Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը իր դռները բացաւ իր նոր եւ վերադարձող աշակերտներուն առջեւ՝ Սեպտեմբեր 3, 2008ին։ Վերամուտը, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս նշուեցաւ տօնական ու խանդավառ մթնոլորտի մէջ, ներկայութեամբ առաջնորդ սրբազան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի, Ազգ. վարժարաններու խնամակալ մարմնի ներկայացուցիչ Մակի Սարքունիի, բազմաթիւ ծնողներու, վարժարանիս տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, պաշտօնէութեան եւ այլ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու։
Բացման խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանիս տեսուչ Շարլ Լուսարարեան եւ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն՝ բացուած յայտարարեց 2008-2009 դպրոցական տարեշրջանը եւ յիշեց, որ 1979էն ի վեր Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանը տուած է 1500է աւելի շրջանաւարտներ, որոնք նուաճած են ուսումնական բարձունքներ, շեշտելով, որ այսօր ա՛լ վարժարանս նոյն հաւատքով, նոյն տեսլականով եւ ամբողջական յանձնառութեամբ կոչուած է դաստիարակելու իրեն վստահուած սերունդները։
Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի Տէրունական աղօթքէն ետք բեմ բարձրացաւ աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շամլեանը եւ ոգեշունչ խօսքերով կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ յանուն մեր ազգին եւ մարդկութեան վերելքին միանալու եւ միասնական ջանքերով նպաստելու վարժարանիս գործունէութեանը։ Ան շեշտեց, թէ՝ «Ինչ որ Ալէք Փիլիպոս կու տայ իբրեւ շունչ եւ հայեցի ոգի, կարելի չէ ուրիշ տեղ գտնել»։
Ապա, ան բեմ հրաւիրեց աշակերտական խորհուրդի մնացեալ անդամները, որոնք հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով արտասանեցին աշակերտական զոյգ ուխտերը։
Այնուհետեւ, բեմ բարձրացաւ վարժարանիս տնօրէն դոկտ. Վիգէն Եագուպեանը եւ ողջունելով աշակերտութիւնը՝ շեշտեց, թէ՝ «3Օ տարիներու պատմութիւն ունեցող մեր յառաջխաղացքը նահանջ չի ճանչնար։ Մեր նպատակն է կերտել հայ մարդը եւ հայ աշակերտը այն համոզումով, որ մարդակերտումը եւ հայակերտումը անքակտելի են իրարմէ եւ այս առաքելութեան հաւատալով է, որ կը շարունակենք մեր երթը»։
Իր շնորհակալական խօսքերուն մէջ տնօրէնը յիշեց ուսուցիչները, ծնողա-ուսուցչական մարմինը եւ յատկապէս ծնողները, որոնց ներդրումներով կը լիցքաւորուի եւ դրական արդիւնքներ կ’արձանագրէ այս վարժարանը։ Ան դրուատեց սրբազան հօր ներկայութիւնը, որ այս տարի վերամուտի գեղեցիկ օրուան կը հովանաւորէր, եւ եկած էր՝ իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելու։
Ձեռնարկի աւարտին սրբազան հայրը խօսքն ուղղելով բոլորին՝ յայտնեց, թէ՝ «Մեր վարժարանները կը համարուին մեր երկրորդ տուները, ուր ապահով, հարազատ եւ սիրոյ մթնոլորտի մը ընդմէջէն մեր մտքերը, սրտերը ու հոգիները բարոյական արժէքներով կը հարստանան»։ Ան օրհնեց բոլորին նուիրումն ու ծառայութիւնը եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ աշակերտները աղօթքով սկսան կրթական նոր տարեշրջանը։
Ան նշեց, թէ 2008 տարեշրջանը Քրիստոնէական դաստիարակութեան, իսկ 2009ը Քրիստոնեայ Երիտասարդութեան տարիներ հռչակուած են Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ։ Ան մաղթեց, որ 2008-2009 տարին ըլլայ յաջողութեան եւ նորանոր ձեռքբերումներու տարի:
Այս ոգեւորիչ բացումէն ետք աշակերտները ոչ միայն նոր տարազներով ու գրենական պիտոյքներով, այլ նաեւ նոր տեսլականներով, իրենց ուսուցիչներուն
առաջնորդութեամբ ուղեւորուեցան դէպի իրենց դասարանները։