Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2ին, կազմակերպութեամբ Դաւթեան-Մարիամեան Կրթական հաստատութեան, տեղի ունեցաւ հաստատութեան տարեկան ճաշկերոյթը, Կլէնտէյլի «Ռընեսանս» ճաշարանին մէջ։
Բացումը կատարեց Կլէնտէյլի նախկին քաղաքապետ եւ Քալիֆորնիոյ փոխադրական հարցերու յանձնակատար Լէրի Զարեան, իսկ հաստատութեան վարչութեան ատենապետ Վահիկ Ծատուրեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հաստատութեան իրագործումներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յատկապէս Հայ կրթական հիմնարկութեան, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Գագիկ եւ Քնարիկ Գալստեաններուն, որոնք նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին հաստատութեան: Ան նաեւ յիշեց, որ 21 տարիներէ ի վեր հաստատութիւնը կ’ամբողջացնէ հայկական վարժարաններու առաքելութիւը՝ հայերէն լեզու եւ մշակոյթ սորվեցնելով պետական վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներուն:
Ծատուրեան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ վերջերս երեք դպրոցներ եւս միացած են կրթական ցանցին:
Այս տարի, Վահան եւ Անուշ Շամլեան ազգային վարժարանը, իբրեւ կրթական հաստատութիւն, որ մեծ վաստակ ունի մեր մատղաշ սերունդին հայեցի կրթութիւն ջամբելու մէջ, յատուկ գնահատանքի արժանացաւ իբրեւ Տարուան կրթական հաստատութիւնը:
Նմանապէս, դոկտ. Օննիկ Հայրապետեան, իբրեւ Տարուան կրթական գործիչը, գնահատանքի արժանացաւ՝ իր բեղուն վաստակին համար։
Նաեւ, 5-10 տարիներու ուսուցիչներ՝ Հրաչուհի Ղարաբէգեան, Քնարիկ Տէր Պօղոսեան, Անուշ Ալեքսանեան-Հովեան, Ռուզան Վարդանեան, Հերմիկ Մուրատեան, Արմինէ Աղազարեան, Էլմիրա Սիմոնեան եւ Սեդա Քարամեան պատւուեցան ձեռնարկին ընթացքին:
Ձեռնարկին խօսք առին նաեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Պըրպէքնի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Մարշա Ռամոս, Կլէնտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան ատենապետ Ճոյլին Ուէկնըր, Պըրպէնքի կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Տէպի Քուքթա եւ Կլէնտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչ դոկտ. Մայքըլ Էսքալանթէ:
Ճաշկերոյթին ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր՝ կատարողութեամբ հաստատութեան աշակերտներուն:
Յանուն առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւներէն Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան ներկայ գտնուեցաւ ձեռնարկին եւ փոխանցեց առաջնորդին օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը։