«Հուրիյէթ»ի անցեալ Կիրակի օրուան առաջին էջի վրայ հրապարակուած լրատուութեան մէջ, թերթը վերոնշեալ ձեւով բնութագրած է ծերակուտական Պայտընը:
«Օպաման «ոչ նրբանկատ» Պայտընին դարձուց իր աջ բազուկը», գրած է թերթը, յիշեցնելով իր ընթերցողներուն, որ ծերակուտականը Ամերիկայի հայկական եւ յունական համայնքներուն հետ սերտ յարաբերութիւններ ունի:
Թերթը նաեւ մէջբերած է 1999ին, ծերակուտական Պայտընի եւ այդ ժամանակուան Թուրքիոյ վարչապետ Պուլէնտ Էճեւիտի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային խօսկցութիւնը, որուն ընթացքին Պայտըն վերջինին յայտնած է, որ «Եթէ Կիպրոսի խնդիրը չլուծես, ես չեմ հաստատեր Քոնկրէսէն ձեր սպասած հինգ միլիառ տոլարի օժանդակութեան բանաձեւը»:
Փոխնախագահական թեկնածուն երկու տարի առաջ, Թուրքիոյ համար մէկ այլ անբաղձալի կեցուածք մը ցուցաբերած էր, երբ կոչ ըրած էր Իրաքը բաժնել ինքնավար մարզերու՝ ըստ անոնց ազգային կազմին: Քրտական պետական կազմաւորում մը իր հարեւանութեան մէջ ունենալու գաղափարը վստահաբար չէր կրնար խանդավառել Թուրքիոյ քաղաքական շրջանակները, որոնք, ըստ այնմ ալ գնահատած են այդ գծի ջատագովին՝ ծերակուտական Պայտընին:
«Օպամայի անջատողական ընկերակիցը» կոչումը ծերակուտականին տուած է թրքական «Տէյլի Սթար»ը, որ նաեւ յիշեցուցած է իր ընթերցողներուն Պայտընի զօրակցութիւնը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման յաջորդական բանաձեւերուն:
«Ենի Շեֆիք»ի առաջին էջի վերնագիրը կը յայտարարէ, որ Օպամայի ընտրածը «յոյն-կիպրական-հայկական» լոպիին դաշնակիցն է:
Հանգստեան կոչուած դեսպան Ն. Քանտէմիր, «Միլլիէթ»ին յայտնած է, թէ «Պայտըն ցարդ մասնակից եղած է տարբեր տեսակի շարժումներու, բոլորն ալ՝ հակաթրքական»: Ըստ Քանտէմիրի, Պայտընի այս կեցուածքները քարացած են ու չեն փոխուիր, երբ ան փոխնախագահի պաշտօնին հասնի:
Թրքական շրջանակները յայտնապէս մտահոգ են նախագահական թեկնածու Օպամայի այս քայլով:
Իրաւունք ունին…