Բառին բուն առումով հասարակական գործիչ է Անահիտ Ստեփանեանը: Վստահաբար իր այս յատկանիշն է, որ զինք հասցուցած է գլխաւորաբար տղամարդոց կողմէ տիրապետուած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շրջանային բարձրագոյն մարմին՝ Կեդրոնական կոմիտէ, եւ հիմա, որ այդ կազմէն դուրս է, ՀՅԴ Բիւրոն զինք նշանակած է իբրեւ կուսակցութիւնը Ընկերվար միջազգայնական խորհուրդի նիստին ներկայացնող եռանդամ պատուիրակութեան անդամ:
Իրան, Անգլիա, Միացեալ Նահանգներ: Կեանքի ճանապարհը այս շրջաններէն անցած, իւրաքանչիւր ապրած շրջանի մէջ գործուն կերպով մասնակցած է հասարակական կեանքին, Թեհրանի Արարատէն, մինչեւ Լոնտոնի ՀՄԸՄի հիմնադրութիւն, մինչեւ Լոս Անճելըսեան միութենական իրականութիւն, քաղաքական-հասարակական լայն գործունէութիւն, Հայ Դատ, ՀՄԸՄ, գործիչային աշխատանք:
Անահիտի հետ սկսանք զրուցել Ընկերվար միջազգայնականի Փուէրթօ Վայարթա, Մեքսիքոյի մէջ, անցեալ ամիս տեղի ունեցած Խորհուրդի, ինչպէս նաեւ անմիջապէս ետք տեղի ունեցած Կանանց ընկերվար միջազգայնականի Բիւրոյի նիստերու մասին: Մեզի համար հետաքրքրական էր Անահիտի գնահատականը այս նիստերուն եւ ընդհանրապէս Ընկերվար միջազգայնականի գործունէութեան ՀՅ Դաշնակցութեան մասնակցութեան: Թարմ ուժ մըն էր այնտեղ ու թարմ հայեացքով կրնար արժեւորել նիստն ու դերակատարները:
Տպաւորիչ եղած է Անահիտի համար Դաշնակցութեան Ընկերվար միջազգայնականի մօտ երկարամեայ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեանի եւ վերջին վեց տարիներուն անոր միացած Մարիա Թիթիզեանի աշխատանքի արդիւնքները: Երկու գործիչները յաջողած են իրենց եւ իրենց անձի ընդմէջէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ու Հայաստանի հանդէպ հետաքրքրութիւն, լայն ծանօթութիւն եւ ազդեցութիւն ապահովել: Այնքան, որ երկուքն ալ ընտրուած են այս կազմակերպութեան ղեկավար օղակներուն մէջ ու յաճախ զեկուցումներով հանդէս կու գան Հայաստանեան ընկերային եւ քաղաքական խնդիրներու վերաբերեալ՝ միջազգային այս բեմը ծառայեցնելով հայութեան շահերու պաշտպանութեան նպատակին:
Բեմի ինքնին արժեւորումը կարեւոր է: Ի՞նչ կը ներկայացնէ Ընկերվար միջազգայնականը քաղաքական իրականութեան մէջ: Կ’արժէ՞ ուժ ու եռանդ ծախսել այստեղ. կ’արժէ շարունակական ու հետեւողական աշխատանքով յարաբերութիւններ ստեղծել, սերտացնել: Ի՞նչ շօշափելի օգուտներ կը քաղենք այս բեմէն:
Նախ, կ’ըսէ Անահիտ, ահագին բան կը սորվինք: Օրինակ, կը սորվինք այլ երկիրներու փորձառութիւնը՝ հասարակութեան ու քաղաքական կազմակերպութիւններու մէջ կիներու տեղի ու դերի բարձրացման գիծով: Ընտրական ցուցակներու մէջ կիներու համեմատական, տոկոսային նուազագոյն ներկայութիւն ապահովելու գաղափարը, օրինակ, որ հիմա մէկ քայլ ալ առաջ կ’ուզենք տանիլ: Այո, ընտրական ցուցակներու մէջ կը դրուին կին թեկնածուներու անուններ, սակայն այնպիսի դիրքերու վրայ, որ անոնց իրական ընտրութիւնը անհաւանական կը դարձնէ: Ուրեմն, ընտրական ցուցակները պէտք է այնպէս կազմուին, որ կիները, իրենց վերապահուած նուազագոյն տոկոսով ապահովուած ըլլան ընտրութեան արդիւնքներով, այսինքն, ցուցակի գլխուն վրայ, եթէ առաջին տաս հոգին ընտրուելու հնարաւորութիւն ունին, պէտք է այդ տասին մէջ ներկայացուած ըլլան կիներու յատկացուած թիւը, այլ ոչ թէ, առ ի պարտականութիւն, ձեւականօրէն երկրորդ կամ երրորդ տասնեակին մէջ տեղաւորենք անոնց անունները:
Գիւղացի կիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները, անոնց առողջապահութեան, ծննդաբերութեան հետ կապուած, կրթութեան, աշխատանքի, հասարակութեան լիիրաւ անդամ դառնալու հարցերը այս եւ նման խորհրդաժողովներու շօշափած թեմաներն են, որոնցմէ մենք կը քաղենք մեր դասերը, իսկ մեր փորձառութիւնները ներկայացնելով, մասնակից կ’ըլլանք այս հարցերուն, համընդհանուր զգայնութիւն ու գիտակցութիւն յառաջացնելու ճիգերուն:
Ընտանեկան եւ հասարակական կեանքի մէջ կիներու դէմ բռնարարքներու կանխարգիլման եւ կիներու դերի բարձրացման ուղղուեամբ հսկայական փորձառութիւն կայ աշխարհի զանազան շրջաններու մէջ, որ այսպիսի խորհրդաժողովներու ընթացքին կը հրապարակուի, կը քննարկուի, կը սերտուի:
Ապա, քաղաքական այս բեմի ազդեցիկ ըլլալը պատկերացնելու համար ինչ ըսենք: Անահիտ ինք անձամբ այս ժողովին շփուած է Մեքսիքոյի երկար տարիներու իշխող կուսակցութիւն հանդիսացած, քիչ մը հակասական «Յեղափոխական հիմնարկային կուսակցութիւն» (Revolutuionary institutional Party) անունը կրող քաղաքական ուժի կին ղեկավարին հետ, որուն ազդեցութիւնը մեր հարեւան երկրի մէջ ուղղակի հսկայական է: Մենք հնարաւորութիւն ունինք նման անձնաւորութիւններ հրաւիրել՝ խօսելու մեր բեմերէն, անոնց հետ մշակելու համագործակցութեան լայն ծրագիրներ: Ուղղակի պէտք է լուրջ մօտենանք այս խնդրին ու ծրագիրներ կազմենք:
Ի վերջոյ, ազդեցութիւնը, լոպպիինկը իր ճանապարհը պիտի գտնէ դէպի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան համապատասխան կառոյցները, միջազգային այլ՝ միջոցներու ու հնարաւորութիւններու տիրապետող օղակները, որոնց օժանդակութիւնը պիտի ապահովուի այս խնդիրներու լուծման՝ մանաւանդ սահմանափակ միջոցներով ապրող, զարգացող երկիրներու տարածքին, որոնց շարքին է նաեւ Հայաստանը:
Նաեւ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետապնդած կարեւորագոյն խնդիրներու՝ Հայ Դատի, Ցեղասպանութեան ճանաչման, Լեռնային Ղարաբաղի ու Հայաստանի օժանդակութեան համար դռներ կը բացուին, հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին, զորս առաւելագոյնս ու ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւով օգտագործելու միջոցներ կը գտնէ կազմակերպութիւնը:
Գործ, ընտանիք, հանգիստ զոհելու պատրաստակամութեան մասին հարցումիս Անահիտ չի պատասխաներ: Այդ ամէնը կարծես սովորական բաներ են՝ մանաւանդ դաշնակցականի մը համար: