Եթէ կասկած ունիք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութիւնը աշխոյժ, կենսունակ, երիտասարդական աւիւնով լի միութիւն մըն է, կը բաւէ որ այս օրերուն յաճախէք Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Պըրմինկհամ» վարժարանը, եւ վստահաբար կը փարատի այդ կասկածը եւ այդ շրջափակէն կը հեռանաք հոգեպէս ամրապնդուած ու ոգեւորուած:
Այո՛, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը յաջողած է իր շուրջ հաւաքել գործունեայ, ձեռնհաս ղեկավարութիւն մը, որ միշտ փնտռտուքի մէջ է, միշտ ճիգ ու եռանդ չի խնայեր ընդարձակելու իր շրջանակը, պահելով, ամրացնելով իր հին ու նոր համակիրներու բանակին հետ կապը՝ փոխադարձ յարգանքի ու գնահատութեան իւրօրինակ շղթայով:
Իննսուն տարեկան կազմակերպութեան քառասնամեայ այս զաւակը, ամէնէն անբարենպաստ, ամէնէն մրցունակ պայմաններու տակ կրցած է ամէնէն դժուարին առաքելութիւնը կարեւոր չափով յաջողութեամբ կատարել: Ամէնէն էականը՝ ան յաջողած է իր շուրջ հաւաքել երիտասարդութիւն, զայն հրապուրել տարբեր աշխատաքներով, օգտակարը միացնելով հաճելիին, ազգայինը միացնելով համամարդկայինին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը յաջողած է նաեւ ջերմութեամբ իր շուրջ հաւաքել նիւթապէս բարօր վիճակի հասած երիտասարդ ու տարեց գործարար շրջանակ մը, որ ահաւասիկ տարուէ տարի չի յոգնիր իր նեցուկը տրամադրելէ այս կազմակերպութեան, որպէսզի ան կարենայ գլուխ հանել Նաւասարդեան Մարզախաղերու նման մեծ, զանգուածային, ծաւալուն ու բազմածախս միջոցառումը: Իրապէս պետական միջոցներ են պէտք՝ այսպիսի չափանիշերով, այսպիսի մակարդակով ձեռնարկ կազմակերպելու համար, եւ, ի պատիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան, ի պատիւ անոր բոլոր անդամներուն, ի պատիւ նուիրատուներու լայն փաղանգին՝ այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը շարունակականութիւն մը ապահոված է ու նոր բարձունքներ նուաճելու հաճելի ձգտումը կը դրսեւորէ:
Նաւասարդեան մարզախաղերու փայլատակող երեւոյթի կողքին, եւ անոր բազմաճիւղ առօրեային մէջ, այս տարի նոր խանդավառութիւն մը կը նկատուի, որ կը բխի սեփական ճամբարի մէջ բանակումներ կազմակերպելու հեռանկարէն: Այդ ալ արդէն իրականութիւն է եւ վստահաբար իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ հետագայ բոլոր ճամբարներու որակին, մասնակցութեան, ծրագիրներուն եւ սկաուտական կեանքին վրայ:
Այո՛, Հ.Մ.Ը.Մ.ը յաջողած կազմակերպութիւն է. կազմակերպութիւն մըն է, որ գիտակից է իր առաքելութեան, նպատակասլաց է իր թռիչքին մէջ: Յաջողութեան գրաւականը, կամ աւելի ճիշտ՝ գրաւականները.-
Նպատակի յստակութիւն
Առաքելութեան գիտակցում
Նուիրում
Համեստութիւն, եւ արժանաւորները յարգելու պարկեշտութիւն
Ազգային արժէքներու տիրութիւն ընելու պատրաստակամութիւն:
Մենք այս կազմակերպութենէն՝ նոր բարձունքներ նուաճելու ամէն ակնկալութիւն ունենալու իրաւունք ունինք: