Հայաստանի հիւպատոս Արմէն Լիլոյեանի հրաւէրով, Լոս Անճելըսի մէջ հրատարակուող քանի մը թերթերու ներկայացուցիչներու հետ անցեալ Չորեքշաբթի եղանք հիւպատոսարան։
Հանդիպման նպատակը հայկական տեղւոյն մամուլի պատասխանատուներուն նախ ծանօթացնելն էր երկքաղաքացիութեան օրէնքին, նախապայմաններուն, դիմումին համար անհրաժեշտ փաստաթուղթերուն, ապա՝ պատասխանել անոնց հարցերուն։
Բոլոր անհրաժեշտ, բացատրական թուղթերը ծրարի մէջ դրուած բաժնուեցաւ մեզի։ Հաւանաբար լաւ կ’ըլլար եթէ կանուխէն ստացած ըլլայինք ու հիւպատոսարան գալէ առաջ կարդացած ըլլայինք նիւթերը։ Յամենայնդէպս, հանդիպումը շատ օգտակար էր ու հաճելի։
Հիւպատոսը համբերութեամբ լսեց ներկաներուն հարցումները եւ բողոքները եւ ամէնէն քաղաքավար ձեւով բացատրեց, որ օրէնքը արդէն իսկ ընդունուած ըլլալով, կիրառելի է իր ներկայ ձեւով եւ կարելի չէ զայն փոխել կամ տարբերակուած մօտեցում ցուցաբերել դիմորդներու հանդէպ, անկախ անոնց անցեալէն ու վաստակի չափէն։ Բողոքները հիմնականին մէջ կապուած էին արտասահմանի մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու քուէարկելու իրաւունքէն զրկուած ըլլալու փաստին։
Հիւպատոսը նաեւ յստակացուց, որ հակառակ անոր, որ մամուլով կամ այլ բեմերու վրայ կը գրուի ու կը խօսուի երկքաղաքացիութեան մասին, օրէնքը հիմնականին մէջ այլ քաղաքացիութիւն ունեցողներուն Հայաստանի քաղաքացի դառնալու մասին է։ Այսինքն, երկքաղաքացիութեան կարգավիճակ չկայ Հայաստանի մէջ՝ առանձին շնորհներով կամ իրաւունքներով։ Այլ քաղաքացիութիւն ունեցող անձը կրնայ միեւնոյն ժամանակ դառնալ Հայաստանի քաղաքացի, եւ այն պահէն սկսեալ, երբ կը դառնայ Հայաստանի քաղաքացի, Հայաստանի պետութիւնը զինք կը նկատէ իր քաղաքացին՝ անոր բոլոր իրաւունքներով ու պարտաւորութիւններով։
Այդպէս ալ պէտք է ըլլայ։
Հայաստանի քաղաքացի ըլլալու իրաւունքը ստացած ամերիկեան քաղաքացին, եթէ տասնութէն քսանեօթ տարեկան է, պարտաւոր է ծառայել բանակի մէջ եւ կատարել օրէնքով սահմանուած այլ պարտաւորութիւններ։
Հայաստանի քաղաքացիի նման, երկքաղաքացիութիւն ունեցող անձը, եթէ քուէարկութեան օրը Հայաստանի սահմաններէն ներս չէ, իրաւունք չունի քուէարկելու։ Արդար է, կամ ոչ, այս է օրէնքը, գործող կարգն է եւ ուրեմն անիմաստ է այստեղ վիճիլ այդ մասին։
Սփիւռքահայու հանդէպ յատուկ վերաբերմունքը հայրենի պետութիւնը ցոյց կու տայ դիմումը քննելու ընթացքին։ Հայկական ծագում ունեցող անձը կ’ազատուի քաղաքացիութեան դիմում կատարելու նախապայման հանդիսացող երեք տարի Հայաստանի մէջ ապրած ըլլալու եւ հայերէն գիտնալու պարտաւորութիւններէն։ Պարզեցուած կարգն է ասիկա, որմէ կ’օգտուինք հայերս։ Ասիկա առանձնաշնորհեալ վերաբերմունք մըն է, որ անպայմանօրէն կը շոյէ գոնէ իմ ինքնասիրութիւնս։ Այլ վերաբերմունքի կարիք իսկ չկայ։
Այս հանդիպումէն սակայն, զգալի էր, որ երկքաղաքացիութեան օրէնքը սփիւռքահայերու տեսանկիւնէն քննարկուած, արժեւորուած ու գնահատուած չէ։ Այդ աշխատանքը պէտք է կատարուի անպայման։ Այդ ալ մեր գործն է, մեր այստեղի կազմակերպութիւնները պէտք է ձեռնարկեն նման քննարկումի մը, լուրջ շրջանակի մէջ։
Առաջարկ է ասիկա առ որ անկ է։