ԵՐԵՒԱՆ.- Գնահատելով ԵԽԽՎ բանաձեւի պահանջներու կատարման ընթացքը՝ Ստեփան Դէմիրճեան կարծիք յայտնեց, թէ իրականացուած են կիսաքայլեր եւ յառաջընթաց չկայ: Անոր խօսքով՝ այդ պահանջքները ոչ թէ պէտք է կատարուին Եւրոպային ցոյց տալու համար, այլ՝ կատարուին իրական քայլեր՝ ներքին ճգնաժամը յաղթահարելու ուղղութեամբ:
«Ընդդիմութեան նախատեսած հանրահաւաքն էլ ամէն դէպքում կայանալու է եւ կրելու է խաղաղ բնոյթ», յայտարարեց ան՝ աւելցնելով, որ ընդդիմութեան պահանջքները յստակ են, իսկ առաջնայինը Մարտ 1ի իրադարձութիւններու հետեւանքով ձերբակալուածներու ազատ արձակելն է:
Հայաստանի Ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ս. Դեմիրճեան համոզուած է, որ ներքին քաղաքական կեանքին բնականոն հուն կարելի է վերադարձնել միայն ընտրութիւններու միջոցով:
Այս խնդիրները Դեմիրճեան կը համարէ առաջնային, մնացածները՝ անոնցմէ ածանցուած:
«Որեւէ խորհրդակցական մարմին չի կարող չէզոքացնել ընտրութիւնների բացասական հետեւանքները: Հանրային խորհրդի շուրջ քննարկումները ես չեմ կարեւորում եւ չեմ գտնում, որ դա այն միջոցն է, որով յաղթահարուելու է ներքաղաքական ճգնաժամը», յայտարարած է ՀԺԿ ղեկավարը։
Ըստ անոր, ընդդիմութեան լիազօրութիւններու ընդլայնումը ճիշդ քայլ է, սակայն նոր ընտրութիւններէ ետք միայն: