Մեզի այնպէս կը թուի յաճախ, որ մեր դիմաց ելլող անձին նախապէս հանդիպած ենք մեր կեանքին մէջ ուրիշ տեղ, կամ ուրիշ առիթով: Ամբողջութեամբ ալ ճիշդ չէ այս վարկածը եւ իրականութեան չի՛ համապատասխաներ միշտ: Եթէ իրօք նախապէս մեր հանդիպած անձերէն մէկն է, զոր տեսնելով կը յիշենք, ապա ծանօթներու օժանդակութեամբ շուտով կը վերյիշենք այն վայրը կամ պահը, երբ հանդիպած ենք տուեալ անձին: Սակայն այստեղ ներկայացուած նիւթը, երեւակայական տպաւորութեան մը մասին է: Այսինքն, իրապէս տուեալ անձին չենք հանդիպած մեր կեանքին ընթացքին նախապէս, բայց մեզի այդպէս կը թուի պարզապէս:
Թէ ինչէ՞ն յառաջ կու գայ այս տպաւորութիւնը՝ զանազան բացատրութիւններ կու տան մեզի հոգեբաններ: Անոնց մէջէն հիմնականը կը կոչուի նկարագիրներու զուգորդում: Ասիկա տեղի կ’ունենայ մեր միտքին մէջ, երբ տեսնենք անձ մը, որուն նկարագիրով անցեալին, պատահաբար, ճանչցած կ’ըլլանք ուրիշ անձ մը, որուն ո՛չ անունը գիտենք, ո՛չ ալ հասցէն: Ուստի մեր նոր հանդիպած անձը, որուն դրական կամ ժխտական նկարագիրը մեր ուշադրութիւնը գրաւած է, մեր մտքին մէջ շուտով կը զուգորդուի անցեալին մեր հանդիպած անձին նկարագրին, ու մեզի այնպէս կը թուի, թէ տուեալ անձը նախապէս տեսած էինք: Այստեղ պարզապէս նկարագիրն է, որ կը վերյիշենք, եւ ոչ թէ՝ անձը:
Վերոյիշեալ սկզբունքը բացատրելու համար, օրինակով ներկայացնենք զայն: Մեր մանկութեան կրնանք կարդացած ըլլալ հեքիաթ մը՝ դաժան ու բիրտ նկարագիրով թագաւորի մը մասին: Ապագային, երբ չափահաս ենք արդէն, կրնանք հանդիպիլ նոյնպիսի նկարագիրով մարդու, եւ մեզի այնպէս կը թուի, թէ այդ անձին նախապէս ալ հանդիպած ենք: Հեքիաթը արդէն ինքնին երեւակայական կառուցուածքով, տեղ կամ վայր, թուական ու հասցէ չունենար: Ամէն հեքիաթ առհասարակ կը սկսի «կար ու չկար» նախերգանքով, որ անհաշիւ ժամանակներ առաջ ապրած անձերու մասին պատմելու աւանդական կամ ընդունուած ձեւն է: Ուստի, հեքիաթային կերպար մը յանկարծ կրնայ իրականութիւն դառնալ՝ շփոթի մատնելով մեզ:
Նման շփոթ մը ստեղծուեցաւ մտքիս մէջ, երբ վերջերս հանդիպեցայ անգութ խառնուածքով ու աստուածավախութեան նուազագոյն զգացումը չունեցող անձի մը: Ես ալ մանկութեանս լսած եմ պատմութիւն մը չար ու անգութ թագաւորի մը մասին, որուն մասնագիտութիւնը մարդ չարչարել եղած էր: Մեր պատմութենէն ալ գիտենք, որ թագաւորները իրենց յատուկ հաճոյքները ունեցած են: Այն ժամանակաշրջաններուն մասնաւորաբար, երբ քաղաքական աւելի հանդարտ կացութիւն տիրած է երկիրէն ներս, թագաւորներ իրենց անձնական նախասիրութիւններով հաճոյացած են՝ մինչեւ իսկ զեղխ կեանք ապրելով: Ագաթանգեղոս կը պատմէ, թէ Հայոց Խոսրով թագաւորը որսի ելած պահուն դաւադրաբար սպաննուեցաւ Անակ Պարթեւի կողմէ: Նոյնպէս Տրդատ Գ. արքան, որսի ընթացքին խելագարեցաւ եւ ապա Ս. Գրիգորի ձեռքով բուժուեցաւ ու Հայաստանի մէջ Քրիստոնէութիւնը պետական կրօն հռչակեց: Ուրեմն արքայական հաճոյք մըն էր որսը, որ օրեր ու շաբաթներ կը տեւէր թերեւս՝ հեռու արքունիքէն ու պաշտօնական հանդիպումներէ:
Մեր լսած պատմութեան մէջ ալ, թագաւորին մեծագոյն հաճոյքը մարդիկը չարչարել ու հրճուիլը եղած է: Բնականօրէն իրենց թագաւորը ըլլալով՝ շուրջինները ստիպողական յարգանք կը տածէին իրեն նկատմամբ, այլապէս՝ մէկուն կը սպառնար վտարել, միւսին՝ կախակայել, երրորդի մը՝ կախաղան բարձրացնել, եւ այլն:
Յիշողութեանս համաձայն, նոյն թագաւորը միեւնոյն վերաբերումը կ’ունենար նաեւ իր արքունիքին մէջ գործող հաւատարիմ օգնականներուն նկատմամբ: Հարցը անոնց հաւատարմութիւնը չէր, այլ՝ իր հաճոյքը…: Իրենց արքային ողորմութեան յանձնուած այս խեղճերը հլու կամակատարներ դարձած՝ դժուարաւ կը տանէին անոր քմահաճոյքները: Նուազագոյն վիրաւորական խօսքը, զոր արքան կ’ըսէր իրեն հաւատարիմ օգնականներուն, զանոնք գործէ արձակելու սպառնալիքն էր: Օր մը իր սենեկապետին, օր մը՝ բանակի հրամանատարին, օր մը՝ գրագիրին, օր մը՝ հացթուխին, օր մը՝ խոհարարին, օր մըն ալ պարտիզպանին: Թագաւորին այս հաճոյքը երկարաձգուեցաւ մինչեւ այն օրը, երբ ազդարարութիւն ստացողներէն մին, որ նիւթական նեղ կացութեան մէջ էր, իր ապագային մասին մտահոգուելով՝ տուն վերադարձի ճամբուն վրայ գետին ինկաւ ու հոգին աւանդեց: Թերեւս հարց տաք, թէ ի՞նչ ըրաւ թագաւորը, երբ իմացաւ խեղճին մահուան լուրը, որ ուղղակի իր սեփական հաճոյքին արդիւնքն էր: Պատասխանը պարզ է, որ կու գայ մեզի՝ մեր պատմութենէն դարձեալ: Միթէ Խոսրով կամ Տրդատ արքաները իրենց որսի հաճոյքին ընթացքին խիղճի խայթ կ’ունենայի՞ն իրենց թիրախ դարձուցած եղնիկներուն սպանութեան պարագային: Բնականաբար ո՛չ: Այլ՝ ընդհակառակը, անոնց ճիշդ թիրախ դարձած եւ սպաննուած ըլլալը ո՛չ միայն հաճոյք կը պատճառէր իրենց, ալ աւելի՛ կը գրգռէր իրենց ախորժակը՝ նոր որսեր թիրախ դարձնելու: Ո՞վ կը սպասէր, որ թագաւորը իր սպաննած օգնականին թաղման ներկայ գտնուէր, կամ երկու կաթիլ արցունք թափէր անոր համար, որուն մահուան պատճառ եղած էր: Ո՛չ ոք: Որովհետեւ ամէն մարդ կը ճանչնար թագաւորը՝ իր ստորին բնաւորութեամբ եւ անմարդկային խառնուածքով: Վստահաբար թագաւորը շատ աւելի պիտի ցաւէր ու ողբար իր որսի շուներէն մէկուն սատակը տեսնելով, քան իրեն հաւատարիմ մարդուն մահը իմանալով:
Մարդկային ընկերութիւնը լեցուն է նման չար ու անգութ «թագաւոր»ներով, որոնց ուժը անպայման հսկայ բանակներ չեն, ոչ ալ «մեծ երկիրներ»ու հետ կնքուած բարեկամական դաշինքներ, այլ՝ երբեմն պարզ գրասեղան մը, որուն ետին պահուըտած՝ իրենց հաճոյքը գոհացնելու չարաբախտ ծրագիրներ կ’որոճան այս կամ այն անձին հաշւոյն:
Հաճոյքի համար մարդ սպաննելը, սովորական ոճիր մը չէ՛: Տասնաբանեային մէջ յիշուած «Մի՛ սպաներ» պատուիրանը այնքա՜ն ընդարձակ ըլլալով հանդերձ, իր մէջ չունի հաճոյքի համար մարդ չսպաննելու արգելքը: Ուրեմն, թերեւս ենթախորագիր մը աւելցուի անոր եւ ըսուի՝ «Հաճոյքիդ համար նոյնպէս՝ մարդ մի՛ սպաներ»:
Կ’ուզե՞ս մարդ սպաննել, մտահոգութիւն մը տուր անոր: Մտքի զբաղում մը, որ իր ամէնէն տկար կէտը գտնէ, ու կրծէ զինք: Շուտով մահը պիտի մօտենայ անոր: Բայց վստահ եմ, որ վերոյիշեալ «թագաւոր»ին նման անգութ ու անաստուած չես, ու գործադրութեան չե՛ս դներ այդպիսի վատ ծրագիր մը՝ պարզապէս հաճոյանալու համար…: Մարդը այսպէ՛ս ալ կը սպաննուի: