Միջին արեւելեան երկիրներ ապրող կամ այցելած անձեր տեսած կ’ըլլան անպայման, կրակարանի վրայ դրուած կիսաբոլորակ թիթեղի այն կտորը, որուն վրայ արաբական բարակ հաց կ’եփեն գիւղացիներ: Նոյն օրինակով կը պատրաստուի նաեւ հայ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագի աւարտին բաշխուող բաղարջ հացը, որ «մաս» կը կոչուի:
Ներկայիս նորաձեւութեան վերածուած է ամէնէն սուղ ճաշարաններու մուտքին ալ գիւղացի կին մը նստեցնել արաբական բազմոցի մը վրայ, որպէսզի օտար թէ տեղացի յաճախորդներուն դիմաց անընդհատ արաբական հաց թխէ, եւ վերոյիշեալ թիթեղի կտորին վրայ եփելով՝ մատուցէ անոնց: Արաբական այս հացը այդ թիթեղէն նաեւ առած է իր անունը, իբրեւ «թիթեղի հաց»:
Ուշի ուշով երբ հետեւիք այս հացի պատրաստութեան ընթացքին, ու յատկապէս եփելու արարողութեան, պիտի տեսնէք, որ կրակին վրայ հսկող հացթուխը, ձեռքին ունենալով փայտեայ երկար ու տափակ քանակ մը՝ բոլորակաձեւ ու բարակ բացուած հացը մեծ վարպետութեամբ մէյ մը աջ, ու մէյ մըն ալ ձախ կը դարձնէ, նախ շիկացած երկաթին վրայ կպչելէ եւ այրելէ զայն փրկելու, եւ երկրորդ՝ անոր երկու երեսներն ալ կարմրցնելով եփելու համար: Եւ շատ բնական է, որ արեւելեան այս պատկերներու վայելքը դրամական ակնկալութեամբ կը մատուցուի հանդիսատեսներուն թէ համտեսողներուն, այդ ծախսալից ճաշ մատուցող ճաշարաններուն մուտքին, որոնց յաճախորդները «սահման քաջաց՝ զէն իւրեանց»ի սկզբունքով իրենց ձեռքը կը մխրճեն իրենց գրպանը եւ նուէր մը կը ձգեն հացթուխին: (Արեւելեան սովորութիւն մը, որ այլ քաղաքակրթութեանց մէջ համեմատելի է պաշտօնական մուրացկանութեան):
Արաբական հացի պատրաստութեան այս պատկերը՝ յատկապէս մէյ մը աջ եւ մէյ մը ձախ երեսները եփելու արուեստը, հիներ կը համեմատէին մարդկային նկարագիրի այն տեսակին, որ կայուն չէ՛, այլ՝ յեղյեղուկ, փոփոխական ու անստոյգ:
Այս երեւոյթը աւելի շեշտաւորուած կը յայտնուի յատկապէս այն մարդոց մօտ, որոնք շատ ինքնավստահ կը ձեւանան, յատուկ համբաւ մը կը շահին, ու աւելի սկզբունքային կը դառնան քան՝ մարդկային: Այսպէս, անոնք նոյնիսկ իրենց հարազատներուն նկատմամբ կը դառնան արմատական, անզիջող ու այնպէս ցոյց կու տան, թէ իրենց համար սկզբունքը ամէն ինչէ վեր է, ու մանաւանդ չեն կրնար հանդուրժել սխալներու: Մինչ այն մարդիկը, որոնք իրենց կեանքը կ’ապրին աւելի «բնական», հեզասահ, ու «այնպէս, ինչպէս որ է», անոնց պարագային այնքան ալ չի՛ շեշտուիր վերոյիշեալ երեւոյթը, երբ յանկարծ պատահի, որ զիջում ուզեն կատարել նախապէս իրենց դաւանած այս կամ այն սկզբունքէն:
Ճղճիմ ըսուելու չափ փոքրուղեղ այս մարդիկը խորքին մէջ ամէնէն աւելի անկազմակերպ ու անսկզբունք մարդիկն են, որոնց սկզբունքայնութիւնը մակերեսային է, խորք չունի, արմատ չի՛ կրնար նետել, իրենց յեղյեղուկ նկարագիրին պատճառաւ: Այդպիսիներուն սկզբունքը իրենց քմահաճոյքն է, որ իր հրահանգը կը ստանայ անհաւասարակշիռ ուղեղէ մը…: Այդ «սկզբունքայնութեան» զոհը կը դառնան անոնք, որովհետեւ իրենք զիրենք Քանաքեռի մէջ բանտարկող յիմարներու կը նմանին: Իրենք իրենց կեանքին համար կը ճշդեն պայմաններ, որոնց գործադրութիւնը որոշ ժամանակ ետք անկարելի կը դառնայ՝ անտանելի դարձնելով կեանքը, եւ ահա… արաբական հացի նկարագիրով, կողմդարձ մը կ’ընեն, երբեմն ճիշդ հակառակ ուղղութիւնը բռնելով…:
Իրենց «սկզբունքայնութենէն» շեղելու երկրորդ գլխաւոր պատճառ մը եւս ունին վերոյիշեալ նանրամիտները, որոնք շուտով խորհակահար կը դառնան իրենց նեղմիտ հաշիւներով: Արաբական հացի նմանողութիւնը եղող իրենց նկարագիրով, անոնք փառքի հետամուտ կ’ըլլան միշտ: Ուստի, փառքէն այլայլած՝ շուտով կը լքեն ամէն սկզբունք, իրենց դաւանած ամէն ուղղութիւն ու օրէնք եւ կը վազեն փառամոլ քայլերով իրենց «Սպանական դղեակ»ները կառուցելու: Երկոտանի աղուէս իբրեւ, ամենայն զգուշութեամբ կը մտնեն մինչեւ արքայական պերճանքի սրահները, եւ իմաստուն շողոքորթի մը ճկուն լեզուով կը շոյեն առիւծ արքային թաւ բաշերը՝ ականջ չտալով անոր ահարկու մռլտոցին:
Արաբական հացի նկարագիրով մարդոց անստոյգ ու փոփոխական միտք ունենալուն երրորդ պատճառը այն անխոնջ պայքարն է, որ անոնք կը մղեն յաճախ երեւակայական մրցակիցի մը դէմ, ջլատելու համար զայն: Առանց մրցակիցի ապրիլը ոմանց համար անկարելի է: Չափազանցուած ու նոյնիսկ թիւրըմբռնուած մտածում մըն է անոնց մօտ՝ «Մարդը մարդո՛վ մարդ է» ծանօթ ասացուածքը: Ուրեմն, ըստ իրենց, այս կեանքը ապրելու համար պէտք է մրցակից մը ունենալ անպայման: Տեսնուած է, որ ոմանք մրցակից կ’ընտրեն իրենց դրացին: Անոր գործածած սուրճի գաւաթներուն նմանը կը գնեն, միեւնոյն կահկարասիէն կը ճարեն, աւելի լաւ վարագոյրներ կարել կու տան, եւ այլ միջոցներով կը մրցին անոր հետ: Այստեղ այնքան ալ յառաջդիմութիւնը չէ՛ մրցակցութեան պատճառը, որքան ինքնավստահութեան պակասը: Տակաւին, աւելի լա՛ւը ըլլալու, եւ ուրիշները ամէն գնով գերազանցելու անյագ զգացումը, ասոնց պարագային նախանձի կը փոխակերպուի, դուրս գալով նոյնիսկ «բարի նախանձ»ի մեղմացուած ըմբռնումէն:
Ուրացումը երբեմն փրկարար դեր կը կատարէ վերոյիշեալ մարդոց պարագային, սակայն՝ համե՛ստ պայմաններով եւ գրեթէ ձախողա՛ծ իր առաքելութեան մէջ: Արաբական հացի նկարագիրով մարդոց երբ հարց տրուի, թէ ինչո՞ւ կեցուածքիդ մէջ փոփոխութիւն յառաջ եկաւ. չէ՞ որ ամբողջական հոգիով փարած էիր սկզբունքներուդ եւ երդումով կը դաւանէիր զանոնք: Անոնք հանդարտութեամբ եւ նոր ծնած երեխայի մը անմեղութեամբ կը յայտարարեն, թէ այդպիսի սկզբունքներ չէին ունեցած բնաւ, եւ թէ նոյն այդ պահուն է, որ սկզբունք պիտի դարձնեն այս կամ այն օրէնքը…: Պետրոս առաքեալ եթէ նման ուրացումի ներկայ գտնուէր, թերեւս աշխարհի պատմութիւնը շրջուէր, եւ առաքեալը յայտարարէր, թէ վերոյիշեալը աւելի ծանր ուրացում է բարոյական գետնի վրայ, որովհետեւ մնայուն հանգամանք ունի, մինչ իր կատարած ուրացումը ժամանակաւոր էր միայն, որ զղջումով վերջ պիտի գտնէր…: Ուրացումի սուտը արաբական հացի նկարագիրով մարդոց համար օդ շնչելու չափ սովորական արարք մը կը դառնայ՝ անդատապարտ պահելով զիրենք տուեալ կացութեան մէջ:
Բնաւ բուժիչ պիտի չըլլայ խարտոց զարնել բաց վէրքին, այդ պատճառով ալ վերեւ ներկայացուած ամբողջ գրութիւնը սոսկ բալասան մըն է՝ նոյն նկարագիրը ունեցող մարդոց հոգեկան վէրքին վրայ թափուած, այն յոյսով, որ կը մեղմէ ու կը սպիացնէ անոնց հոգիին վրայ բացուած լերդացած արեան վէրքերը:
Թող արաբական հացը իր երկու երեսներով կարմրի, սակայն մենք մնանք անյողդողդ՝ մեր նկարագրային գիծերուն հաւատարմութեան մէջ: