Որոշ ատենէ մը ի վեր Եւրոպայի մէջ Թուրքիան Եւրոպական միութեան մէջ ընդունելու քայլին իմաստութեան վերաբերեալ մեծ վէճ մը տեղի կ՚ունենայ։
Եւրոպացիներուն մեծամասնութիւնը Թուրքիոյ անդամակցութեան կ՚ընդդիմանայ կամ նախապաշարումէ մեկնելով եւ կա՛մ անհաշտ օրէնսդրական, քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային տարբերութիւններու պատճառով։
Թուրք ղեկավարները, փոխանակ իրենց երկիրը Եւրոպական միութեան անդամակցութեան պահանջներուն ենթարկելու, Եւրոպան հակաթրքութեան եւ հակաիսլամութեան համար քննադատելու դիւրին ճամբան ընտրած են։
Եւրոպական միութեան՝ Թուրքիան ինչպէս որ է ընդունիլ ստիպելու համար, թուրքերը միայն եւրոպացիները այպանելու խելացի մարտավարութիւնը որդեգրած են՝ փոխանակ հարկ եղած փոփոխութիւնները կատարելու իրենց անկարողութիւնն ու դժկամութիւնը այպանելու։
Թուրքերը շարունակ կը պնդեն, որ 1963ին իրենց երկիրը Եւրոպայի տնտեսական համայնքին (Եւրոպական միութեան նախահայրը) գործակից անդամ ըլլալէն ի վեր եւրոպացիները արգելք հանդիսացած են անոր՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան։ Այն, ինչ որ թուրքերը չեն յայտներ, այն է, որ երկարատեւ ուշացումը հետեւանք է Եւրոպական միութեան պահանջներու իրենց չենթարկուելուն, ինչպէս նաեւ՝ երեք առիթով բանակին կողմէ ընտրուած կառավարութեան տապալումին։ Թուրքերը կրնան միայն իրենք զիրենք այպանել այդ ամբողջ տարիներու ընթացքին Եւրոպական միութեան անդամակցելու իրենց անկարողութեան համար։
Եւրոպական միութեան պահանջներուն ենթարկուելով թուրքերուն չհետաքրքրուելուն հիմնական երկու պատճառ գոյութիւն ունի. Առաջին՝ թրքական հասարակութեան գրեթէ կէսը Եւրոպական միութեան անդամակցութեան դէմ է։ Թուրքիա երկիր մըն է, որ քաղաքական, կրօնական եւ ցեղագրական բազմաթիւ հակադիր մասերու բաժնուած է։ Սահմանադրական դատարանը նոյնիսկ դատական հարց մը կը քննարկէ իշխող քաղաքական կուսակցութիւնը ապօրինի յայտարարելու.
նախագահն ու վարչապետը պաշտօնազրկելու դատական հարց մը։
Ուստի, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան լուրջ երկընտրանք մը կը դիմագրաւէ։ Ան իր կուսակցութեան իշխանութիւնը արմատական ազգայնականներէ եւ բանակային ծայրայեղականներէ պաշտպանելու համար կ՚ուզէ, որ Թուրքիա մաս կազմէ Եւրոպական Միութեան, սակայն՝ եւրոպացիներուն առանց բազմաթիւ զիջումներ կատարելու, որպէսզի թրքական կենցաղակերպին հակառակորդներուն կամքը կատարելու յանցանքով չամբաստանուի։ Ուստի, ան իր կարելին կ՚ընէ այնպէս երեւելու, թէ թրքական օրէնքներուն մէջ հարկ եղած փոփոխութիւնը կը կատարէ՝ առանց իրողապէս այդ մէկը կատարելու։ Քաղաքական այս լարախաղացութեան լաւ օրինակ մըն է թրքական քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը, որ «թրքութիւնը վարկաբեկելը» քրէական յանցանք կը նկատէ եւ խօսքի ազատութիւնը կը սահմանափակէ։ Այդ յօդուածը ազգայնական դատախազներու կողմէ յաճախ կ՚օգտագործուի Հայոց Ցեղասպանութեան ակնարկութիւն կատարողները լռեցնելու համար։
Անցնող երեք տարիներու ընթացքին Էրտողան Եւրոպական միութեան պաշտօնատարներուն պնդումին դիմաց շարունակ կը խոստանայ այդ շատ խիստ ու բռնացող օրէնքը բարեփոխել։ Ամէն խոստումի հետ Թուրքիա կը վարձատրուի դիւրահաւատ եւրոպացիներուն կողմէ։ Անցեալ շաբաթ Էրտողան անգամ մը եւս յայտարարեց, որ թրքական խորհրդարանը «մօտ օրէն» պիտի բարեփոխէ թիւ 301 յօդուածը, ինչ որ կը նշանակէ այս վիճելի յօդուածը պահել քրէական օրէնսգիրքին մէջ, իսկ եւրոպացիները համոզել, թէ Թուրքիա իր օրէնքները կը բարձրացնէ Եւրոպական միութեան արժեչափերու մակարդակին։
Է. Պարըշ Ալթընթաշ «Թուտեյզ Զաման» օրաթերթի 10 Ապրիլի թիւին մէջ գրեց, որ նոյնիսկ եթէ թիւ 301 յօդուածը ամբողջովին վերցուի, քրէական օրէնսգիրքը բազմաթիւ այլ յօդուածներ կը բովանդակէ, որոնք կը շարունակեն սահմանափակել խօսքի ազատութիւնը։ Հեղինակը ճնշիչ օրէնքներու հետեւեալ օրինակները նշեց.
– Յօդուած թիւ 125՝ արժանապատուութեան դէմ ոճիրներ գործել։
– Յօդուած թիւ 216՝ մարդիկ ատելութեան եւ թշնամանքի դրդել։
– Յօդուած թիւ 217՝ մարդիկը դրդել օրէնքին չենթարկուելու։
– Յօդուած թիւ 220՝ ապօրինի դասուած կազմակերպութեան մը քարոզչութիւնը կատարել։
– Յօդուած թիւ 222՝ քրտական “q”, “x” եւ ”w” գիրերը արգիլող։
– Յօդուած թիւ 263՝ օրէնքը խախտող կրթութիւն։
– Յօդուած թիւ 288՝ ընթացքի մէջ եղող դատական հարցի մը վերաբերեալ հրապարակային
յայտարարութիւններ կատարել։
– Յօդուած թիւ 299՝ նախագահին հասցէին վարկաբեկիչ խօսքեր արտասանել։
– Յօդուած թիւ 300՝ պետութեան խորհրդանիշները վարկաբեկել։
– Յօդուած թիւ 304՝ օտար պաշտօնատարները գրգռել Թուրքիոյ դէմ պատերազմ յայտարարելու կամ
զայն անարգելու։
– Յօդուած թիւ 305՝ ազգային հիմնական համոզումներու դէմ արարքներու դիմել։
– Յօդուած թիւ 309՝ թրքական հանրապետութեան վարչակարգը տապալել փորձել։
– Յօդուած թիւ 311՝ թրքական խորհրդարանը բռնի կերպով տապալել փորձել։
– Յօդուած թիւ 318՝ հասարակութիւնը տարհամոզել բանակին մէջ ծառայելէ։
– Յօդուած թիւ 323՝ սուտ լուրեր հրապարակել։
– Յօդուած թիւ 341՝ օտար երկիրի մը դրօշակը վարկաբեկել։
Մէկ տարի առաջ Պոլսոյ մէջ սպաննուած հայ լրագրող Հրանդ Տինքի փաստաբան Էրտալ Տողան
«Թուտեյզ Զաման»ին յայտնած է, որ նոյնիսկ եթէ խնդրայարոյց յօդուածները վերցուին, թրքական արդարադատութեան մէջ մեծ բան պիտի չփոխուի։ Անշուշտ ոչինչ պիտի փոխուի թրքական ընկերութեան մէջ։
Այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա չէ կրցած անդամակցիլ կամ մօտիկ ապագային պիտի չկարենայ անդամակցիլ Եւրոպական միութեան, ոչ թէ եւրոպական ընդդիմութեան պատճառով, այլ Թուրքիոյ ընդյատակեայ պետութեան, արմատական ազգայնականներու եւ եւրոպական ժողովրդավարական արժէքները որդեգրելով չհետաքրքրուած միլիոնաւոր իր քաղաքացիներուն պատճառով է։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»
Յ. Սասունեանի գրութիւնները լոյս պիտի տեսնեն ամէն Ուրբաթ, թերթիս 2րդ էջով: