած այս մեծ կազմակերպութեան գործունէութիւնը որքան քիչ կը տեղեկագրենք։
Այս թերութեան մէջ յանցանքի մեր բաժինը կայ անշուշտ։ Ընկերուհիները իրենք ալ ընդունեցին իրենց բաժին թերացումները եւ մատնանշեցին այն քայլերը, որ առած են բարելաւելու վիճակը։
Խնդիրը իմ կարծիքով հետեւեալն է։ ՀՕՄը, շրջանային թէ տեղական մարմիններով կը նպաստէ, կը հովանաւորէ կամ կը նախաձեռնէ բազմաթիւ ազգօգուտ եւ բարեխնամ ծրագիրներ։ Այս ծրագիրներուն նիւթական միջոց հայթայթելու համար, ՀՕՄի մարմինները կը կազմակերպեն հանգանակային ձեռնարկներ։
Հասոյթ ապահովելու կոչուած այս ձեռնարկներու մասին տեղեկագրութիւնները իրենց բնոյթով բաւական միօրինակ կ’ըլլան եւ չեն կրնար արտացոլացնել այն ամէնօրեայ տքնումը, որ մեր ընկերուհիները կը բերեն որդեգրուած ծրագիրներու իրականացման համար։ Նաեւ՝ չեն արտացոլացներ այն հսկայ ընդգրկումը, որ ունի այս կազմակերպութեան գործունէութեան քարտէսը։
Արցախէն Հայաստան, Չաւախք, սփիւռքեան բոլոր օճախներ, այս տարածքի վրայ՝ կրթական, բարեսիրական, մշակութային, առողջապահական բազում ծրագիրներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրի հետ կապուած հերոսական ճիգ կայ, նուիրում, զոհաբերութիւն։
Ո՞ւր պէտք է փնտռել այս բոլորի մասին տեղեկութիւնները։ Ոչ անշուշտ տարբեր առիթներով կազմակերպուած ձեռնարկներու թղթակցութիւններու մէջ։
Իմ կարծիքով, ՀՕՄի գործունէութեան մասին խօսիլ կը նշանակէ իր ծրագիրները ներկայացնել, անոնց ընթացքի մասին թարմ լուրեր տալ, անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններու մասին հասու դարձնել ժողովուրդը, ծրագիրներու մասին հետաքրքրութիւն յառաջացնելու ամէն փորձ կատարել։
Այս ուղղութեամբ մամուլը կրնայ իր բաժին աշխատանքը կատարել։ Պարտաւո՛ր է կատարել։