«Վերելք» պիտի ըլլար բառը, եթէ փորձէինք ՀՄԸՄի Կլէնտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի 30 տարուան պատմութիւնը մէկ բառի մէջ ամփոփել:
Սակայն որքան անարդար պիտի ըլլար այս մասնաճիւղի ծաւալուն գործունէութիւնն ու տարիներու արձանագրած յաջողութիւնները բառի մը մէջ զետեղել, կամ նոյնիսկ դժուար՝ քանի մը էջերով ամփոփել:
1978ին եօթը սկաուտներ հիմքը դրին «Արարատ» մասնաճիւղին, հաւաքատեղի ունենալով երկու սենեակներ, Կլէնտէյլի Քարլթըն փողոցին վրայ:
Հիմնադիր անդամները մեծամասնութեամբ սնած ու մեծցած էին Պարսկաստանի «Արարատ» կազմակերպութեան յարկին տակ: «Երեսուն տարի յետոյ երբ նայում ենք մեր անդամներին, տեսնում ենք, թէ ունենք իրանահայ, ունենք սիրիահայ, իրաքահայ, պէյրութահայ, կամ հայաստանցի անդամներ», ըսաւ Արմոնդ Գորգորեանը՝ մասնաճիւղի գործադիր տնօրէնը: «Մեր նպատակն է հայը հայի քով պահել», աւելցուց ան:
Մասնաճիւղը 1984ին կը փոխադրուի իր երկրորդ կեդրոնը, այս անգամ Կլէնտէյլի Պրատուէյ փողոցի վրայ, ուր կը մնայ մինչեւ 1997 թուական:
Այսօր, իր ծնունդէն երեսուն տարիներ ետք, «Արարատ» մասնաճիւղը, իր 2400 անդամներով, որոնցմէ 1600ը մարզիկներ են, Սան Ֆերնանտօ պողոտայի վրայ սեփականատէրն է երկու կեդրոնատեղիներու, որոնք օժտուած են մարզական դաշտերով, սրահներով, եւ ժողովասրահներով:
Մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն կողքին, «Արարատ»ը ունի նաեւ իր երիցական բաժանմունքը, մշակութային գործունէութիւնը՝ երգչախումբ, պարախումբ, նկարչական արուեստի դասաւանդութիւն եւ ամառնային կողովագնդակի ու ութ շաբթուան ամէնօրեայ ճամբարը՝ 5-12 տարեկաններուն համար: (տես՝ «Ասպարէզ», Օգոստոս 16):
Գորգորեանը անդրադարձաւ այն իրողութեան, թէ մասնաճիւղը մեծ ջանք կը թափէ, որպէսզի անդամները միութենէն ներս մաս կազմեն այլազան մարզաձեւերու, ինչպէս ոտնագնդակ, Վոլլիպոլ, փինկ-փոնկ, թեննիս, ճատրակ, քարաթէ, սակայն, այս բոլորին մէջ կողովագնդակը կը մնայ ամէնէն աւելի ժողովրդականութիւն ունեցող մարզանքը:
Այս իրողութիւնը, որ կը պահանջէ յաւելեալ մարզադաշտեր, դրդապատճառներէն մէկը կը դառնայ, որ մասնաճիւղը օժտուի երկրորդ կեդրոնով մը, 2007ի Օգոստոսին: «Նոր կեդրոնը մեզի առիթ է տալիս, որ աւելի մեծ թիւով երախաներ ընդունենք մեր մասնաճիւղէն ներս», բացատրեց Գորգորեան:
Այս նոր կեդրոնը կը յաջողին ձեռք ձգել կառավարութեան կողմէ նիւթական օժանդակութեամբ, որուն գումարը կը հասնի շուրջ 450,000 տոլարի, ինչպէս նաեւ՝ 17 անդամներու կողմէ խոստացուած ամսավճարներով, լուսաբանեց Մէլիկ Իսաղուլեանը՝ երիցականներու բաժանմունքի վարչական անդամուհին:
Հակառակ իր բազմաթիւ անդամակցութեան, բազմազան նուաճումներուն եւ գովասանքներուն, «Արարատ»ի վարչականները համեստօրէն տարբերութիւն չեն տեսներ իրենց մասնաճիւղի եւ ՀՄԸՄի այլ մասնաճիւղերու միջեւ: «Մենք ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքէն մաս մըն ենք», կը յայտնէ Գորգորեան, որ կը շեշտէ նաեւ Կլէնտէյլի հայ թէ օտար գաղութներու մէջ դերակատարութիւն ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
Այս պատճառով, մասնաճիւղը վերջերս իր մասնակցութիւնը բերաւ «Րիլէյ ֆոր Լայֆ» քաղցքեղի քայլարշաւին, Կլէնտէյլ քաղաքի «կրէֆֆիթի»ի մաքրագործումներուն եւ շուտով կը պատրաստուի «ընկերակցութեան խաղերու»ն (Friendship Games), որ երրորդ տարին ըլլալով տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 18-19ին, «Կլէնտէյլ հայ սքուլ»ին մէջ:
Մասնաճիւղը վերջերս կազմակերպած էր նաեւ փինկ-փոնկի եւ թեննիսի մրցաշարքեր, որոնց մասնակցութիւն բերին հայ թէ օտար մարզիկներ:
«Այս մրցաշարքերով կ’ուզենք փաստել, որ խտրականութիւն չենք սիրեր, միաժամանակ զարկ կու տանք այլ մարզախաղերու», բացատրեցին վարչական անդամները: Անոնք կ’ուզեն Կլէնտէյլի գաղութին ցոյց տալ, թէ՝ «որքան լաւ ենք մենք,» կ’ըսէ Գորգորեան, աւելցնելով՝ «Օտարին դիմաց համեստութիւն չենք ուզեր ընել»:
«Կլէնտէյլի մէջ չկայ մէկ կազմակերպութիւն, որ 2200 երիտասարդ ներառի եւ դրանց ապահով մէկ մթնոլորտ ստեղծի իրենց համար», երկրորդեց Մոնէ Տ. Գրիգորեանը՝ մասնաճիւղի 30ամեակի տօնակատարութիւններու յանձնախումբի անդամուհին, որ մասնաճիւղի յառաջդիմութիւնը վերագրեց բոլոր անդամներուն անսակարկ նուիրումին ու աշխատանքին:
«Հոս մեր երկրորդ տունն է», նշեց Արմինէ Թարվերտեանը, որ 24 տարիներէ ի վեր անդամ է «Արարատ»ի: «Այս կեդրոնը ստեղծում է ընկերային շրջապատ», աւելցուց 19 տարուան անդամուհի Մարինա Մազմանեանը: Անոնց զաւակները նոյնպէս անդամ են եւ մարզիկ՝ «Արարատ»ի:
Ծնողներու սուղ ժամանակը նաեւ նկատի առնուած է այս մասնաճիւղի յարկէն ներս: Մարզական փորձերու ընթացքին, երբ ծնողները կը սպասեն իրենց զաւակներուն, անոնք կրնան մարզանքի ժամ ստեղծել իրենց համար, որովհետեւ քանի մը ամիսներ առաջ կեդրոնը օժտուեցաւ մարզանքի սրահով մը, իր 18էն վեր անդամներուն տրամադրելով արդի նորակառոյց մարզանքի գործիքներ: Մարզասրահը կրնան օգտագործել նաեւ ոչ անդամներ՝ յատուկ ամսավճարով:
«Արարատ»ը կը հոգայ նաեւ հայ աշակերտութեան՝ պահելով իր սաները: Այս տարի հայ դպրոցական շրջանաւարտներ պիտի ստանան 500 տոլարի արժողութեամբ կրթադօշակներ: «Պիտի պայքարինք ճերմակ ջարդին դէմ», ըսաւ Ճասիկ Ճարահեանը՝ «Արարատ»ի վարչական անդամուհին:
Պայքարը կը մղուի եւ տօնակատարութիւնները կը շարունակուին: Անոնց շարքին է «Արարատ»ի հիմնադրութեան 30ամեակի հանդիսութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 28ին, ժամը վեցին, «Ֆորէսդ Լոուն»ի «Լիպըրթի Հոլ»ին մէջ:
Հանդիսութեան ընթացքին պիտի ներկայացուի «Արարատ»ի 30 տարուան պատմութիւնը սահիկներով, պիտի բեմականացուին նաեւ պատկերներ, ինչպէս դրօշակի արարողութիւն, խարոյկի արարողութիւն, մշակութային յայտագիր պարային ելոյթով, եւ տեղի պիտի ունենան պարգեւատրումներ:
Հանդիսութեան, որուն մուտքը ազատ է, ներկայ պիտի ըլլան պաշտօնական անձնաւորութիւններ. հրաւիրուած է հանրութիւնը եւ ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը:
Սոյն ձեռնարկին պիտի յաջորդէ շքեղ պարահանդէս մը, Դեկտեմբեր 6ին, «Արարատ»ի կեդրոնէն ներս: Յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է ստանալ Ararat.org կայքէջէն կամ հեռաձայնելով (323) 256-2564 հեռաձայնի թիւին:
ՀՄԸՄի «Արարատ» մասնաճիւղի քայլերը կը յառաջանան դէպի ապագան, հայեցի մթնոլորտի մը մէջ ստեղծելով առողջ միտք՝ առողջ մարմնի մէջ, բարձրանալով դէպի Արարատի նման վեհ գագաթներ եւ բարձրացնելով հին թէ նոր հայ սերունդներու հոգիները:
Փաստօրէն, «Արարատ»ը այսպէս բարձրանալով եւ բարձրացնելով՝ հաւատարիմ կը մնայ ՀՄԸՄի 90ամեայ նշանաբանին՝ «Բարձրացիր, Բարձրացուր»ին:
Տարեդարձդ շնորհաւոր եւ վարձքդ կատար, «Արարատ»: