Աժան խօսակցութեան ու բարոյական սնանկութեան հոտ բուրող բառ է բամբասանքը, որուն օգտագործման ձեւերուն մասին բացատրութիւն տալը աւելորդ է: Ձեւերը թէպէտ տարբեր, սակայն բամբասանքին նպատակը դրական չի՛ կրնար ըլլալ, այլ՝ միայն ժխտական: Միակ ճամբան, ուրկէ կրնայ անցնիլ անիկա, անհարթ ու կոպիտ գետինն է, որ անպայման ուղիղ քալող մարդն իսկ կը սայթաքեցնէ ու պատճառ կը դառնայ, որ կոտրի անոր ոտքը: Կը նմանի նաեւ այն լիճին, որուն մէջ թաղի տղաք քարեր կը նետեն՝ վրդովելու համար անոր խաղաղութիւնը, սակայն քանի մը վայրկեան վերջ արդէն հանդարտած կ’ըլլան ջուրերը եւ լիճը՝ գտած իր հանգիստը:
Տարօրինակ զուգորդութիւն մը կատարուած է սոյն գրութեան վերնագրին մէջ, ուր կը նշուի բամբասանքին հոգեւոր տեսակ մըն ալ ունենալը: Առաջին իսկ հայեացքով գայթակղեցուցիչ կրնայ թուիլ նման խորագիր մը, որ հոգեւորին, աստուածայինին կու տայ նման ստորային որակում մը: Հարց կարելի է տալ, թէ բամբասանքը հոգեւոր տեսակ մը կրնա՞յ ունենալ: Այլ խօսքով կարելի՞ է ընդունելի նկատել զայն ի շարս բարոյական ու արժանավայել այլ առաքինութիւններու: Նոր ժամանակներու յեղաշրջական գաղափարներով տարուողներն անգամ աւաղելով նման ենթադրութիւն մը, պիտի ըսէին, որ «մեր աշխարհը այսքա՞ն փոխուած է»:
Աւելի դիւրացնելու համար ձեր մտային փնտռտուքը, յայտնեմ, թէ բամբասանքը չէ որ կրնայ հոգեւոր տեսակ մը ունենալ, այլ հոգեւորներու կողմէ կատարուած բամբասանքի տեսակն է այդպէս կոչուողը: Հետեւաբար, այս տեսակ բամբասանքին նիւթը Ս. Գիրքէն չէ որ կը քաղեն վերոյիշեալ անձինք, այլ կեանքէն, շրջապատէն ու յատկապէս ծանօթ անձերու վարքէն:
Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած պատուէրներու եւ յատկապէս Յիսուսի վարդապետութեան ճամբով մարդկութեան տրուած ուսուցումներու ընտրութիւնը կատարելով՝ հոգեւոր բամբասանքի առաքեալները ըստ կամս եւ ըստ հաճոյս կը մեկնեն զանոնք: Այսպէս, հոն, ուր Յիսուս կը խօսի նմանը չդատելու մասին, վերոյիշեալ «մեկնաբանները» անոր ուշադրութիւն կը դարձնեն միայն այն ատեն, երբ տեսնեն, թէ մէկը կը դատէ իր ընկերը: Մինչ իրենք նոյնը կատարած ժամանակ, նոյնիսկ չեն անդրադառնար, որ իրենց տող առ տող ուսումնասիրած Աստուածաշունչին մէջ նման պատուէր մը արձանագրուած է ոսկեայ տառերով: Ուրեմն պատկերաւոր բացատրութեամբ մը կարելի է ըսել, որ հոգեւոր բամբասանքի նուիրուած անձեր Աստուածաշունչ կարդալու ոչ թէ խոշորացոյց մը կ’ունենան իրենց ձեռքին, այլ՝ զտիչ մաղ մը, որուն ծակտիկներուն իրենց փափաքած լայնութիւնը կու տան՝ Սուրբ Գիրքը դարձնելով իրենց ծրագիրներու գործադրութեան նպաստող օրինագիրք մը:
Բայց ինչո՞ւ հոգեւոր կոչել բամբասանքի այս տեսակը: Նախ ըսինք, որ իրենք զիրենք հոգեւոր նկատողներու կողմէ կատարուելուն համար այդպէս կոչեցինք: Երկրորդ, որովհետեւ այդ տիպի բամբասանքին նիւթը հոգեւոր է՝ կը վերաբերի ուրիշներու կեանքին: Մարդիկը դարձի բերելու ինքնակոչ այս առաքեալները, («ընտրեալներ», ինչպէս իրենք զիրենք կը սիրեն կոչել), հետաքրքրական բնաւորութեամբ օժտուած կ’ըլլան: Արտաքին երեւոյթով շատ աստուածավախ ու պարզամիտ, իսկ ներքնապէս պղծութեամբ լեցուն ու խորագէտ են, մասնագէտ՝ ուրիշներու կեանքը պեղելու եւ ամէն տեսակ մանրամասնութեամբ «հաճոյանալու»:
Այս բամբասանքին առաջին դրամագլուխը քրիստոնէական վարդապետութեան քարոզութիւնն է, որուն կենդանի օրինակ իբրեւ, իրենց անձը կը վկայակոչեն քարոզիչներ: Այս բամբասանքը կ’ընթանայ նաեւ բաղդատականով՝ իրենց եւ ուրիշներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները մատնանշելով: Իրենց կատարած աղօթքը, ծոմապահութիւնը, պահեցողութիւնը, խորհրդածութիւններն ու նոյնիսկ հրաշագործութիւնները, կը յանդգնին իբրեւ բացառութիւններ ներկայացնել, ցոյց տալով միաժամանակ այն անձերը, որոնք չեն գործադրեր նման արարքներ: «Յիսուսի անուան փառքին համար» եղած այս բամբասանքը, Աստուածորդիին անունը կը գործածէ ստորակէտի փոխարէն: «Ալէլուիա»ներ կը վխտան հոգեւոր բամբասանք կատարողներու բերնին մէջ, որոնք բամբասողի խօսակիցին բերանը կը նետուին՝ շան բերանը քաղցրեղէն նետելով զայն կաշառելու տիրախնամ արարք իբրեւ: Չէ՞ որ հոգեւոր բամբասանք կատարողը պէտք է ինքզինք լաւ ցոյց տայ շրջապատին: Ուրեմն, իր կատարած բամբասանքը պէտք է համեմէ հոգեւոր բառերով, որպէսզի խօսակիցին մտքէն վանէ ամէն կասկած, թէ իր կատարածը բամբասանք է: Այլ՝ ընդհակառակը, այդ ամէնը ինք կը խօսի՝ ուրիշները դարձի բերելու համար:
Պէտք չէ՛ երբեք մոռնալ նիւթական շահը՝ հոգեւոր բամբասանք կատարողներու սրտին մէջ պահուած: Ընչաքաղց այս քարոզիչներուն առաջին ու վերջին երգը դրամական շահու ակնկալիքն է: Սակայն, այս ալ ստորգետնեայ աշխատանքային ընթացք մը կ’ենթադրէ իրենց կողմէ: Այս պարագային դրամները կը հաւաքուին միշտ «Յիսուսի անունով», փառաբանական «Ալէլուիա»ներ երգելու խոստումներով, բժշկութիւններ ի գործ դնելու խաբէպատիր հրաշագործութիւններու շնորհումներով եւ այլ դիւային ծրագիրներով:
Հոգեւոր բամբասանքին հիմնական նիւթը բնականաբար քարկոծումն է այն անձերուն, որոնք կը խոչընդոտեն իրենց «հեզասահ» ճանապարհը: Այս քարկոծման թիրախ եղող անձերը անոնք են, որոնք ի յայտ կը բերեն այս թշուառականներուն իսկական դիմագիծը, շահու ծրագիրները, կեղծ բարեպաշտութիւնը, ձեւական աստուածապաշտութիւնը եւ կամաւոր աղքատութեան քուրձին տակ պահուած մեծահարուստի ծանրագին բաճկոնները՝ անհաշիւ գումարներ պարունակող լեցուն գրպաններով:
Դերասանական յատուկ տաղանդով ալ օժտուած կ’ըլլան ընդհանրապէս հոգեւոր բամբասանք կատարողներ: Յատկապէս այն անձերը, որոնք նոյնիսկ քիչ առաջ իրենց բամբասանքի հիմնական նիւթը դարձած էին ընտրուած ըլլալով իբրեւ թիրախ, յանկարծ եթէ իրենց դէմը ելլեն, հոգեւոր մարդու ամենայն խոնարհութեամբ կ’ողջունեն զանոնք, կը խոնարհին, կը շեշտեն դիմացինէն աւելի փոքր ըլլալու իրողութիւնը եւ նոյնիսկ անոր օգտակար հանդիսանալու առաջարկներ կը ներկայացնեն: Աստուած, որ հանդիսատեսն է մարդոց կեանքին ու յատկապէս փոխյարաբերութեան, ինչո՞ւ կը համբերէ տակաւին: Մինչդեռ եթէ կտրէ անոնց լեզուները, կրնայ սաստել նման սմսեղուկներ եւ վերջ տալ անոնց սոփեստութիւններուն:
Բամբասանքին հոգեւոր տեսակը միշտ պիտի շարունակուի այս կեանքին մէջ, այնքան ատեն, որ կան հոգեւորի մուշտակին մէջ ծածկուած անձեր, որոնց իմաստութիւնը լեզուէն անդին չ’անցնիր, ու շրթներուն վրայ բանաձեւուելով պարզապէս կ’արտաբերուի, առանց մասնիկ մը ունենալու իր վրայ հոգիի հարստութենէն: Երանի այդ լեզուն օգտագործէին անոնք, իսկապէ՛ս երկնքի արքայութեան ժառանգորդ դառնալու բախտաբեր օրուան առ ի նախապատրաստութիւն: Հոգեւոր բամբասանքէ տարուած մարդոց խումբին մէջ կը գտնուի՞ս, թէ գիտես շողոքորթ լեզուները կապտելու կերպը: