ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Յառաջիկայ Դեկտեմբերին պիտի գումարուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը։ Ի՞նչ են գլխաւոր հարցերը, որոնք օրակարգի վրայ են։
Խ.Տ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովը տեղի պիտի ունենայ Դեկտեմբեր երկուքէն վեց, Կաթողիկոսութեան յարկին տակ, Անթիլիաս, Լիբանան, գրեթէ երկու տարի ուշացումով, բոլորիս ծանօթ՝ Լիբանանի քաղաքական անորոշ կացութեան պատճառով։ Կը յուսանք, որ այս ժողովը կարեւորութեամբ անդրադառնայ կարգ մը անյետաձգելի հարցերու, որոնք կը յուզեն մեր եկեղեցին։ Զեկոյցներ պիտի տրուին Թեմերու ներկայացուցիչներուն կողմէ, քննարկում տեղի պիտի ունենայ Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան, հայ ժողովուրդի իրաւունքներու հետապնդման աշխատանքներուն, հայեցի դաստիարակութեան եւ երիտասարդութիւն-եկեղեցի շաղկապումի շուրջ։
կ՚ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, որ աննախընթաց է, մեր եկեղեցւոյ եւ մեր ժողովուրդի դիմագրաւած նորագոյն դժուարութիւններուն պատճառով։ Հարկ է հանգամանօրէն քննարկումի ենթարկել եւ արժեւորել կատարուող աշխատանքները եւ նոր մղում եւ ուղղութիւն տալ առաջնահերթ եւ անյետաձգելի ծրագիրներուն։ Ազգային Ընդհանուր Ժողովի աւարտին, կ՚ընտրուի Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան նոր կազմ։ Դժխախտաբար, ընթացաւարտ Վարչութիւնը ունեցաւ երկու մեծ կորուստներ, իրենց մահականացուն կնքեցին երկու արժանաւոր անդամներ՝ Տիար Ոսկեբերան Արզումանեանը, ինչպէս նաեւ ատենապետը՝ Տիար Անտրէ Թապուրեանը։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.-Այս տարի յիսնամեակն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ծառայական առաքելութեան սկզբնաւորման։ Ինչո՞ւ կը նշուի այս տարեդարձը եւ ինչո՞ւ զգայնութիւններ կան այս նախաձեռնութեան նկատմամբ։
Խ.Տ.- Ճիշդ է. 2008 տարին յիսնամեակն է Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հոգեւոր, ազգային եւ կրթական առաքելութեան, իսկ Արեւմտեան Թեմի երեսունհինգամեակն է։ Կը տօնակատարուի յոբելեանը յիսուն տարիներու ժողովրդանուէր գործունէութեան, եկեղեցիներու ու կրթական օճախներու կառուցման, ինչպէս նաեւ առիթ է յարգելու յիշատակը մեր ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած բազմահազար ազգայիններուն՝ հոգեւորական թէ աշխարհական, որոնք կեանք մը ամբողջ նուիրեցին Թեմի սպասարկման ազնիւ գործին։
Մեզի համար բոլորովին անհասկնալի են այն զգայնութիւնները, որոնց կ՚ակնարկէք եւ որոնց մասին տեղեակ ենք։ Եթէ մտածումը այն է, որ յիսուն տարիներու ծառայութեան նշումը որեւէ ձեւով փորձ մըն է յիսուն տարիներ առաջ տեղի ունեցած տխուր, եւ մեր ժողովուրդի համար ամօթալի ու վնասաբեր ժամանակի մը յիշատակման՝ կը սխալին։ Եթէ կը կարծուի, որ յիսնամեայ յոբելեանի տօնակատարութիւնը ներկայ կարգավիճակը ամրագրելու կը ծառայէ, այդ չէ նպատակը։
Ձեր ակնարկած քարոզարշաւը, որ կը տարուի՝ նսեմացնելու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի յիսնամեայ եկեղեցաշէն ու ժողովրդանուէր գործունէութիւնը, միայն կը ծառայէ հին թշնամանքներու վերարծարծման եւ չի նպաստեր ներկայի միասնական ոգիին, որ կը տիրէ մեր գաղութներուն մէջ, եւ որ երկկողմանի ու այնքան մեծ ջանքելով իրականացաւ, շնորհիւ խոհեմ եւ հեռատես ղեկավարներու, որոնք Մեծ Եղեռնի յիսնամեակէն ետք մեր ժողովուրդը, մեր կուսակցութիւնները եւ մեր եկեղեցին ի մի բերին ի խնդիր հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու իրականցման պայքարին։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- «Ազգ» թերթի մէջ Յակոբ Աւետիքեան գրութեամբ մը կը քննադատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Դամասկոսի մէջ Կիլիկեան Աթոռի ներկայացուցչական գրասենեակ բանալուն համար. յօդուածագիրը կը վերարծարծէ նաեւ Թեմերու հարցը։ Ի՞նչ է նպատակը այս գրասենեակին։
Խ.Տ.- Յատուկ աշխատանք կայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դերը նսեմացնելու եւ Դամասկոսի հարցով սխալ եւ անտեղի ենթադրութիւններու երթալու։ Իրողութիւնը այն է, որ պատմականօրէն Անթիլիասը դարձած է ոչ միայն հոգեւոր եւ կրթական միջնաբերդ, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի հայ գաղութներուն համար քաղաքական կարեւոր կեդրոն։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսները փորձած են կամրջողի դեր խաղալ Միջին Արեւելքի զանազան կրօններու միջեւ, ինչպէս նաեւ եղած են այդ շրջաններու հայ բնակչութեան քաղաքական իրաւունքներու պաշտպան։ Գալով գրասենեակի մասին ձեր հարցումին, պէտք է կատարել ճշդում մը. Դամասկոսի մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երբեք գրասենեակ չէ բացած. նման լուր տարածողները պարզապէս կ՚ուզեն մթնոլորտ պղտորել։ Դամասկոսի մէջ պարզապէս ազգային մը կայ՝ Պրն. Մեսրոպ Շիրինեան անունով, որ անհրաժեշտութեան պարագային, Կաթողիկոսութեան ու Դամասկոսէն անցնող միաբաններուն օգտակար կը հանդիսանայ գործնական հարցերու գծով։
Դժբախտաբար, յօդուածագիրը իր մտորումներուն մէջ զարմանալի կը գտնէ, որ Ամենայն Հայոց Հայրապետը թոյլատրած է որ Անթիլիասէն բերուած միւռոնը հեղուի Էջմիածինի մէջ օրհնուած Ս. Միւռոնի կաթսային մէջ, եւ միանգամայն կը մեղադրէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալի բացակայութիւնը՝ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան եւ միութեան մասին խօսելէն խուսափելու պատրուակով։ Ամօ՛թ, հազա՛ր ամօթ նման մտածում ունեցողներուն…։ Կարելի չէ աւելի գեղեցիկ եւ խորհրդանշական աքթ երեւակայել հայ եկեղեցւոյ միութեան իմաստով, քան Էջմիածնայ եւ Անթիլիասի միւռոններու հեղումը նոյն կաթսային մէջ։ Ինչ կը վերաբերի Թեմերու հարցին, այդ մասին պէտք է խորհրդակցին զոյգ Կաթողիկոսութիւնները։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Ի՞նչ են, ըստ ձեզի, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ դիմաց ծառացող հարցերը։ Ի՞նչ են գլխաւոր դժուարութիւնները եւ ի՞նչ պէտք է ըլլան այն ասպարէզները, ուր Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին ընելիք ունի։
Խ.Տ.- Հայատանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ առջեւ այսօր կան հսկայական եւ լուրջ մարտահրաւէրներ, որոնք պէտք է յաղթահարուին անյապաղ. կ՚ապրինք այնպիսի ժամանակներու մէջ, ուր մեր ժողովուրդը եւ մեր հայրենիքը հոգեմտաւոր մատակարարման կարիքը ունին։ Աւելի՛ անյետաձգելի անհրաժեշտութիւն է ձեռնարկել, գործակցաբար, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ բարեկարգման աշխատանքներուն, քան խօսիլ վարչական միութեան մասին։ Կարեւոր մարտահրաւէր է մեր երիտասարդութեան հեռացումը Հայաստանեայց եկեղեցիէն, օտարամուտ վտանգաւոր բարքերու զարգացումը մեր մօտ, ժողովուրդի մէկ կարեւոր հատուածին գաղթական կամ չքաւոր վիճակը, օտար աղանդներու թափանցումը մեր մէջ։ Կարելի է ընդհանրական հարցերու ցանկը երկարել…
Միւս կողմէ, Հայաստանեայց եկեղեցին ունի նաեւ ներքին դժուարութիւններ.- պատրաստուած հոգեւորականներու նուազումը, կուսակրօնութեան ներկայացուցած դժուարութիւնները ներկայ դարուս, ժողովուրդ-եկեղեցի օտարացումը, հայկական Սփիւռքի անհամեմատ տարածումը եւ բարքերու այլափոխումը, եւ այլն։
Ներկայ պայմանները կը պարտադրեն, որ Հայաստանեայց եկեղեցին, որ դարեր շարունակ իբրեւ արթուն պահակ՝ պահած եւ պահպանած է մեր ժողովուրդի հոգեւոր թէ մտաւորական արժէքները, հսկած է ժողովուրդի գոյատեւման երաշխաւորման՝ եկեղեցին իր աշխատանքները աւելի տարածէ, հասնի ամէն գաղթականի, ամէն չքաւորի օգնութիւն հասցնէ, պայքարի օտարամուտ ախտերու դէմ, միաժամանակ աշխատանք տանելով ի խնդիր մեր ժողովուրդի քաղաքական իրաւունքներու վերահաստատման։ Սակայն, այս բոլորէն առաջ, պէտք է ստեղծել գործակցութեան եւ համերաշխութեան ոգի ու մթնոլորտ։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Վերջերս լոյս տեսած է գիրք մը, ոը կը վերարծարծէ յիսուն տարի առաջ տեղի ունեցած տխուր դէպքերը։ Ի՞նչ է, ձեր կարծիքով, այս գիրքը հրատարակողներու հետապնդած նպատակները։
Խ.Տ.- Այդ տխրահռչակ գիրքին մասին որքան քիչ խօսուի, այնքան աւելի առողջ պիտի ըլլայ մթնոլորտը։ Զարմանալի զուգադիպութեամբ մը, այդ գիրքը հրապարակ կու գայ Ամերիկայի մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան յիսնամեակին։ Այս գիրքը կրնայ միայն ծառայել վերականգնելու այդ դառն յիշատակները, շուրջ 75 տարի առաջ հայութեան վիճակուած այն վատառողջ եւ հայավնաս կացութիւնները, որոնք դժբախտ դրսեւորումով մեր գաղութները յաւելեալ ցնցումներու ենթարկեցին։ Այն սերունդները, որոնք ապրեցան մեր պատմութեան այդ տխուր էջը, ոչ եւս են։ Դժբախտաբար կարելի չէ պատմութեան անիւը ետ դարձնել։ Հիմա, այդ դէպքերը վերարծարծել եւ կրկին անգամ տարածել վատառողջ մթնոլորտը՝ միայն ու միայն կը միտին թունաւորելու նորահաս իրերայաջորդ սերունդներ, որոնք ներկան չեն տեսներ անցեալի դէպքերու ընդմէջէն, այլ ներկան կ՚ապրին առանց մաղձի, կը հաւատան մեր եկեղեցւոյ, մեր ժողովուրդի միասնութեան, հպարտ են Ամերիկայի տարածքին համահայկական առաջադրանքներու իրականացմամբ, հպարտ են եւ կը մասնակցին հայրենիքի վերակառուցման աշխատանքներուն։
Անոնք, որոնք այդ գրքոյկին պատուիրատուներն են, կը միտին մեր ժողովուրդի զաւակնեը թունաւորելու եւ ջլատելու այն միասնական ջանքերը, որոնք կը տարուին յանուն մեր հայրենիքի բարելաւման եւ Հայ Դատի աշխատանքներուն։ Անոնք կ՚ուզեն նաեւ հարուածել Կիլիկեան Աթոռի դարաւոր առաքելութիւնը, դիմելով հինցած-մաշած եւ իրենց իմաստն ու նպատակը վատնած, սպառած մարտավարութիւններու։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Ձեր կարծիքով, Ամերիկաներու տարածքին պարզուած ներկայ իրականութիւնը առողջ երեւո՞յթ է։ Ինչպէ՞ս կարելի է բարելաւել ազգային համերաշխութիւնը։
Խ.Տ.- Հիւսիսային Ամերիկայի ներկայ իրավիճակը կարելի է բնականոն համարել։ Ասիկա արդիւնք է այն հանդուրժողականութեան, որ տուն տուաւ այս վիճակին։ Իրականութիւնը այն է, որ ներկայ սերունդներուն համար երկու Թեմերու իրողութիւնը իբրեւ բացասական վիճակ նոյն ուժգնութեամբ չի ներկայանար, որքան մաս կը կազմէր անցեալ սերունդներու հոգեվիճակին. միեւնոյն Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վարչական բաժանումները չեն խանգարեր ընդհանրական նպատակներու հետապնդումը։
Երկու Թեմերն ալ հսկայական աշխատանք ունին կատարելիք առանձնաբար եւ ինչո՞ւ չէ՝ գործակցաբար, լուծումներ գտնելու համար մեր ժողովուրդին եւ մասնաւորաբար երիտասարդութեան հոգեմտաւոր սնունդ տալու իրենց առաքելութեան մէջ։
Այլամերժութիւնը եւ անհանդուրժողականութիւնը այլեւս տեղ պէտք չէ ունենան մեր մտածողութեան մէջ։ Խստիւ դատապարտելի են ժողովուրդի մէջ թշնամանք սերմանելու ամէն ճիգ։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ.- Ի՞նչ է ձեր պատկերացումը Հայաստանեայց եկեղեցւոյ վարչական միացման աշխատանքերու մասին։
Խ.Տ.- Ինչպէս ըսի քիչ առաջ, միացման որեւէ գաղափար երեք կարեւոր նախադրեալ ունի։ Նախ, հարկ է անդրադառնալ որ երկու Թեմերը այսօր կատարուած իրողութիւն են եւ ունին իրենց հաւատացեալները, որոնք սերունդէ սերունդ եւ պայմաններու բերումով անդամակցած են Ս. Էջմիածնի կամ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թեմերուն հովանին վայելող ծուխերուն։
Կարելի չէ եւ պէտք չէ կարծել, որ մէկ հրամանագրով այս դրուածքը կարելի է փոխել։ Ի վերջոյ, տուեալ ծուխը հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած է ծխականին, կնքած է նորածիններ ու մանուկներ, պսակած է ընտանիք կազմողներ, ննջեցեալներու յուղարկաւորութիւն կատարուած է տուեալ եկեղեցւոյ յարկին տակ։ Երկրորդ, միացման որեւէ փորձի պէտք է նախորդէ փոխադարձ յարգանք եւ ամբողջական գործակցութիւն երկու Թեմերու ծառայողներուն միջեւ, վիճակ մը, որ դժբախտաբար բարելաւման կը կարօտի տակաւին։ Երրորդ, միացման որեւէ աշխատանք պէտք է հիմնուի եկեղեցւոյ կանոնագրութեան նոյնացումին վրայ, հիմնաքար ունենալով ժողովրդավարական սկզբունքները։ Այստեղ հարկ է նշել, որ միացման հասկացութիւնը (concept) տարբեր ընկալում ունի երկու Թեմերու հոգեւորական թէ աշխարհական ներկայացուցիչներու մօտ։
Թերեւս օգտակար կ՚ըլլայ որ այս մէկը յստակացուի։ Անձնապէս յուսալից եմ, որ մեր ժողովուրդը հասունութիւնը ունի ներկայիս հարցերը տեսնելու հայ ժողովուրդի ընդհանրական շահերու պրիսմակով. այնպէս որ յոռետես չեմ։