Բեթղեհէմի Ս. Ծննդեան տաճարին մէջ Երուսաղէմի հայոց պատրիարքարանը Յունուար 18ին եւ 19ին նշած է Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծնունդը: Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսուչ հայր Թէոտորոսի համաձայն, եկեղեցական արարողութիւնները անցած են հանգիստ ու խաղաղ, յոյն հոգեւորականներու հետ որեւէ միջադէպ տեղի չէ ունեցած: «Ամեն ինչ լաւ էր, փառք Աստուծոյ, բոլոր արարողութիւնները կատարեցինք, բացի դուրսի շքերթներէն: Յունուար 18ին Բեթղեհէմի մէջ տաճարի մուտքին մեզ դիմաւորեցին Պաղեստինի մշակոյթի նախարարը, Բեթղեհէմի կառավարիչն ու քաղաքապետը, նաեւ ոստիկանապետը: Անոնցմէ քրիստոնեայ է միայն Բեթղեհէմի քաղաքապետը, սակայն կէսգիշերին անոնք բոլորը եկան՝ մասնակցելու համար մեր եկեղեցական արարողութեան», յայտնած է հայր Թէոտորոս:
Ս. Ծննդեան տաճարէն ներս նշուած տօնական արարողութիւններուն ներկայ էին նաեւ Հայաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն մեկնած հոգեւոր հայրեր ու աւելի քան 100 ուխտաւորներ: