ՍԻՍԻԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչական դատարանը երէկ անվաւեր յայտարարած է Հոկտեմբեր 12ին կայացած Սիսիանի քաղաքապետի ընտրութիւնները: Թիւ 37 ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց, որ Նոյեմբեր 2ին Սիսիանի մէջ վերաքուէարկութիւն պիտի ըլլայ՝ առաջադրուած նոյն թեկնածուներու միջեւ:
Աւելացնենք, որ Սիսիանի քաղաքապետին համար առաջադրուած է վեց թեկնածու՝ Վազգէն Բաբայեան (ՕԵԿ), Սամուէլ Թանգեան (ՀՀԿ), Լաւրենտ Սարգսեան (անկուսակցական, գործող քաղաքապետ), Տիգրան Պօղոսեան (ՀՅԴ), Աղասի Յակոբջանեան (ԲՀԿ), Ռազմիկ Դանիէլեան (անկուսակցական): Հոկտեմբեր 12ին առաւելագոյն ձայներ հաւաքած էին Աղասի Յակոբջանեանը (ԲՀԿ, 2002 կողմ) եւ Տիգրան Պօղոսեանը (ՀՅԴ, 1941 կողմ): Անոնց հաւաքած ձայներու տարբերութիւնը եղած է 61, իսկ ընտրութիւններուն անճշդութիւններու չափը՝ 327: Աղասի Յակոբջանեանի դիմումին համաձայն, 2 օր շարունակ թիւ 37 Ընտրատարածքային ընտրական յանձնաժողովը իրականացուցած է վերահաշուարկ, որուն մասնակցած է նաեւ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի նախագահ Գարեգին Ազարեան: Վերահաշուարկէն ետք թեկնածուներու հաւաքած ձայներու տարբերութիւնը դարձած է 62, անճշդութիւններու թիւը՝ 57, որուն հիման վրայ յանձնաժողովը Սիսիանի քաղաքապետի ընտրութիւնները վաւերացուցած է, սակայն Դաշնակցական թեկնածու Տիգրան Պօղոսեանը դատարան դիմած է՝ անվաւեր նկատելու յանձնաժողովի որոշումը: Վարչական դատարանը բաւարարած է Պօղոսեանի պահանջը: