Վերջին շրջանին այս սիւնակով ողջունած ու գնահատած ենք ամէն քայլ, որ Հայաստանի մէջ առնուած է Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք կը նպաստեն ներազգային լարուածութեան մեղմացումին։
Այսօր նոյնպիսի գնահատանքի կ’ուզենք արժանացնել այս անգամ ընդդիմադիր կողմը, իր ղեկավար, նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կատարած յայտարարութիւններուն առիթով, որոնք, դրական տեղաշարժ մը կը փաստեն դէպի նուազ արմատականութիւն, դէպի բնականոն ընդդիմադիր գործունէութիւն։
Դրական կը նկատենք մանաւանդ Տէր Պետրոսեանի այն յայտարարութիւնները, որոնք հարազատ կը հնչեն համազգային արժէքներու տեսանկիւնէն, որոնցմէ ամէնէն գլխաւորը, անշուշտ, արտաքին թշնամիին ուղղուած պատգամն է, որ անոր կողմէ պատերազմական որեւէ գործողութեան պարագային, ազգը պիտի միաւորուի եւ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն միասնաբար պիտի պաշտպանեն հայրենիքի սահմանները։
Ամերիկեան «Հազարամեակի ծրագիրներ»ու շարունակման ի նպաստ Տէր Պետրոսեանի կոչը եւս պէտք է նկատել իբրեւ երկրի զարգացման առաջնահերթութեան գիտակցումի ապացոյց։
Երկխօսութեան պատրաստակամութեան նշան տալը, որքան ալ պայմաններով կամ նախապայմաններով համեմուած, կարելի է նկատել ճգնաժամէն դուրս գալու ուղղութեամբ առնուած կառուցողական քայլ։
Տէր Պետրոսեան իր այս քայլերով անշուշտ կը փորձէ դուրս գալ կազմակերպական այն դժուարին վիճակէն, որուն մատնուած էր իր ղեկավարած ընդդիմութիւնը, աշխատելու եւ պայքարելու հնարաւորութեան ճանապարհներ բանալով անոր առջեւ։ Նոյնիսկ եթէ սոսկ այդ նպատակով է, որ Տէր Պետրոսեան կը դիմէ այս քայլերուն, իշխանութիւնները կրնան ընդունիլ զանոնք որպէս քաղաքական պայքարի մարտավարութիւն, այդպիսին ալ ընդունիլ զանոնք եւ համապատասխան քայլերով հակազդել անոնց, թերեւս քայլ մըն ալ առաջ տանելու երկխօսութեան օրակարգի քննարկումը։ Յամենայնդէպս, զուտ այս գաղութէն ներս եղած տրամադրութիւններու լոյսին տակ, կարելի է տեսնել, որ Տէր Պետրոսեանի նոր մօտեցումները կրնան նուազեցնել տեղական լարուածութիւնները, կրնան նպաստել խաղաղեցնելու եւ հանգստացնելու կործանիչ ու ատելավառ յայտարարութիւններէն գրգռուած հայրենակիցներու հոգեվիճակը։