Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւն՝ իննիսուն տարուան հետեւողական, ամբողջական նուիրումի պատմութիւն: Այս մեծ կազմակերպութեան հիմնադրութեան յոբելեանի առթիւ առաջին խօսքը իրենցն է՝ համահայկական կառոյցի ղեկավար մարմնին, զոր կու տանք ամբողջութեամբ:
90 տարի առաջ՝ 1918ին, հայ ժողովուրդը խորհուրդ խորին զօրութեամբ կերտեց իր վարդահեղեղ ապագան։ Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի հերոսական ճակատամարտերով՝ 1918 Մայիս 28ին ծնունդ առաւ Ազատ եւ Անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, իսկ նոյն տարուան Նոյեմբեր 16ին խումբ մը իմաստուն եւ տեսլապաշտ հաւատացեալներու յղացումով կեանքի կոչուեցաւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը։
Մեր ապագայատեսիլ հերոսները ազատ եւ անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւն կերտեցին, որովհետեւ ունէին ամրակուռ հաւատք իրենց ազգային ըմբռնումներուն մէջ, տենդագին սէր՝ իրենց ժողովուրդին նկատմամբ եւ արտակարգ նուիրում, զոր փաստեցին իրենց կեանքով եւ կեանք տուին հայոց պատմութեան նորագոյն հրաշքին՝ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի համազգային գաղափարին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմակերտ հիմնադիրները իրենց անաղարտ հաւատքով եւ հայավայել վճռականութեամբ հիմը դրին հայ պատանիին ու երիտա սարդին հոգին, միտքը եւ մարմինը կերտող մեծ դպրոցին եւ յղացան մեր նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»ը, որ կը մարմնաւորէ գերակշիռը, այսինքն՝ իր անձէն առաջ եւ իր անձէն ետք, իր նմանին ծառայելու նուիրական ոգին ու յանձնառութիւնը, ամբողջական հաւատարմութիւնը։
90ամեայ մեր պատմութիւնը հարուստ եղաւ բացառիկ սխրագործութիւններով, իսկ միութենական կեանքը՝ անջնջելի ձեռքբերումներով եւ անոնց միշտ ուսանելի դասերով։
Յոբելեանները առիթներ են, որպէսզի նախ եւ առաջ արագ ակնարկ մը նետենք մեր իրագործումներու ճամբուն վրայ, ո՛չ միայն արձանագրուած յաղթանակներով հպարտանալու եւ պարծենալու, այլեւ ինքնաճանաչման ու ինքնաքննարկման լոյսով մեր ներկան յստակ տեսնելու եւ հաստատ քայլերով դէպի ապագայ առաջնորդուելու համար։
Թէեւ 90ամեայ անցեալ ունինք, բայց շատ երիտասարդ ենք տակաւին։ Եւ կոչուած ենք այդպէս ալ մնալու, որովհետեւ միշտ ապրեցանք նոյն խանդով ու միեւնոյն ստեղծագործ հաւատքով։ Այդպէս է նաեւ մեր ներկան, ինչպէս եւ տարբեր չի կրնար ըլլալ ապագան։ Հետեւաբար, պէտք է ձգտիլ նպատակասլաց կեանքի ոգին ու պահանջը միշտ կենդանի պահելու նպատակակէտին։ Ահա թէ ինչո՛ւ, այսօր, մենք յաւելեալ վճռականութեամբ եւ անխախտ հաւատքով պիտի շարունակենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդեդեւ եւ հաւատաքայլ երթը։
Այս կը պահանջէ նաեւ ազգը, մեր ներկան ու ապագան, եւ ասիկա անժամանցելի, անփոխարինելի ու համահայկական պահանջ մըն է, որ նախ եւ առաջ կը պահանջէ ՀԱՒԱՏՔ, ՍԷՐ եւ ՄԻՈՒԹԻՒՆ։ Կ՚ենթադրէ՝
– Լսել խղճին ձայնը՝ անեղծ հաւատքով միշտ դէպի հաւատքն ու ճշմարիտը ուղղուելու համար։
– Գերադասել հայ լեզուն, հայ մշակոյթը, հայկական արժէքները, աւանդութիւններն ու ազգային նկարագիրը։
– Հետապնդել մեր ժողովուրդի արդար եւ անժամանցելի դատը։
– Յանձնառու ըլլալ զոհողութեանց ու գիտակցօրէն նուիրուիլ։
– Անշահախնդրօրէն գործել եւ տալ անմնացորդ հաւատարմութեամբ։
– Յամառօրէն պայքարիլ դժուարութեանց դէմ՝ հայկերու վճռականութեամբ եւ վարդաններու զօրութեամբ։
– Միասին զգալ, միասին մտածել, միասին գործել, միասին յառաջ ընթանալ եւ միասին բարձրանալ բարձունքէ բարձունք։
Եկէք, միասնաբար ընթանանք դէպի հաւատքի, սիրոյ եւ միասնականութեան պայծառ ուղիին հորիզոնները, առաջնորդուինք հայակերտ ու մարդակերտ նուիրական նոյն արժէքներով, որոնք մեր նահատակներէն ու հիմնադիրներէն մեզի փոխանցուած այն եզակի ժառանգն ու կտակն են, որոնք պիտի լուսաւորեն մեր ե՛ւ ներկայի, ե՛ւ գալիքի ճամբան։
Հ.Մ.Ը..Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ