Ֆրանսացի յայտնի դերասան Ժան Ռենօ նկարահանած է «Առաջին շրջան» տեսաժապաւէնը, որ կը պատմէ անընդհատ վիճող հօր եւ որդիի մասին: Վէճի հիմնական պատճառը այն է, որ տղան կը խօսի, կը շփուի հայկական համայնքի հետ: Դերասանը նշած է, թէ ինք համաձայնած է դեր խաղալ այդ ժապաւէնին մէջ, որովհետեւ մեծ յարգանք ունի Լեւոն Սայեանին՝ Շարլ Ազնաւուրի գործերու կազմակերպիչ ու գործակալին նկատմամբ: «Լեւոնն ինձ համար եղբայր է», յայտնած է Ժան Ռենօ ֆրանսական թերթերէն մէկուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին: