Մայիսը «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժնի տարեդարձի ամիսն է։ Թերթի անգլերէն բաժնի նպատակը իր սկզբնական օրէն ի վեր եղած է հասնիլ մեր համայնքի անգլիախօս հատուածին, ինչպէս եւ ոչ հայկական շրջանակին հասնիլ, կապ մը ստեղծել քաղաքական պաշտօնատարներու, հասարակական գործիչներու եւ հայութեան միջեւ։
1993ին, «Ասպարէզ»ի անգլերէն բաժինը դարձաւ թերթի ամէնօրեայ հրատարակութեան մէկ մասը եւ շաբաթը հինգ անգամ ներկայացաւ համայնքին իր լուրերով եւ մեկնաբանութիւններով։ Նոյն ժամանակ, թերթի պատասխանատուները հիմնական որոշում մը առին՝ անգլերէն բաժինը բերելով առջեւ, հայերէնը դարձնելով ներդիր։ Նպատակը, անշուշտ, աճող թիւով անգլիախօսներուն մատչելի դարձնելն էր թերթը։
Այս տարի «Ասպարէզ» կը թեւակոխէ իր հարիւրերորդ տարին եւ, հարազատ մնալով իր դաւանանքին, ան կը շարունակէ ճիգ թափել աւելի լայն հանրութեան մը հասանելի դառնալու, դիմելով նորարար եւ մատչելի միջոցներու։ 1997ին «Ասպարէզ» դարձաւ մամուլի առաջին հրատարակութիւնը, որ ձեռնարկեց ունենալ իր սեփական կայքէջը, այդպիսով ընդարձակելով իր հասանելիութեան շրջանակը եւ հասնելով աշխարհասփիւռ հայութեան։
Անցեալ տարի «Ասպարէզ» բարեփոխեց իր կայքէջը, զայն դարձնելով առաւել դիւրին օգտագործելի, աւելցնելով նաեւ հայերէն բաժին մը եւ տրամադրելի դարձնելով նաեւ արխիւային մաս մը։
Յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ, «Ասպարէզ»ի շաբաթամէջի էջերը դուրս պիտի գան հայերէն օրաթերթի ներսի բաժնէն եւ տրամադրելի պիտի ըլլան միայն asbarez.com կայքէջէն։ Եկող շաբթուընէ սկսեալ, «Ասպարէզ»ի շաբաթօրեայ բաժինը առաւել ընդարձակ ծաւալով պիտի ներկայանայ իր ընթերցողներուն, միեւնոյն ժամանակ աւելի հարստացած կայքէջային նիւթերով։
Այս քայլով նոր գլուխ մը կը բացուի «Ասպարէզ»ի հարիւրամեայ պատմութեան մէջ, ուր ելեքտրոնային տեղեկատուական դաշտը կը գտնէ իր արժանի, ժամանակի պահանջին համապատասխանող տեղը։
Մեր կայքէջի այցելուներու թիւը օրէ օր կ’աճի։ Ընթերցողները կրնան նաեւ արձանագրուիլ եւ դառնալ անդամ այն մեծ խումբին, որ կարեւորագոյն լուրերու մասին տեղեկատուութիւնն ու ազդերը անմիջապէս կը ստանայ իր սեփական հասցէին։ Այս ծրագրի զարգացման հետ, մենք պիտի փորձենք առաւել ճոխ նիւթերով ներկայանալ թէ՛ կայքէջի, եւ թէ՛ տպագիր էջերու վրայ։
Գաղութիս կազմակերպութիւններն ու գործարար շրջանակները սիրով հրաւիրուած են իրենց ծանուցումները տեղադրելու «Ասպարէզ»ի կայքէջի վրայ՝ իրենց ձեռնարկներու ու ծառայութիւններու մասին տեղեակ պահելով նաեւ արհեստագիտութեան հետ հաշտ ընթերցողին։
Ուրեմն, սկսինք։ Դուք ալ միացէք մեզ, հանդիպեցէք մեզ «Ասպարէզ» կայքէջի կամ «Ասպարէզ» շաբաթաթերթի էջերուն վրայ։
Asbarez.com