Քաղաքական աշխարհին մէջ, 1958 թուականին կապուած են պատմական իրադարձութիւններ։ Իսկ մեզի՝ հայերուս, ու մանաւանդ Հիւսիսային Ամերիկայի հայկական օճախին համար, 1958 տարին պատմական է, որովհետեւ այդ տարիէն սկսեալ, այսինքն ուղիղ 50 տարի առաջ սկիզբ առաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր ու ազգային ծառայութիւնը այս ափերուն։
Յոբելենական տարուան առիթով, մտերմիկ հարցազրոյցի մը համար ժամադրուեցանք Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ։ Ուղղուեցանք Ազգ. Առաջնորդարան։ Երբ ինքնաշարժով դուրս եկանք թիւ 210 ազատուղիէն, Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան գեղակերտ կառոյցն ու անոր կողքին բարձրացած շէնքը դիմաւորեցին մեզ՝ Առաջնորդարանի շրջափակէն ներս մտնելէ առաջ իսկ։ Ըսինք՝ գեղակերտ կառոյց, որովհետեւ անոր յղացքն ու իրականացման պատմութիւնը հպարտութեամբ կը լեցնեն մեր սիրտերը, իսկ անոր բազմապիսի ծառայութիւնները իբրեւ բարիք կը բաշխուին մեր ժողովուրդին ու նորահաս սերունդներուն։
Մուշեղ Սրբազանին հետ մեր զրոյցը ընդգրկեց քիչ մը պատմութիւն, շատ մը աշխատանք ու նորանոր ծրագիրներ, միշտ ի մտի ունենալով Ազգային Առաջնորդարանի դերակատարութիւնը մեր ժողովուրդի եկեղեցական ու կրթական կեանքերուն մէջ։ Ահաւասիկ զայն կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Սրբազան Հայր, նախ եւ առաջ կ՚ուզենք խնդակցիլ յոբելենական տարուան առիթով։ Հաւանաբար մեր զրոյցին համար լաւագոյն մեկնակէտը պիտի ըլլայ վերադառնալ պատմական դէպքերուն։ Ուրեմն, 50 տարի առաջ էր երբ…
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Այո. 1958ին էր որ հիմը դրուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայական կեանքին։ Երջանկայիշատակ Տ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի գահակալութեան շրջանն էր։ Մինչ այդ, մեր եկեղեցւոյ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի հոգեւոր ծառայութիւնները այս ափերուն տասնամեակներու պատմութիւն կերտած էին թէ՛ արեւելեան եւ թէ արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ։ Դուք ծանօթ էք որ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցին այսօր ունի աւելի քաքն 105 տարիներու պատմութիւն, Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ եկեղեցին, Լոս Անճելըսի քաղաքամէջի շրջանի իր օրերէն ասդին, ապրած է շուրջ 85 տարիներու կեանք…
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Սրբազան Հայր. կ՚արժէ պահ մը կանգ առնել այդ օրերու որոշ մանրամասնութիւններու վրայ ու յստակացումներ կատարել Թեմի հիմնադրութեան մասին:
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Ինչո՞ւ չէ։ Խօսինք կարգ մը իրականութիւններու մասին, որոնք պատմական ճշմարտութիւններ են։ 1958ի անկիւնադարձը կանխող տարիներուն, ինչպէս հայրենիքէն դուրս գտնուող հայկական տարբեր օճախներու, նոյնպէս ալ Ամերիկայի՝ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ (այդ օրերուն Քանատայի գաղութը տակաւին չունէր այսօրուան տարածքն ու կազմակերպական վիճակը), անխուսափելիօրէն կը գտնուէր մեծ մասամբ հայութեան սեփական կամքէն անկախ ազդեցութիւններու եւ հակադրութիւններու ազդեցութեան տակ։ Այդ ազդեցութիւնները անցանկալի տարբերակումներ ստեղծած էին հայութեան մէջ. այսօր կը խօսինք ուրախառիթ յոբելեանի մը մասին, հետեւաբար եկէ՛ք, չերթանք տխուր մանրամասնութիւններու խորքը, այլ բաւականանանք միայն յիշատակելով, որ ստեղծուած անբաղձալի կացութեան մէջ, մեր ժողովուրդին մէկ կարեւոր հատուածը տարիներ շարունակ զրկուած էր հոգեւոր մատակարարութենէ, հոգեւոր սնունդէ, եւ այդ՝ եկեղեցւոյ կեանքին հետ կապ չունեցող պատճառներով։ Քրիստոսի Առաքեալներուն կողմէ հաստատուած ու Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին ձեռամբ ազգային հաստատութիւն դարձած մեր եկեղեցին դարերու ընթացքին ու մինչեւ այսօր մէ՛կ եղած է ու պիտի մնայ, սակայն անցեալին ալ, արտաքին ազդեցութիւններու հետեւանքով, ձեւական ու շինծու բաժանումներ ստեղծուած են, սակայն ոչ մէկ ատեն մեր ժողովուրդին խնայուած է հոգեւոր ու ազգային ծառայութիւն։
Ստեղծուած խոտոր վիճակը դարմանելու ճիգերը ապարդիւն մնացած էին, իսկ ազգային եկեղեցւոյ հետ ժողովուրդին սպասումները հետզհետէ կ՚աճէին։ Ի վերջոյ, ընդառաջելով նոյնինքն ժողովուրդէն եկած խնդրանքներուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, կանոնական բոլոր քայլերը առնելէ ետք, ու յարգելով ժողովրդավարութեան տառն ու ոգին, ընդառաջեց այս ափերուն հոգեւոր ծառայութիւն մատակարարելու խնդրանքին, հաստատելով Հիւսիսային Ամերիկայի Թեմը։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Առաջին հանգրուանին, ամբողջ շրջանը մէկ թեմ էր, չէ՞…
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Բնականաբար. գիտէք. այդ շրջանին, Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի հայութիւնը չունէր այսօրուն ստուար թիւը, տարածքն ու կազմակերպական դրութիւնը։ Հայերու կարեւոր թիւ մը կը բնակէր Պոսթընի, Նիւ Եորքի ու շրջակայ գօտիին մէջ։ Արեւմտեան ափերուն, Ֆրեզնոն էր հայութեան իրողական «մայրաքաղաք»ը. Լոս Անճելըսն ու շրջակայ գօտին, Սան Ֆրանսիսքոն ձեւով մը կը մնային Ֆրեզնոյի շուքին տակ։ Այս ամբողջ գաղութին հոգեւոր կեանքը կը կառավարուէր Նիւ Եորք հաստատուած Առաջնորդարանէն։ Ատիկա կարելի էր այդ օրերուն։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Դուք արդէն մեր զրոյցը առաջնորդեցիք այլ կարեւոր հանգրուանի մը։ Այս տարի յոբելենական տարի է նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմին համար, 35րդ տարեդարձը…
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Այո. Արեւմտեան մեր Թեմը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 35րդ տարեդարձը։ Այս շրջանին առանձին Թեմ դառնալն ալ արդիւնք էր կեանքի բնական պայմաններու. Լոս Անճելըսէն մինչեւ Օրէնճ Քաունթի ու Սան Ֆրանսիսքօ, հայութեան թիւը արագ աճ արձանագրեց 1958ին յաջորդած տարիներուն ու տասնամեակներուն։ Ժողովուրդն ու մանաւանդ նորահաս սերունդները կարիքը ունէին նոր եկեղեցիներու, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ, անոնց հովանիին տակ հոգեւոր ու մշակութային կեանքի զարգացման։ Ստեղծուած էր վիճակ մը, ուր Նիւ Եորքի Առաջնորդարանը մարդկօրէն մեծ դժուարութիւններու կը մատնուէր մեր ժողովուրդին կարիքներուն հասնելու համար։ Հետեւաբար, անգամ մը եւս որդեգրուեցան ժողովրդավարական ու կանոնական քայլեր ու 1973ին, Լոս Անճելըսի մէջ ունեցանք Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանը։ Կ՚ուզեմ շեշտել, որ այս քայլերն ու տնօրինումները պէտք չէ բացատրել «բաժանում» բառով, որովհետեւ, ինչպէս ըսի քիչ առաջ, մեր եկեղեցին մէկ է, ինչպէս մեր հայրենիքը, մեր ցանկութիւնն է որ մեր կամքէն անկախ հարկադրանքներու հետեւանքները դարմանուին, սակայն ժողովուրդի ու գաղութներու կեանքի իրողական ու բնական զարգացումներէն բխող պահանջները, կարիքները չեն կրնար աչքաթող մնալ, մեր եկեղեցին ու կառոյցները՝ Ազգ. Առաջնորդարանն ու ծխական շրջանները պէտք է ընդառաջեն այդ պահանջներուն։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Քանի կ՚ապրինք Արեւմտեան Թեմին մէջ, եկէք, կեդրոնանանք այս շրջանին մէջ կատարուած իրականացումներուն վրայ։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Երբ կը խօսինք մեր Թեմի իրականացումներուն մասին, պէտք չէ մոռնալ, որ Ազգ. Առաջնորդարանն ու անոր հովանիին տակ գործող բոլոր կառոյցները Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ու անոր գահակալը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոսը եւ ժողովականութիւնը կը նկատեն ուղեցոյց փարոս, մեր աշխատանքները ուղղութիւն կը ստանան Անթիլիասի Ս. Աթոռէն։
Բնականաբար ո՛չ մեր ժամանակը, ո՛չ ալ Ձեր թերթին սիւնակները բաւարար են մեր Թեմի իրագործումներուն մասին խօսելու համար, հետեւաբար, մեր ընելիքն ու ըսելիքը հազիւ թէ արագ թուարկումի սահմաններէբն անդին անցնի։ Անմիջապէս ըսենք, որ մեր աշխատանքները ունին գլխաւոր քանի մը կալուած. կան մեր եկեղեցիները, այսինքն ծխական շրջանները, ունինք Ազգային վարժարաններու ցանցը՝ իր համապատասխան կառոյցով ու աշխատանքի մեքենայով, իսկ անոնց կողքին ունինք Կիրակնօրեայ դպրոցները, երիտասարդական միութիւնները, Առաջնորդարանիս ու եկեղեցիներու տիկնանց միաւորները եւ անոնց հետ գործակցող յանձնախումբեր ու մարմիններ։ Այս բոլորը կը գործեն Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովին ու Ազգային Վարչութեան հովանիին տակ, առաջինը ըլլալով Թեմիս օրէնսդիր ժողովը, իսկ երկրորդը՝ գործադիր մարմինը։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Թուարկումը սկսինք եկեղեցիներով, ծխական շրջաններով։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Մեր թեմի կազմաւորման շրջանին, մեր եկեղեցիներուն, այսինքն՝ ծխական շրջաններուն թիւը փոքր էր։ Ժամանակի ընթացքին, եւ ընդառաջելով ժողովուրդի թուական աճէն ու աշխարհագրական տարածքէն բխած պահանջներուն, մեր եկեղեցիներուն թիւը եւ ծխական համայնքները աւելցան։ Սկսելով հարաւէն՝ ունինք Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, Մոնթեպէլլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարը, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցին, Հոլովուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, Քրեսենթա Հովիտի մեր եկեղեցին, Հովիտի Ս. Նահատակաց եկեղեցին, Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցին եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, իսկ Քոլորատօ նահանգին մէջ ունինք Քոլորատոյի եւ Ռաքի Մաունթընի Հայց. Առաքելական եկեղեցին։ Բացի Քոլորատոյի ու Քրեսենթա Հովիտի ծխական համայնքներէն, բոլոր ծխական շրջանները ունին սեփական եկեղեցիները, նորագոյններէն է Ս. Սարգիս եկեղեցին։ Կը յուսանք, եւ ծխական շրջանի հոգաբարձութիւնն ու ժողովականութիւնը կ՚աշխատին, որ Լա Քրեսենթայի շրջանին մէջ եւս ունենանք սեփական եկեղեցի. առայժմ, շրջանին մէջ արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան վարձու եկեղեցւոյ մը մէջ։ Ըսեմ, որ Փասատինայի մեր ծխական համայնքը շուրջ 17 տարի նոյն կացութեան մէջ էր. կը յուսանք, որ Լա Քրեսենթայի համայնքը աւելի բախտաւոր ըլլայ։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Նոր շրջաննե՞ր… Ծխական նոր համայնքնե՞ր…
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Մեր յիշած եկեղեցիներէն ու ծխական համայնքներէն զատ, ունինք նաեւ նոր կազմուած ծուխեր։ Անոնք են Լաս Վեկասի ու Ռիվըրսայտի ծխական համայնքները, որոնք արդէն ունին աւելի քան երեք տարուան կեանք։ Ազգային Առաջնորդարանին դիմումներ ներկայացած են նաեւ այլ հայահոծ շրջաններէ, ու մենք, Ազգային Վարչութեան հետ, կը քննարկենք կազմակերպչական աշխատանքները։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ո՞ր շրջաններուն մէջ…
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Կը նախընտրենք չմանրամասնել. գիտէ՞ք, կազմակեպչական ու նախապատրաստական աշխատանքները երբեմն երկար ժամանակ կը խլեն. չենք ուզեր արտայայտուիլ գործընթացներու մասին, որոնք տակաւին շօշափելի արդիւնքի չեն հասած։ Վստահ եղէք, որ մեր ժողովուրդը տեղեակ կը պահենք, երբ այդ հանգրուանին հասնինք։ Այդպէս ըրած ենք միշտ. կը նախընտրենք այս ոճով աշխատիլ։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Անցնինք կրթական-ուսումնական մարզին…
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Հայկական հին աւանդութիւն է, որ մեր եկեղեցիները իրենց կողքին ունենան նաեւ դպրոց։ Այս աւանդութիւնը բնականաբար ի զօրու է նաեւ մեր Թեմին մէջ, եւ կը մարմնաւորուի Ազգային վարժարաններու ցանցով։
Ծանօթ է, որ մեր Թեմին մէջ առաջին ամենօրեայ վարժարանը հաստատուած է Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կողքին. Ֆերահեան երկրդ. վարժարանը։ Աւլի ուշ, հիմնուած են Շամլեան, Ա. Փիլիպոս, Մեսրոպեան, Արի Կիրակոս Մինասեան, Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարաններն ու Թիւֆէնքեան ու Թաւլեան Մանկամսուրները։ Յիշեալ բոլոր վարժարաններն ալ ունին մանկապարտէզի ու մանկամսուրի բաժիններ։ Այլ խօսքով, բոլոր հայաշատ օճախներուն մէջ կը գործեն նախնական թէ բարձրագոյն կրթութեան, ըսել կ՚ուզենք երկրորդական մակարդակով դպրոցներ։ Եւ ուրախ եմ ըսելու, որ մեր բոլոր վարժարաններն ալ ունին ուսումնական բարձր մակարդակ, մեր շրջանաւարտները յաջողութիւն կ՚արձանագրեն թէ՛ համալսարանական կեանքի եւ թէ աշխատանքի ասպարէզներու մէջ։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Մեր վարժարանները կը բաւարարե՞ն մեր գաղութի կարիքները։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Գաղտնիք չէ որ չեն բաւարարեր. հոս կ՚ուզեմ բարձր գնահատել մեր գաղութի բոլոր հայկական վարժարաններուն սերնդակերտ գործը, բայց կը հաւատամ, որ բոլորն ալ համակարծիք կ՚ըլլան ինծի, եթէ ըսեմ, որ մեր լաւագոյնը անբաւարար է հոգալու բոլոր կարիքները։ Յաճախ մամուլին մէջ տեղեկագրական յօդուածներ կամ ուսումնասիրութիւններ լոյս կը տեսնեն, իմացնելու համար, որ հայկական բոլոր վարժարանները կրնան հոգալ միայն աշակերտութեան մէկ փոքր համեմատութեան, առաւելագոյնն 10 առ հարիւրին պահանջը։ Ի մտի ունիմ համայնքային, միութենական ու Դաւթեան-Մարիամեան Կրթական Հաստատութեան պէս կազմակերպութեանց աշատանքն ալ։ Երկար ատենէ ի վեր հայկական նոր վարժարաններ չեն հիմնուած մեր թեմին մէջ։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Քանի մը ամիս առաջ Առաջնորդարանէն տրուած հաղորդագրութիւն մը նորութիւն կ՚աւետէր։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Այո. մեր ժողովուրդին աւետեցինք թէ ճամբու մէջ է նոր երկրորդական վարժարանի մը ծրագիրը, կը յուսանք շուտով կը մարմնաւորուի։
Այս ծրագիրը նորութիւն չէ. այս ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանք կը տանինք առ նուազն 5-6 տարիէ ի վեր, սակայն այս մասին որեւէ հրապարակում չէինք ըրած, որովհետեւ, ինչպէս ըսի քիչ առաջ, չենք ուզեր խօսիլ սաղմնային ծրագիրներու մասին, երբ շօշափելի արդիւնքի հանգրուանին չենք հասած։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Ի՞նչ պատահեցաւ, որ հասանք շօշափելիին։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Ինչպէս յիշատակած էինք մեր հաղորդագրութեան մէջ, ունեցանք բարերար մը՝ յանձին լոնտոնաբնակ Րաֆֆի Մանուկեանի, որ ազգային ծանօթ բարերար է։
Քիչ մը մանրամասնեմ։ Տարիներ առաջ, յատկապէս Կլենտէյլի հայութեան թուական աճին բերումով, մեր օրակարգին վրայ մնայուն հարց դարձաւ շրջանին մէջ երկրորդական վարժարանի մը ծրագիրը։ Մեր միւս երեք երկրորդական վարժարանները՝ Մեսրոպեանը, Ֆերահեանն ու Ալեք Փիլիպոսը, աշխարհագրականօրէն բաւական հեռու են Կլենտէյլ հայաշատ աւանէն։ Ծնողներ, ուսուցիչներ, տնօրէններ եւ մեր ժողովականութիւնը անյետաձգելի կը նկատէր այս շրջանին մէջ երկորդական դպրոցի մը հիմնադրութիւնը։
Կազմուեցաւ յատուկ յանձնախումբ մը, որ պարտականութիւնը ունի մարմին տալու այս ծրագիրին։ Պէտք ունէինք յարմար կալուածի մը եւ անոր ձեռքբերման անհրաժեշտ նիւթական միջոցներուն։ Քանի մը ամիս առաջ, ազգային բարերար Րաֆֆի Մանուկեան, իմանալով այս ծրագիրին մասին, Ազգ. Առաջնորդարան ներկայացաւ եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց առ նուազն 6 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն կատարելու ի խնդիր այս ծրագիրին իրականացման։ Յանձնախումբը եւս մեզի պէս ուրախ է եւ կը յուսանք, որ յարմար կալուած մը կարելի պիտի ըլլայ ձեռք բերել շուտով։ Մեր խանդավառութիւնը փութկոտութեան ու հապճեպ գործելու չի տանիր մեզ։ Չենք ուզեր մսխում կատարել. այդպէս կ՚ընենք մեր բոլոր ծրագիրներուն պարագային, ինչպէս ըրինք Ազգ. Առաջնորդարանի նոր շէնքի կառուցման համար։ Կ՚ուզեմ այս առիթով անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել թէ՛ Րաֆֆիին եւ թէ մեր բոլոր բարերարներուն, որոնք կը հաւատան մեր առաքելութեան, կը տեսնեն մեր աշխատանքը եւ անվերապահ կերպով աջակից կ՚ըլլան մեզի։ Մեր ժողովուրդը այսպէս եղած է միշտ. երբ կը տեսնէ դրական աշխատանք, երբ կը տեսնէ անշահախնդիր մօտեցում, իր աջակցութիւնը չի խնայեր ազգօգուտ աշխատանքներու։ Կը կրկնեմ, մեր Ազգ. Առաջնորդարանի նոր շէնքը լաւագոյն մարմնաւորումն է մեր բարերարներուն ու մեր ժողովուրդի զաւակներուն նուիրաբերումի ոգիին։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Եկեղեցիներ ու դպրոցներ հովանաւորելը հսկայական աշխատանք է. մեր ժողովուրդը յաճախ ծանօթ չէ այդ աշխատանքին չերեւցող բաժինին. կրնա՞ք լուսաբանել ընթերցողը։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Մեր ժողովուրդը ուղղակի ականատես ու բաժնեկից է մեր եկեղեցիներու աշխատանքներուն. ներկայ կ՚ըլլայ արարողութիւններու, ուրախ եւ տխուր առիթներով եկեղեցի կ՚երթայ. դպրոցներու կեանքին մասնակից են անոնք, որոնք աշակերտ զաւակներ ունին։ Այս առիթով, կ՚արժէ որոշ մանրամասնութիւններ հաղորդել մեր դպրոցներու դրութեան մասին, հոգ չէ թէ ոմանց համար անիկա նորութիւն չէ։
Մեր դպրոցներու համակարգը կը գործէ յատուկ կանոնագրութեամբ եւ աշխատանքի բաշխումով։ Դպրոցներու ներքին-ուսումնական կեանքին պատասխանատուութիւնը կ՚իյնայ տնօրէններուն եւ դաստիարակներուն ուսերուն. անոնք կը գործեն ծնողներուն եւ տարբեր մարմիններու հետ գործակցաբար։ Այս բոլորը տեսանելի են ու գնահատելի։ Նուազ տեսանելի են ընդհանուր համակարգի աշխատանքի դրութիւնները։
Ազգային Վարժարաններու ընդհանուր վերահսկողութիւնը վստահուած է Խնամակալ Մարմինին, որ կը նշանակուի Ազգային Վարչութեան կողմէ։ Խնամակալ Մարմինը կը հետեւի դպրոցներու ուսումնական ու տնտեսական աշխատանքներուն, այսինքն, հոգ կը տանի, որ իւրաքանչիւր դպրոցի ուսումնական մակարդակը մնայ բարձր, ապրի յարատեւ բարելաւում, իսկ տնտեսական վիճակը դժուարութիւններ չդիմագրաւէ։
Ազգային Երեսփոխանական վերջին ժողովին, վաւերացուեցաւ կրթական համակարգի բարեփոխուած կանոնագիրը. նախկին կանոնագիրը հաստատուած էր 1999ին, սակայն յաջորդող տարիներուն, փորձառութիւնը ցոյց տուած էր, որ բարեփոխումները անհրաժեշտ են։ Աշխատանքի բոլոր մարզերն ալ այդպէս են, չէ՞։ Կեանքը միշտ նորութիւններ կը բերէ, յառաջդիմութիւններ կ՚արձանագրուին, ու մարդիկ, միութիւններ, կազմակերպութիւններ կ՚աշխատին նորին պատշաճեցնել իրենց աշխատանքի դրութիւնը, յառաջ երթալ։ Այս առիթով, ես կ՚ուզեմ անգամ մը եւս գնահատանքով արտայայտուիլ Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, անոր կազմած յանձնախումբերուն ու մարմիններուն, ինչպէս նաեւ մեր վարժարաններու տնօրէններուն ու դաստիարակներուն մասին, որոնք ճիգ չեն խնայեր մեր պատանիներուն ու մանուկներուն ընծայելու հայկականը, հոգեկանը եւ միտքի հարստացման միջոցները։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Եթէ գաղտնիք չէ, կրնա՞ք որոշ լուսաբանութիւն տալ, թէ Ազգ. Առաջնորդարանի աշխատանքները ուրկէ՞ կ՚ապահովեն նիւթական միջոցները, որովհետեւ, ինչպէս գիտենք, մերօրեայ աշխարհին մէջ նիւթական միջոցները հիմնական դեր ունին։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Գաղտնիք չկայ. Ազգ. Առաջնորդարանը ազգային հաստատութիւն է, թափանցիկութիւնը մեր որդեգրած հիմնական սկզբունքն է. մենք կլասնոսթ կիրարկած ենք Խորհրդային Միութենէն շատ առաջ…
Բայց նախ, կ՚ուզեմ գնահատանքով արտայայտուիլ բոլոր այն անհատներուն ու միաւորներուն մասին, որոնք Առաջնորդարանիս կը տրամադրեն կամաւոր աշխատանք։ Ընդհանրապէս կը տարուինք մտածելով, որ կամաւոր աշխատանքի դարը անցած է, սակայն բարեբախտաբար այդպէս չէ։ Առաջնորդարանիս աշխատանքներուն մէջ մեծ դեր ունին մեր կամաւորները։ Պիտի ուզէի մանրամասնօրէն խօսիլ Կիրակնօրեայ դպրոցներու կամաւոր ուսուցիչներուն մասին։ Պիտի ուզէի վեր առնել մեր երիտասարդական ու քրիստոնէական դաստիարակութեան կալուածներուն մէջ մատուցուող կամաւոր աշխատանքը։ Մի մոռնաք, որ մեր ժողովականութիւնը ամբողջ, Ազգային Երեսփոխանները, Ազգային Վարչութեան անդմաները, Խնամակալ Մարմինը, դպրոցներու Ուսումնական Մարմինները, հոգաբարձութիւնները, տիկնանց միութիւնները եւ դեռ շատ ու շատ ուրիշ միաւորներ կամաւոր ու անվճար կը գործեն, յառաջ տանելու համար մեր եկեղեցկան ու կրթական կեանքերը, մէկ խօսքով, մեր ազգային կեանքը։ Նոյնը չե՞ն ըներ մեր մարզական ու մշակութային միութիւնները, Հայ Դատի գործիչներուն մեծ մասը։ Հիմա առիթ է այս քանի մը բառը ըսելու անոնց մասին ու կրկնելու. բոլորին վարձքը կատար։
Գալով ձեր հարցումին. ճիշդ կ՚ըսէ. ներկայ դարուն, նիւթական միջոցները կենսական դեր ունին որեւէ աշխատանքի մէջ։ Սակայն քիչ առաջ ակնարկեցի արդէն. մեր ժողովուրդը, հոգ չէ թէ յաճախ բացասական բաներ կ՚ըսուին անոր մասին, իւրայատուկ ու բարի յատկանիշ մը ունի. ցոյց տուէք իրեն հանրօգուտ, նոր սերունդներուն համար օգտակար ծրագիր մը, ցոյց տուէք անշահախնդիր մօտեցում, ու պիտի տեսնէք, թէ ինչպէ՛ս օգնութիւն հասցնող ձեռքերը մրցումի պիտի ելլեն իրարու հետ, ազնիւ մրցակցութիւն մը պիտի ստեղծուի։
Բացտարեմ օրինակներով։
Ազգ. Առաջնորդարանը յաճախ մեր ժողովուրդին կը ներկայանայ յստակ ծրագիրներով. աւելի քան տասնամեակ մը առաջ, ձեռնարկեցինք հայերէն լեզուի, հայոց պատմութեան ու հայ դատի դասագիրքերու հրատարակման աշխատանքին։ Ծրագիրին մարմնաւորման մէջ բաժին ունեցան կամաւորն ու բարերարները։ Ուսուցիչներու յանձնախումբ մը տարաւ պատրաստական կամաւոր աշխատանքը, անհատ բարերարներ, միութիւններ ու հաստատութիւններ հոգացին նիւթական միջոցները։ Այսօր, այդ դասագիրքերը բարիք բերած են ո՛չ միայն մեր գաղութի աշակերտներուն, այլ անոնցմէ կ՚օգտուին Քանատայի, Արեւելեան Թեմի ու մինչեւ Աւստրալիոյ ու Կիպրոսի հայ աշակերտները։
Այս ու նման աշխատանքներու համար, կը ստեղծուին յատուկ հիմնադրամներ, որոնք կ՚օգտագործուին միայն ու միայն ճշդուած նպատակներու համար։ Այս իրականութիւնը ծանօթ է մեր ժողովուրդին ու արդիւնքն ալ կ՚ըլլայ համապատասխան քաջալերանք։ Մեր հիմնադրամներուն շարքին են Գարիքեան հիմնադրամը, որմէ կ՚օգտուին որոշ ճիւղերու հետեւող հայ համալսարանական ուսանողներ։ Ունինք շարք մը անհատական հիմնադրամներ, որոնց հասոյթը կը տրամադրուի մեր դպրոցներու յաջողակ աշխակերտներուն, շրջանաւարտներու։ Ազգային Առաջնորդարանի նոր շէնքը արդիւնք էր Նոր Շէնքի Հիմնադրամին, որ տարուէ տարի ուռճացաւ շնորհիւ գլխաւոր բարերարներուն՝ Գարոլան, Պետրոսեան ընտանիքներուն թէ անհատ ազգայիններու կատարած նուիրատուութիւններով։ Անոնց կողքին կ՚ուզեմ յատկապէս յիշատակել Դպրեվանքի Սաներու միութիւնն ու անոր հաստատած հիմնադրամը, որ իր կարգին տարուէ տարի կ՚աճի սրտաբուխ նուիրատուութիւններով ու որուն հասոյթը կը տրամադրուի Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին։ Ունինք նաեւ կրթանպաստի ու հոգեւոր հրատարակութիւններու հիմնադրամներ, որոնց միջոցով սահմանափակ թիւով կրթաթոշակներ կը տրամադրուին արժանաւոր կարիքաւորներու եւ կ՚իրականանան մեր պաշտօնաթերթին՝ «Հոգեւոր Պրիսմակ»ին եւ կրօնական բնոյթով գիրքերու հրատարակութիւնները, Կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտութեան յատուկ նկարներու եւ գրքոյկներու հրատարակութիւնը։ Նշեմ, որ կարգ մը բարեսէր ազգայիններ իրենց սիրելիներու յիշատակին կամ անոնց ի պատիւ՝ Առաջնորդարանիս հովանիին տակ հաստատած են շարք մը հիմնադրամներ, որոնք հասոյթը, ըստ իրենց կամքին, կը տրամադրուի յստակ նպատակներու։ Այս բոլորը կ՚արձանագրենք սրտի գոհունակութեամբ ու մեր ժողովուրդին նուիրաբերումի ոգին բարձր գնահատելով։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Իսկ մեր վարժարաններուն ի նպաստ նիւթական ներդրումնե՞րը։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Դպրոցներու պարագային, ծնողներու վճարած կրթաթոշակներուն կողքին, միշտ ալ ունեցած ենք ու պիտի ունենանք բարերարութիւններ։ Նորագոյն օրինակներէն յիշատակեմ Ազգ. Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի գրադարանին ու մարզարանին ծրագիրները, ապա նաեւ Ֆերահեան վարժարանի համալիրին մէջ ՀՕՄի Ս. Նահատակաց Աշխէն Փիլաւճեան Մանկամսուրին վերակերտումը։
Այս ու նմանօրինակ բարերարութիւններու կողքին, Ազգ. Առաջնորդարանս ու մեր կրթական համակարգը երախտապարտ են Լինսի Հիմնարկին՝ անոր հիմնադիրին ու երէկի եւ այսօրուան պատասխանատուներուն, որոնք տարեկան յաջորդականութեամբ նկատառելի ու իշխանական յատկացումներ կը կատարեն մեր վարժարաններուն։ Ազգ. Առաջնորդարանս հիմնարկութեան կը ներկայացնէ մեր վարժարաններուն իրագործումներուն ու կարիքներուն պատկերները, իսկ հիմնարկութիւնը կը տրամադրէ նիւթական համապատասխան նուէրներ։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Իսկ մեր թեմէն անդի՞ն… Կաթողիկոսութեան ու այլ թեմերու հետ գործակցութեան ծիրին մէ՞ջ…
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Ինչպէս ըսի մեր զրոյցի սկզբնաւորութեան, Կաթողիկոսութեան հետ մեր գործակցութիւնը կ՚ընթանայ բնականոն կերպով ու կը մարմնաւորուի ժողովական թէ այլ գործնական աշխատանքներով, նմանապէս՝ Ս. Աթոռի միւս թեմերուն, մանաւանդ ամերիկեան ցամաքամասի մեր քոյր թեմերուն հետ։
Օրինակի համար, մեր թեմը իր պատգամաւորներուն ու Առաջնորդին ճամբով կանոնաւոր կերպով կը մասնակցի Կաթողիկոսութեան ընթացիկ ու արտակարգ ժողովներուն, համագումարներուն։ Յառաջիկայ Դեկտեմբերին, նախատեսուած է Ազգ. Ընդհանուր ժողով, որ Լիբանանի պայմաններուն բերումով, ստիպողաբար յետաձգուեցաւ քանի մը անգամ։ Մեր Թեմէն պատգամաւորներ պիտի մասնակցին այդ ժողովին։ Այս ամառ, ուսուցիչ ու երիտասարդ պատգամաւորներ մասնակցութիւն բերին Կաթողիկոսութեան կազմակերպած ուսուցչաց ու երիտասարդական միջ-թեմական համագումարներուն, որոնց դուք ալ անդրադարձաք ձեր էջերէն։ Առաջինը Յուլիսին էր, իսկ երկրորդը՝ Օգոստոսի կէսերուն։ Տարբեր առիթներով կը մասնակցինք կաթողիկոսութեան տարբեր նախաձեռնութիւններուն. յիշատակելի օրինակ մըն էր «Բարձրբերդի Աւետարան»ին հրատարակման առիթով ստեղծուած գործակցութիւնը։ Մեր թեմէն բազմաթիւ ազգայիններ Առաջնորդարանիս միջոցով ունեցան իրենց օրինակները։
Ինչպէս բոլոր Թեմերը, մենք եւս կ՚ընդառաջենք Վեհափառ Հայրապետի կոչերուն եւ իւրաքանչիւր տարի համապատասխան հանդիսութիւններով կը նշենք Վեհափառին կողմէ հռչակուած տարիները։ Այս տարի կը տօնենք Քրիստոնէական Դաստիարակութեան տարին. Վեհափառը 2009 տարին հռչակած է Քրիստոնեայ Հայ Երիտասարդի տարի։ Անցեալ տարիները, ինչպէս գիտէք, նուիրուած էին Հայ Դպրոցին, Հայ Դատին, Աստուածաշունչին ու Նարեկին, եւայլն։ Այս բոլորը առիթ են որ մեր ժողովուրդը, մանաւանդ նոր սերունդները հաղորդակից ըլլան մեր քրիստոնէական ու հայկական աւանդներուն, հարստութեանց, ժառանգութիւններուն։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Եզրափակենք՝ վերադառնալով 50ամեակի յոբելեանին։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Այս վերադարձը կարեւոր է։ Մենք քիչ առաջ մանրամասնութիւններ չյայտնեցինք այս տօնախմբութեան մասին։
Ամերիկեան այս ափերուն մեր Ս. Աթոռի ծառայական կեանքին 50րդ տարեդարձը արդար է որ նշուի յատուկ կարեւորութեամբ ու հանդիսութիւններով։ Վեհափառ Հայրապետը այս առիթով յատուկ սրբատառ կոնդակ մը հրատարակած է, հիմնականին մէջ մեզ խրախուսելով, որ նոր ծաւալ ու տարողութիւն տանք մեր ժողովորդանուէր ու եկեղեցաշէն աշխատանքներուն։ 50ամեակը պիտի տօնակատարուի Արեւելեան, Քանատայի ու մեր Թեմին մէջ։ Ստեղծուած է միջ-թեմական գործակցութիւն, որ աննախընթաց չէ։ Միասնաբար լոյս ընծայած ենք Ս. Պատարագի արարողութեան քառասիւնակ հատոր մը, որ կը բովանդակէ գրաբար, աշխարհաբար, անգլերէնի թարգմանուած ու տարադարձուած սիւնակներ, որպէսզի մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները առաւելագոյնս հաղորդակից ըլլան արարողութեան։
Նախատեսուած են յոբելենական հանդիսութիւններ։ Մեր տնօրինութեամբ, Մեր Թեմի եկեղեցիներուն մէջ Վեհափառ Հայրապետին կոնդակը պիտի ընթերցուի 21 Սեպտեմբերին։ Հանդիսութիւններ ու ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին նաեւ ծխական շրջաններուն մէջ։ Այս բոլորին մասին օրին կը ծանուցանենք մամուլով, Առաջնորդարանիս կայքէջին ու պատկերասփիւռի մեր կիրակնօրեայ յայտագիրին ճամբով։
ԱՍՊԱՐԷԶ.- Արդեօք որեւէ բան մոռցա՞նք։
ՄՈՒՇԵՂ ՍՐԲԱԶԱՆ.- Եթէ մոռցանք, վստահ եմ որ ձեր ընթերցողները պիտի ներեն մեզի, բայց մենք սկիզբէն ալ ճամբայ ելանք թուարկումի մօտեցումով, թէեւ քիչ մը անդին ալ անցանք։
Կ՚ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել «Ասպարէզ»ին, որ այս հարցազրոյցին համար առիթ ընծայեց մեզի. շնորհակալութիւն նաեւ խմբագրութեան, որ կանոնաւոր կերպով տեղ կու տայ մեր թեմական թէ կրթական աշխատանքներուն։
Իսկ նկատի ունենալով, որ «Ասպարէզ» այս տարի կը տօնէ իր 100ամեակը, դարձեալ կ՚ուզեմ շնորհաւորել Ձեզ, մանաւանդ որ Ձեր սիւնակներէն կ՚իմանանք թէ կը գտնուիք նոր փուլի մը սեմին, պիտի ունենաք նոր խմբագրատուն։ Յաջողութիւն կը մաղթեմ այս երկրորդ հարիւրամեակին սեմին։
————————————————————————————————————
Ազգային Առաջնորդարանի Հիմնադրամները
1. Տիգրան եւ Էօժէն Գարիքեան Հիմնադրամ.- կը տրամադրուի յառաջադէմ հայ համալսարանականներու:
2. Սարգիս Պօղոսեան Հիմնադրամ.- կը տրամադրուի Ազգային Վարժարաններու եւ Ֆրեզնոյի Համագաղութային Վարժարանի կարիքաւոր աշակերտներուն:
3. Վիքթորիա Մինասեան հիմնադրամ.- կը յատկացուի Ֆերահեան Վարժարանի հայերէն լեզուի լաւագոյն երկու աշակերտներուն:
4. Ալեքս եւ Մարօ Իսկէնտէրեան հիմնադրամ.- կը տրամադրուի կարիքաւոր աշակերտներու:
5. Լուիզ Դանիէլեան հիմնադրամ.- Կը տրամադրուի հայ աշակերտներու, որոնք կը հետեւին բժշկական, ուսուցչական կամ երաժշտական դասընթացքներու:
6. Էտվին Իսաղուլեանի յիշատակի հիմնադրամ.- Կը տրամադրուի Ֆերահեան վարժարանին։
7. Անժէլ Արփաճեան հիմնադրամ.- կը յատկացուի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի յառաջադէմ կարիքաւոր աշակերտներու:
8. Յարութիւն եւ Արաքսի Քէօսէեան հիմնադրամ.- կը տրամադրուի Ֆերահեան վարժարանի կարիքաւոր աշակերտներու:
9. Ռապըրթ Արթունեան հիմնադրամ.- կը տրամադրուի Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի կարիքաւոր աշակերտներու:
10. Ազգ. Առաջնորդարանի Կրթանպաստի հիմնադրամ.- Կը տրամադրուի կարիքաւոր հայ աշակերտներու:
11. Անդրէաս եւ Արմէնուհի Հինտոյեան Կրթանպաստի Հիմնադրամ
12. Վահէ Քէօյլեանի յիշատակի հիմնադրամ.- Հաստատուած է հանգուցեալին դստեր՝ Աստղիկ Քէօյլեանի կողմէ եւ կը յատկացուի Հայաստան այցելել փափաքող ուսանողի մը։
13. Ազգ. Առաջնորդարանի շէնքի հիմնադրամ
14. Ազգ. Առաջնորդարանի Յատուկ Ծրագիրներու հիմնադրամ.- կը տրամադրուի Ազգ. Առաջնորդարանի բացառիկ ծախսերուն։
15. Քրիստոնէական Դաստիարակութեան եւ Հոգեւոր Հրատարակութիւններու հիմնադրամ.- կÿօգտագործուի դաստիարակչական ու հոգեւոր խորքով հրատարակութիւններու համար:
16. Դպրեվանքի Սանուց Միութեան Հիմնադրամ.- կը գտնուի Ազգ. Առաջնորդարանի հովանիին տակ եւ կը տրամադրուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի արդիականացման ծրագիրներուն:
17. Չարլզ Քէյեան Հիմնադրամ.- Կը յատկացուի Ազգ. Մեսրոպեան Երկրդ. Վարժարանին։
18. Ազգ. Առաջնորդարանի շէնքի պարտամուրհակի մարումի (Mortgage Burning) Հիմնադրամ.- Հիմնուած է Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի (2005) Ընթրիքին առիթով։
19. Փօլ Թագւորեան Հիմնադրամ.- կրթանպաստի նպատակով
20. Սարգիս Գաճաճեանի յիշատակի հիմնադրամ.- կը տրամադրուի երաժշտական նպատակներու համար։
———————————————————————————————————————
Կենսագրական Գիծեր Առաջնորդ Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեանի
Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, աւազանի անունով Սարգիս, ծնած է Պէյրութ (Լիբանան): Նախնական կրթութիւնը ստանալէ ետք Ազգ. Նուպարեան Վարժանին մէջ, Հոկտեմբեր 1969ին կÿընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը, Անթիլիաս: Յունիս 1974ին, Վանքի Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելէ ետք կը ձեռնադրուի սարկաւագ, ձեռամբ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Թրթռեանի: Իսկ դպրեվանքի Ընծայարանի բաժինը աւարտելէ ետք, Մայիս 1976ին կը ձեռնադրուի աբեղայ՝ ձեռամբ Տ. Ղեւոնդ Արք. Չէպէեանի:
Որպէս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան անդամ, իր ծառայութիւնը կը բերէ Կաթողիկոսարանին մէջ, ստանձնելով Փոխ Լուսարարապետի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ երջանկայիշատակ Տ. Տ. Խորէն Ա. ու Գարեգին Բ. Կաթողիկոսներու (հետագային Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց) քարտուղարի պաշտօնը Դիւանատունէն ներս: Դպրեվանքին մէջ կը դառնայ Տեսչութեան անդամ եւ դասատու, նոյն ատեն դասաւանդելով Ազգ. Մարտիկեան Վարժարանին մէջ:
ԹԵՄԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Յունուար 1979-ին, կը նշանակուի Հոգեւոր Հովիւ Թեսաղոնիկէի Հայոց (Յունաստան), ուր երեքուկէս տարի հովուական արդիւնաւոր գործունէութիւն կÿունենայ:
Դեկտեմբեր 1979ին, կը ստանայ Վարդապետական Աստիճան, Եղիշէ Պատմիչի ըստ Յովհաննու Աւետարանի մեկնութեան թարգմանութիւնն ու քննական վերլուծումը որպէս վարդապետական թեզ ներկայացնելէ ետք: Իր հովուութեան տարիներուն, Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան Համալսարանի մէջ կը հետեւի Յունարէն լեզուի եւ Փիլիսոփայութեան նիւթերուն: Իր բարձրագոյն ուսման համար շրջան մը կÿաշակերտէ Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻՆ ՄԷæ
1982էն ետք կը ծառայէ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին մէջ, որպէս Առաջնորդի օգնական, եւ կը ստանձնէ հովուական եւ տեսչական պաշտօններ:
1987ին, որպէս գնահատանք իր ծառայութեան, կը ստանայ Ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճան, ձեռամբ՝ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Տաթեւ Ս. Արք. Սարգիսեանի: Յաջորդ տարիներուն, որպէս Հոգեւոր Տեսուչ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ, բեղուն գործունէութիւն կÿունենայ, պայծառացնելով եկեղեցւոյ ու գաղութի կեանքը:
Ան հրատարակած է կրօնաշունչ քարոզներու երկու հատորներ:
Առաջնորդական պաշտօնին կոչուելէ առաջ, Արեւմտեան Թեմէն ներս մասնակցած է Առաջնորդարանի աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն. եղած է Երեսփոխանական Ժողովի անդամ, ինչպէս նաեւ Կրօնական Ժողովի անդամ եւ ատենապետ. 1991էն մինչեւ Առաջնորդ իր ընտրութիւնը, վարած է Թեմիս Առաջնորդական Փոխանորդի պաշտօնը: Իր այս պաշտօններուն կողքին, երկու տարի կը հետեւի Fuller Theological Seminary-ի Աստուածաբանական դասընթացքներուն, որպէս թեկնածու Մագիստրոսի Տիտղոսին (M.A.):
17 Նոյեմբեր 1995ին, Արեւմտեան Թեմի Խառն Ժողովի լիագումար նիստին, Մուշեղ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան միաձայնութեամբ կÿընտրուի Թեմի Առաջնորդական Տեղապահ:
Ուրբաթ, 3 Մայիս 1996ին, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի 24րդ Երեսփոխանական Ժողովին, Գերպ. Տ. Մուշեղ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան ձայներու բացարձակ մեծամասնութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ կ՚ընտրուի:
22 Յունիս 1997ին, Առաջնորդ Սրբազանը արժանացաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան, ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ:
Մայիս 2000ին, Թեմիս Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը իր 28րդ նստաշրջանին երկրորդ շրջանի մը համար Առաջնորդ ընտրեց Մուշեղ Սրբազանը:
Գնահատելով Առաջնորդութեան տարիներու իր աշխատանքները եւ Արեւմտեան Թեմի զարգացման մէջ իր ունեցած ներդրումը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 28 Մայիս 2003 թուակիր Սրբատառ Կոնդակով մը Առաջնորդ Սրբազանին շնորհեց Արքութեան տիտղոս ու պատիւ:
Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը, իր Մայիս 2004 թուականի նիստին, միաձայնութեամբ Առաջնորդ վերընտրեց Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը, չորս տարուան պաշտօնավարութեան երրորդ շրջանի մը համար։ իսկ 2008ին, ան Առաջնորդ վերընտրուեցաւ չորրորդ շրջանի մը համար։