Բաւական մեծ յարգանք ու ճանաչում ունեցած է 1948էն ի վեր լոյս տեսնող The Armenian Review նախապէս եռամսեայ իսկ վերջին տարիներուն անկանոն պարբերականութեամբ հրատարակուող թերթը:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նիւթական յատկացումներով հրատարակուող այս պարբերականի խմբագիրները միշտ ալ կրցած են ապահովել ակադեմական բարձր մակարդակ, հեռու մնալով այդ աշխարհին խորթ կողմնակալ ու մակերեսային մօտեցումներէն:
Ասպետ Գոչիկեան այնպիսի գիտնական է, զոր, եթէ իբրեւ «երիտասարդ» բնութագրելու փորձութեան ենթարկուիս, ապա կրնաս անարդար ըլլալ՝ անոր կարողութիւնը համեմատութեան մը մէջ ներկայացնելու թիւրիմացութիւնը ստեղծելով:
Փրոֆ. Գոչիկեանի հետ զրուցելու ընթացքին չես կրնար չնկատել իր ինքնավստահ, յստակ ծրագիրներ ունեցող ու զանոնք հետապնդելու կարողութիւնն ու վճռակամութիւնը ունեցող մարդու նկարագրային գիծը:
Միակ հայկական ակադեմական պարբերաթերթն է The Armenian Review-ն, որուն յօդուածները կը հրատարակուին ոչ թէ խմբագրական կազմի մը կողմէ, այլ նիւթին լաւածանօթ, անոր մէջ մասնագիտացած գործընկերներու կողմէ գնահատուելէ ետք, կ’ըսէ Գոչիկեան, որ իր առաջին աշխատանքներէն մէկը դարձուցած է անցեալի թիւերու ցանկագրումը: Այս աշխատանքը ընելու ատեն անդրադարձայ, թէ ինչքա՛ն կարեւոր նիւթեր տեղ գտած են թերթին մէջ. նիւթեր, որոնք մեծապէս օգտակար կրնան ըլլալ զանազան թեմաներու ուսումնասիրութեանց համար, կ’ըսէ ան:
Յաջորդ աշխատանքը պիտի ըլլայ թերթի անցեալի համարներու բոլոր նիւթերը, անխտիր, համացանցի վրայ տրամադրելի դարձնելը: Փրոֆ. Գոչիկեան այս եւ նման աշխատանքներ իրագործելու համար, իր կողքին պիտի ունենայ կազմակերպչական կարողութիւններով օժտուած անձերէ կազմուած յանձնախումբ մը:
Թերթը ունի խմբագրական մարմին մը, որ բաղկացած է յայտնի պատմաբաններէ ու բանասէրներէ: Նոր խմբագիրը իր առաջին թիւը կը նախատեսէ տպագրութեան յանձնել յաջորդ տարուան ամրան: Թեման պիտի ըլլան քաղաքացիական հասարակութեան ձեւաւորման հետ կապուած խնդիրներ: Առաջին շրջանին, իր պատկերացումով՝ տարին երկու, առաւելագոյնը երեք թիւ պիտի հրատարակէ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ աւելի կանոնաւոր պարբերականութիւն մը ապահովել: Իւրաքանչիւր երեք թիւերէն մէկուն համար, Գոչիկեան կը յուսայ, որ ապահովէ հիւր խմբագիր մը, որուն միջոցաւ այլազանութիւն կարելի պիտի ըլլայ տեսնել ոճի եւ մօտեցումի մէջ:
Մեր պատմութեան ընթացքին այսքան մեծ թիւով պատմաբաններ ու դոկտորական թէզ պաշտպանած մասնագէտներ չենք ունեցած, կ’ըսէ խմբագիրը, որ արդէն ձեռնարկած է ամբողջական ցուցակ մը պատրաստելու՝ տարբեր ոլորտներու մէջ հայ մասնագէտներու՝ թէ՛ հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:
Հայաստանակեդրոն ըլլալով, հրատարակութիւնը անպայմանօրէն պիտի դիմէ հայաստանցի մասնագէտներու՝ զանոնք հրաւիրելով տարբեր թեմաներու շուրջ յօդուածներով եւ ուսումնասիրութիւններով մասնակցելու: Զանազան գիտական պարբերականներու մէջ բազմաթիւ յօդուածներու, ուսումնասիրութիւններու հեղինակ Գոչիկեան աշխատած է Հայաստանի մէջ եւ ծանօթ է այնտեղի ուժերուն: Վրաստանի եւ Հայաստանի համալսարաններու մէջ եւրասիական եւ մերձաւոր արեւելեան պատմութեան առնչուող նիւթերու շուրջ դասախօսութիւններով հանդէս եկած Գոչիկեան, քաղաքական գիտութեանց դասախօս է «Պենթլի» համալսարանին մէջ:
The Armenian Review-ն պիտի դառնայ նաեւ սեմինարներ, գիտաժողովներ կազմակերպող կեդրոն, որ իր շուրջ պիտի հաւաքէ ակադեմականներ, եւ անոնց պատրաստած նիւթերը խմբագրելով՝ ներառնէ իր թիւերուն մէջ, կ’ըսէ Գոչիկեան՝ աւելցնելով, որ իւրաքանչիւր նոր թիւի հրատարակութենէ ետք ալ, հրապարակային հանդիպումներով ու կլոր սեղաններով հանրութեան պիտի ներկայացուին տպագրուած նիւթերը:
Թերթը կրնայ ունենալ նաեւ հայերէն, գրական եւ մշակութային բաժիններ: Փորձ պիտի ըլլայ կանոնաւոր կապեր հաստատելու համալսարաններէ ներս գործող հայագիտական կեդրոններու հետ, բայց թերթը պիտի չսահմանափակուի անոնցմով: Հայագիտութեան սահմանումը, ըստ Գոչիկեանի, ընդարձակուած է: Այլ ոլորտներու մէջ մասնագիտացած մարդիկ, երբ կը խորանան հայկական թեմայի մը մէջ, կամ երբ իրենց նիւթի մշակման ընթացքին կ’օգտագործեն հայկական աղբիւրներ, ապա իրենք ալ կը դառնան հայագիտական շրջանակի անդամ:
Պարբերաթերթի խմբագրական կազմը լրիւ ժամանակով աշխատող չունի: Ինք՝ փրոֆ. Գոչիկեան, մասնակի ժամանակով պիտի աշխատի: Կազմին անդամակցելու հրաւիրուած է գրականագէտ փրոֆ. Վարդան Մաթեւոսեան, որ պիտի ղեկավարէ պարբերականի գրախօսականներու բաժինը:
The Armenian Review-ի խմբագրութեան հետ կապ պահելու եւ թերթին մասին նորութիւններուն հետեւելու համար, կրնաք դիմել www.armenianreview.org կայքէջ: