ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 5րդ միջազգային տեսաժապաւէնի փառատօնի ընթացքին մեծ նշանակութիւն կը տրուի վաւերագրական ժապաւէններուն:
Փառատօնի ծրագիրներու տնօրէն Միքայէլ Ստամբոլցեան երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտնեց, որ իրենք հետաքրքրուած են այս բնոյթի ժապաւէններով, սակայն տարուէ տարի կը դժուարանայ ընտրութիւնը: «Այս տարի մենք ստացել ենք 200 վաւերագրական ժապաւէն, որոնց մեծ մասն աւելի շատ հեռուստահաղորդումների են նման, քան վաւերագրական կինոնկարի», նշած է ան:
Մ. Ստամբոլցեան ներկայացուցած է 5րդ «Ոսկէ ծիրան»ի վաւերագրական ֆիլմերու մրցոյթին մէջ ընդգրկուած քանի մը հեղինակներ: «Լաքշմին եւ ես» ժապաւէնի հեղինակ, հնդկուհի Նիշթա Ճաին յայտնեց, որ իր նոր ժապաւէնը էականօրէն կը տարբերի նախորդ տարի ներկայացուածէն: «Լաքշմին եւ ես»ը կը պատմէ երիտասարդ աղջկայ մը մասին, որ տնտեսուհի կ’աշխատի քանի մը տուներու մէջ: «Սա անձնաւորուած պատմութիւն է, բայց բնորոշ է Հնդկաստանում ապրող մօտ 10 միլիոն մարդկանց», աւելցուցած է Ճաին:
Պարսկուհի բեմադրիչ Ռոխսարէ Ղայեմմաղամի իր «Կապտախտ» տեսաժապաւէնը նուիրած է Թեհրանի փողոցները աշխատող նկարիչի մը պատմութեան: Ան կը կարծէ, որ իր ներկայացումէն ետք նկարիչին կեանքը պիտի չբարելաւուի, սակայն յոյս ունի, որ ժապաւէնը մարդկանց կը մղէ՝ աւելի խորացած մտածելու արուեստի եւ արուեստագէտի մասին:
Այլ ժապաւէն մը՝ սպանացի բեմադրիչ Օսքար Մօրենոյի «Այսօր օրը տարբեր է»ն, որ 30 տարիներ շարունակ թմրեցուցիչ դեղեր օգտագործող մարդու մը կեանքի վերջին օրերուն մասին է: Ժապաւէնին գլխաւոր թեմաներէն մէկը մահն է, եւ թէ ինչպէ՛ս հերոսը կը պայքարի անոր դէմ:
Ի դէպ, ասիկա Օ. Մօրենոյի առաջին աշխատանքն է, որուն նկարահանման համար ինք՝ բեմադրիչը, շատ դժուարութիւններու հանդիպած է: «Մեզ համար դժուար էր, քանի որ մեզ սկզբում ոչ ոք չէր հաւատում», նկատեց ան:
Վաւերագրական տեսաժապաւէնի մրցանակին յաւակնող այլ գործ մը՝ «Կարմիր սառնարանի ճանապարհորդութիւն» ժապաւէնն է, որուն հեղինակներէն Լ. Մոնթէն նշեց, թէ զիրենք կ’անհանգստացնէ ճակատագիրը այն բազմաթիւ մանուկներուն, որոնք շահագործման կ’ենթարկուին: «Մեր ֆիլմը Նեփալում երեխաների շահագործման մասին է: Այն պատմում է 1 երեխայի մասին՝ դրանով իսկ ներկայացնելով հազարաւոր մանուկների ճակատագիր», յայտնեց բեմադրիչը:
Քանատացի բեմադրիչ Քարլ Վալիքէ իր տեսաժապաւէնը նկարահանած է Ինտոնեզիոյ կղզիներէն մէկուն մէջ, եւ անով կը պատմէ այնտեղի ծէսերուն մասին: Ժապաւէնը կը կրէ «Արիւն եւ խունկ» վերնագիրը: