ՄՈՍԿՈՒԱ, »Երկիր Մետիա«.- Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու մոսկովեան հանդիպումի աւարտին, Սերժ Սարգսեան, Իլհամ Ալիեւն եւ Տմիթրի Մեդվեդեւ ստորագրեցին համատեղ եղակողմ հռչակագիր մը, ուր կողմերը պատրաստակամութիւն կը յայտնեն շարունակել ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ծիրէն ներս: Հռչակագիրը պատրաստուած էր Մեդվեդեւի կողմէ:
Այս Մոսկուայի հանդիպումը նախաձեռնող Տմիթրի Մեդվեդեւ գոհունակութիւն յայտնած է արդիւնքներու վերաբերեալ, իսկ Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլեակով ստորագրուած փաստաթուղթը որակած է չափազանց կարեւոր, որովհետեւ ան խթան պիտի հանդիսանայ բանակցութիւնները շարունակելու` հակամարտութիւնը բացառապէս խաղաղ ճամբով լուծելու սկզբունքին հիման վրայ:
Մոսկուայի հանդիպումը սկսած էր Ռուսիոյ նախագահական Մայնդորֆ պալատի մէջ ուր Քրեմլինի ղեկավարը նախ ողջունած էր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանին եւ Իլհամ Ալիեւին, այնուհետեւ հեռացած` զանոնք թողելով դէմ առ դէմ քննարկման: Շուրջ երկու ժամ տեւած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպման աւարտին նախագահներուն միացած է նաեւ Տմիթրի Մեդվեդեւը: Երեք նախագահներու հանդիպումէն բխած է համատեղ հռչակագիր մը, որ 1994 թուականին հրադադարի վերաբերեալ ստորագրուած պայմանագրէն ետք առաջին փաստաթուղթն է, որ ստորագրուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ:
Ըստ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ ստորագրուած այս հինգ կէտերէ բաղկացած հռչակագրին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները պայմանաւորուած են շարունակել բանակցութիւնները հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ եւ յանձնարարած են արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն` աշխուժացնել հետագայ քայլերը` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու հետ համագործակցութեան պայմաններով եւ հիմք ընդունելով 2007 թուականի Նոյեմբեր 29ին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի կողմէ Մատրիտի մէջ առաջարկուած սկզբունքները։
Կողմերը նաեւ նշած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին զուգահեռ պէտք է ընդունին »իրաւականօրէն պարտաւորեցնող միջազգային երաշխիքները«։
Յիշեցնենք, որ նախորդ օրը, Մոսկուայի մէջ կայացած էր նաեւ արտաքին գործերու նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի, Սերկէյ Լաւրովի եւ Էլմար Մամեդեարովի հանդիպումը, որ նախապատրաստած էր նախագահներու հանդիպման օրակարգը: Ստորագրուած փաստաթուղթը կ’արձանագրէ, որ կողմերը պիտի նպաստեն հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութեան կայունացման ու անվտանգութեան հաստատման` քաղաքական ճանապարհով ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորումով` հիմնուելով միջազգային իրաւունքի սկբունքներու եւ չափանիշերու վրայ: Հանդիպմանը հրաւիրուած էին նաեւ Մինսկի խումբի եռանախագահները: Ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզան հանդիպումը դրական ու հակամարտութեան կարգաւորման գծով »կենսական« գնահատած է:
Մեթիու Պրայզա յայտնած է, որ »Ստորագրուած փաստաթուղթը կառուցողական նշանակութիւն ունի եւ կ’ընդգրկէ քանի մը կարեւոր փուլեր. նախ` որ հակամարտութիւնը պիտի կարգաւորուի բացառապէս քաղաքական ճամբով եւ որ երկու երկիրները պիտի շարունակեն բանակցութիւնները ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի հետ անմիջական համագործակցութեամբ«:
Մեթիու Պրայզայի համոզումով, այս փաստաթուղթը համանախագահներուն լայն հնարաւորութիւններ կու տայ ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման հարցին մէջ: