«Միջազգային ներում» կազմակերպութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան վերջերս հրապարակած զեկոյցները ծանր մեղադրանքներ կ’ուղղեն Հայաստանի իշխանութիւններուն:
Զոյգ զեկոյցներուն մէջ Հայաստանը կը ներկայացուի իբրեւ երկիր մը, ուր քաղաքացիներու մարդկային, քաղաքացիական իրաւունքները եւ ազատութիւնները կը բռնաբարուին, անոնց ազատ կամքին վրայ իշխանութիւններու կողմէ արգելքներ կը դրուին, ընտրակեղծիքները կը խրախուսուին ու կը կատարուին, մամուլի ազատութիւնները կը սահմանափակուին, կաշառակերութեանց առաջքը չ’առնուիր, ընդդիմադիր քաղաքական գործիչները կը կալանաւորուին:
Նոյնպիսի մեղադրանքներով լի են նաեւ մեր հարեւան երկրի՝ Ատրպէյճանի մասին նոյն կառոյցներու կողմէ հրապարակուած զեկոյցները, ինչ որ անշուշտ չի կրնար մխիթարել մեզ:
Բաւարար չի կրնար ըլլալ նաեւ մեր կողմէ որեւէ բողոքարկում, առարկութիւն, հիմնաւորուած չքմեղանք, ընդվզում, ուղղուած զեկոյցները պատրաստող ոչ կառավարական եւ կառավարական կառոյցներու դէմ: Այդ բոլորը պիտի ըլլան, պարտին ըլլալ Հայաստանի համապատասխան պետական օղակներու կողմէ, որպէսզի սրբագրուի՝ ինչ որ սխալ է եւ չափազանցուած, ապա եւ նուազագոյնի բերուի անոնց պատճառած քաղաքական եւ քարոզչական վնասը՝ Հայաստանի միջազգային վարկին ու հեղինակութեան:
«Միջազգային ներում»ի զեկոյցի պարագային Հայաստանին հասցուածը բարոյական ապտակ մըն է, որ չափազանց ծանր կը կշռէ մանաւանդ հասարակական բարձր գիտակցութեան տէր, քաղաքացիական աշխուժութեամբ լի խաւի վրայ, որու ազդեցութեան շրջանակը բաւական լայն է եւ որու ոգեւորութեան եւ օժանդակութեան կարիքը ունի որեւէ իշխանութիւն, եթէ ան նպատակադրած է իրական բարեփոխութիւններ մտցնել իր գործելակերպին, իր մօտեցումներուն եւ ընդհանրապէս իր հասարակական քաղաքականութեան մէջ:
Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութիւնները իրենք պէտք է կատարեն անհրաժեշտ եզրակացութիւնները, վերլուծեն վիճակը եւ դիմեն քայլերու, որոնք բարոյապէս անխոցելի կը դարձնեն մեր երկիրը, մեր պետութիւնը:
Չմոռնանք, որ «Միջազգային ներում»ի նման կազմակերպութիւններու զեկոյցները անցեալին բազմիցս վկայակոչուած են յատկապէս սփիւռքեան մեր կառոյցներու կողմէ, թրքական իշխանութեանց մարդկային իրաւանց ոտնակոխումները աշխարհի հանրային կարծիքին ներկայացնելու համար: Այս իրողութիւնը առանձնապէս հրատապ կը դարձնէ հրապարակուած զեկոյցը ըստ արժանւոյն գնահատելու եւ համապատասխան քայլեր առնելու պահանջը:
Ամերիկեան պետական քարտուղարութեան հրապարակած զեկոյցը քաղաքական փաստաթուղթ է, Հայաստանի հանդէպ քաղաքական իր յատուկ գիծը ունեցող, իր սեփական շահերով ղեկավարուող ու գործող կառոյցի մը տեղեկագիրն է եւ իբրեւ այդպիսին անպայմանօրէն կը հետապնդէ ներհայաստանեան քաղաքական գործընթացներուն վրայ ազդելու յստակ ծրագիր:
Ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու ամբողջ բանակ մը ունենալով իրեն ուղղակի կամ անուղղակի՝ անգիտակից գործակից, ամերիկեան արտաքին քաղաքականութիւնը վարող գերատեսչութիւնը իր այս զեկոյցը պիտի օգտագործէ իբրեւ մէկ այլ լծակ՝ իր խնդիրները լուծելու:
Այստեղ աշխատանքի բաժանում կայ: Հայաստանի իշխանութիւններու պարագային ընելիքը նոյնն է. Հայաստանը պէտք է անխոցելի ըլլայ որեւէ նպատակով կատարուող քննադատութենէ, որ կը վերաբերի հայ քաղաքացիի բարօրութեան, իրաւունքներուն թէ շահերուն:
Մեր գործը, այստեղ, այս ափերուն, ամերիկեան քաղաքական գիծին վրայ ազդել է, որ այդ ուղղութիւնը ըլլայ յօգուտ մեր պետականութեան շահերուն, յօգուտ մեր ժողովուրդին:
Ի վնաս Հայաստանի զոյգ զեկոյցները մեր անմիջական օրակարգի խնդիրներն են, որոնք աշխատանք կը պահանջեն, որոնցմէ պէտք է շահի միայն Հայաստանը: