Ճիշդ է, որ մամուլի հրապարակումներու վրայ միայն կարելի չէ եզրակացութիւններ, գնահատումներ կամ արժեւորումներ կատարել:
Ճիշդ է, որ պէտք է փորձել երթալ իսկական աղբիւրին, բուն դերակատարներուն՝ իմանալու համար ճշմարիտ ու ամբողջական իրողութիւնը, ապա միայն դիրքաւորուիլ անոր կողմ կամ դէմ:
Բայց եւ այնպէս, երբ կը բացակայի հրապարակուած տեղեկագրութեան մը հաւաստիութեան փաստը, երբ հրապարակուած տեղեկագրութիւնը զգայուն, կարեւոր, հասարակութեան լայն խաւերը յուզող խնդիրի մը կը վերաբերի, պարտաւորուած կը զգանք առնուազն մեր սկզբունքային դիրքորոշումը յայտնել խնդրոյ առարկայ հրապարակումին արծարծած հարցին վերաբերեալ:
Ատրպեճանական ու թրքական մամուլի մէջ հրապարակուած հայկական զօրքերու ատրպեճանական «գրաւուած տարածքներ»էն դուրս գալու պատրաստակամութեան մասին է խօսքը, որ իբրեւ թէ փոխանցուած է Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան կողմէ՝ Երեւան այցելած Ապտուլլահ Կիւլին:
Հայաստանի քաղաքական ղեկավարները ինչ ձեւով բանաձեւած են, եթէ անշուշտ որեւէ կեցուածք բանաձեւած են Ղարաբաղի հարցի կապակցութեամբ, շատ ալ կարեւոր չէ, այս պարագային մենք կ’ուզենք առիթը օգտագործել ու յստակացնել մեր սկզբունքային դիրքորոշումները Արցախի հարցի կապակցութեամբ:
Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը անբռնաբարելի է եւ այդ իրաւունքին վրայ հիմնուած Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութիւնը նուազագոյն կարգավիճակը կամ իրավիճակն է, որ ընդունելի կ’ըլլայ համայն հայ ժողովուրդին համար:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը պարտաւոր է իր գրաւած դիրքերով այնպիսի երաշխիքներ ապահովել, որ Արցախի հայաբնակ շրջանները երբեք չգտնուին թշնամական ուժերու հարուածներու հասողութեան սահմաններուն տակ: Մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան ու անոր բնակչութեան ապահովութեան այլ համարժէք երաշխիք չստեղծուի՝ միջազգային ինչ որ պայմանգրերով, ուխտերով կամ համաձայնագրերով, կանուխ կ’ըլլայ խօսելու հայկական զօրքերու որեւէ հեռացման մասին՝ ներկայ իր գրաւած դիրքերէն:
Ի միջի այլոց, անդրադառնանք նաեւ ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ թրքական միջնորդութեան մասին՝ մեր դիրքորոշման:
Ամբողջ ազգի պատմութիւն մը կրնանք վկայակոչել՝ հիմնաւորելու համար մեր կասկածը, մեր վերապահութիւնը եւ անշուշտ մեր ընդդիմանալու հիմքերը՝ թրքական միջնորդական որեւէ առաքելութեան հանդէպ:
Թուրքիա չի կրնար անաչառ, անկողմնակալ իրաւարար ըլլալ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի, Ատրպէյճանի ու Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան միջեւ: Չենք վստահիր, չենք կրնար վստահիլ անոր: Հայաստանի քաղաքական վերնախաւին թրքական նախաձեռնութիւններուն ընդառաջումին կը հետեւինք մտահոգութեամբ ու մեր հնարաւորութիւններով միշտ պիտի փորձենք զգուշացնել անոնց հաւանական վտանգներէն, որոնք կրնան խուսափած ըլլալ ուշադրութենէ, կամ որոնք կրնան անտեսուիլ արագ ու ոչ էական խնդիրներու լուծմանց սեւեռումի մը պատճառով:
Նոյն տրամաբանութեամբ, կը միանանք բոլոր այն քաղաքական ուժերուն ու գործիչներուն, հայ թէ օտար, որոնք Ղարաբաղի հարցի խաղաղ լուծման կամ կարգաւորման հասնելու ճիգերու համադրումը կը վստահին Մինսկի խումբին, այն ձեւաչափերով, որոնք ցարդ օգտագործուած են, եւ որոնք կրնան հանգուցալուծման հասցնել հակամարտութիւնը:
Մինչ այդ, անշուշտ, մենք ալ կը սպասենք Հայաստանի ղեկավարութեան պարզաբանումներուն՝ կապուած նախագահ Կիւլի մամուլով հրապարակած տեղեկագրութեան՝ հայկական զօրքերու տեղաշարժի մասին: