Ամէն Հինգշաբթի օր Հայաստանի կառավարութիւնը կը գումարէ իր շաբաթական նիստը, որու ընթացքին կ’առնուին որոշումներ, որոնք մէկ օր ետք, մամուլով կը հրապարակուին։
Կառավարութեան այս նիստերուն կը ներկայացուին տարբեր նախարարութիւններու կողմէ պատրաստուած նախագիծեր, որոնք քննարկուելէ ետք կը դառնան գործադիր իշխանութեան կողմէ հաստատուած որոշումներ։
Այս կարգի մէջ նոր վարչապետը իր նախագահած առաջին իսկ դահլիճի նիստին մտցուցած է նշանակալից նորութիւններ։
Առաջին նորութիւնը, ինչպէս «Ասպարէզ» իր երէկուան առաջին էջով տեղեկագրեց, կառավարութեան նիստի օրակարգը կանուխէն համացանցի մէջ զետեղելն է, որ կը նշանակէ՝ հանրութեան մատչելի դարձնել զայն։
Երկրորդ, առաւել կարեւոր նորութիւնը, կառավարման գործընթացին մէջ հասարակութեան ներգրաւման նպատակով նոր աշխատելաձեւն է։
Որդեգրուած նոր մօտեցումը կը հետապնդէ երկու նպատակ. հանրութիւնը մասնակից դարձնել որոշումներու նախագիծերու մշակման եւ ապա՝ անոնց քննարկման աշխատանքին։
Ինչպէս պիտի ապահովուի հասարակութեան մասնակցութիւնը։
Վարչապետի կարգադրութեամբ հետեւեալ քայլերը պիտի առնուին.-
– Իւրաքանչիւր նախարար, նախքան կառավարութեան նիստին որեւէ որոշման նախագիծ ներկայացնելը, պարտաւոր է այդ նախագիծը նախապէս զետեղել իր նախարարութեան կայքէջին վրայ, որպէսզի հանրութիւնը կարենայ կարդալ զայն եւ իր կարծիքներն ու առաջարկութիւնները փոխանցել համապատասխան տեսչութեան։
– Կառավարութեան նիստերը այսուհետեւ ուղիղ պիտի հեռարձակուին մամլոյ ասուլիսներու սրահ, ուրկէ լրագրողները պիտի կարենան անմիջականօրէն հետեւիլ ժողովի ընթացքին ու քննարկումներուն։
Վարչապետը կը յուսայ, որ այս քայլերը առնելով կառավարութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ, որ որոշումները ըլլան առաւել մտածուած եւ առաւել որակաւոր, ապա ամբողջ գործընթացին հրապարակայնութիւն տալով, հանրութեան մօտ վստահութիւն կը յառաջացնէ։
Կառավարութիւն-ժողովուրդ կապերու սերտացման եւ փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման յուսալի եւ ողջունելի քայլեր են ասոնք, որոնք անկիւնադարձային կարելի է նկատել հայոց պետականութեան տարեգրութեան մէջ։
Կառավարման գործընթացը մատչելի, հասանելի, հասկնալի դարձնելով ժողովուրդին, իշխանութիւնները հնարաւորութիւն կը ստեղծեն քաղաքացիներուն ազդելու իրենց կեանքին անմիջապէս առնչուող խնդիրներուն լուծում բերելու կոչուած զարգացումներուն վրայ։
Քաղաքացիները նաեւ հնարաւորութիւն կ’ունենան արժեւորելու իւրաքանչիւր որոշում, իւրաքանչիւր ծրագիր՝ հասկնալով անոր տեղն ու դերը նախագահի նախընտրական ծրագրի ընդհանուր պատկերի մէջ։
Մենք խրախուսուած ենք վարչապետի այս քայլերով եւ մեր մէջ կը սկսի աւելի ամրապնդուիլ լաւատեսութիւնը, որ միասնական ճիգերով, համախոհական կառավարութիւնը, որուն մաս կը կազմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, պիտի կարենայ հիմնովին բարեփոխել հանրապետութեան մէջ տիրող անախորժ մթնոլորտը եւ շօշափելի քայլերով նաեւ պիտի կարենայ բարելաւել տնտեսական վիճակը։
Պէտք չէ մոռնալ, նաեւ, որ հրապարակայնութիւնը լաւագոյն զէնքն է նաեւ ընդդէմ կաշառակերութեան, ընդդէմ փտախտին, որոնց դէմ պայքարի դրօշ պարզած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։
Գիտենք, որ կասկածամտութիւնն ու թերահաւատութիւնը աւերիչ աստիճանի հասած են Հայաստանի մէջ, եւ պէտք է ընդունիլ, որ իշխող համակարգը մեղքի իր բաժինը ունի խորացնելու այդ բացասական զգացումները մարդոց հոգիներուն մէջ: Այսուհանդերձ, կ’ուզենք հաւատալ, որ կառավարութեան այս քայլերը պիտի կարենան բեկում մտցնել եւ հիմնովին փոխել վիճակը:
Մենք, այս հանգրուանին, յարատեւութիւն եւ հետեւողականութիւն կը պահանջենք կառավարութենէն, մնալու այս գիծին վրայ եւ նոյնօրինակ նորամուծութիւններով հաւատք ներշնչէ բոլորիս։