Ուքրանացի հայազգի մարզիկ Արթուր Այվազեանը հրաձգութեան մարզաձեւին մէջ նուաճած է ողիմպիական ոսկէ մետալ մը: Ան 50 մեթր հեռաւորութենէն ամէնէն դիպուկ կրակոցը կրցած է կատարել: Եզրափակիչ փուլին Ա. Այվազեան հաւաքելով 702.7 միաւոր՝ դարձած է ողիմպիական ախոյեան: Նոյն մրցապայքարի արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներու արժանացան ամերիկացի Մեթիու Էմմոնս եւ աւստրալիացի Ուօրէն Փոթըն: