Սեպտեմբեր երկուքը տօն է հայ ազին համար: Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձն է այդ օրը, որ պարզապէս համազային տօն մըն է: Պատահական չէ, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերաոյն մարմինը որոշած է Սեպտեմբեր երկուքը նշել Երեւանի՝ հայ ազի, սրտին մէջ:
Ահա տասնեօթը տարի է, որ Արցախը կը վայելէ իր զաւակներու զոհաբերութեամբ ու արիւնով ձեռք բեռուած անկախութիւնը:
Պատերազմի վէրքերը արդէն սպիացած են եւ երիտասարդ Հանրապետութիւնը ինքնավստահ ու ամուր քայլերով կը կերտէ իր նոր պատմութիւնը: Արցախի ժողովուրդի սեփական ապաայի հանդէպ ինքնավստահութիւնը կ’արտացոլուի սահմանածի խրամատներու վրայ կաննած զինուորի խրոխտ կեցուածքէն, Արցախի ժողովուրդի լաւատեսութիւնը՝ բարաւաճ երկիր մը ունենալու, կը բխի անոր պետականութեան լուխ կաննած պաշտօնատարներուն տեսիլքէն, անոնց անկաշառ աշխատելու ու կառավարելու վարքաիծէն, որ արդէն Հայաստանի մեծ եղբայրներուն կողմէ օրինակելի դառնալու իրաւունք շահած է:
Գիւղ առ իւղ շրջող Արցախի ղեկավարները, իւրաքանչիւր արցախցի ընտանիքի հանդէպ ցաւակից վերաբերմունք ցոյց տուող, նոր օճախ կազմողներուն խրախուսող, կրթութեան ու մշակոյթի ործիչներուն հանդէպ հոատար, ամէնէն ուժեղ երաշխիքները կը հանդիսանան այդ երկրամասի ծաղկման, ժողովուրդի բազմացման, պետականութեան հզօրացման:
Թո՛ղ ցնծայ ազատ ու անկախ Արցախը: Թո՛ղ փառաւորուի հայոց այդ երկրամասը:
Տօնդ շնորհաւոր, հա՛յ ժողովուրդ: