Մարդոց ականջները իրարմէ կը տարբերին ո՛չ միայն լսողութեան կարողութեամբ, այլ նաեւ իրենց արտաքին տեսքով: Իւրաքանչիւր մարդ տարբեր տեսակի ականջներ կ’ունենայ: Այս խօսքը ճշմարտութիւն է այնքան, որ նոյնիսկ մէկ մարդու գլխուն երկու կողմը գտնուող ականջներէն իւրաքանչիւրը տարբեր չափի կ’ըլլան եւ նոյնիսկ երբեմն մէկը միւսէն շատ տարբեր: Մարդկային ականջներուն տեսակները ընդհանրապէս ժառանգական կ’ըլլան: Այսպէս, հօր կամ մօր ականջներուն նմանութիւնը ունեցող ականջներ կ’ունենան իրենց զաւակները: Կան դուրս ցցուած ականջներ, կամ սրածայր ականջներ: Կան աւելի մեծ եւ լայնասկաւառակ ականջներու տեսակներ, երբեմն կան աւելի մսոտ երիզ ունեցող եւ համապատասխան հաստկեկ փլթակ ունեցող ականջներ: Կամ՝ հակառակը, կան աներիզ եւ տափարակ ականջներու տեսակներ, որոնք իրենց չափին անյարիր փլթակներ ունին: Կան շատ մանր եւ գլխու վրայ հազիւ նշմարելի ականջներ, որոնց փոքրութիւնը անականջ մնացած ողբալի մարդոց կը վերածէ անոնց տէրերը: Եւ այսպէս, կարելի է երկարել մարդկային ականջներու տեսակներուն նկարագրութիւնը:
Քաղաքակրթութեան զարգացման հետ, նաեւ զարգացաւ մարդկային ականջներուն հետ քաղաքավար վերաբերելու կերպը: Անցեալին, նորածինի մը ականջները անոր ծնողին քմահաճոյքին ենթակայ կ’ըլլային: Այսպէս, նորածինին ուխտի զաւակ ըլլալը փաստելու համար շուտով կը ճեղքէին անոր մէկ ականջին փլթակը: Մեր մանկութեան ճանչցած ենք տարեց մարդ մը, որուն անունը տալու պահուն կ’ըսէին՝ «ականջը կտրուած այսին»չ, ցոյց տալու համար թէ այդ ուխտուած մարդուն մասին է խօսքը: Մանուկներուն ականջի փլթակը ճեղքելու այս սովորութիւնը կու գայ անշուշտ խաշնարածներու կիրարկած սովորութենէն, որոնք իրենց հօտին ոչխարները զանազանելու համար օտար հօտերու ոչխարներէն, կը ճեղքէին ամէն նոր ծնող գառնուկի աջ կամ ձախ ականջը: Մինչեւ այսօր ալ, երկրէ երկիր փոխադրուող եւ կամ կենդանաբուծական կեդրոններու մէջ խնամուող արջառներու ականջներուն կարելի է հանդիպիլ կնիքներու եւ այլազան մետաղեայ թիւերու, որոնք ծակելով օղի նման կ’անցնեն անոնց ականջին, թուահամարի նպատակով:
Ներկայիս գեղագիտական տարբեր գործողութիւններով մարդկային դէմքի ու մարմնի զանազան մասերը «կը կոկեն» կը գեղեցկացնեն: Ականջները զուրկ չեն նրբագիտական ու «գեղարուեստական» այս մօտեցումներէն: Յատկապէս իգական սեռին պատկանողներ, իրենց երբեմն դուրս ցցուած ականջները դէպի ներս կը տանին, յաճախ ծանր օղեր կախելէ յոգնած ու վար կախուած ականջի փլթակները վերստին կը փոքրացնեն ու վեր կը բարձրացնեն, մէկ խօսքով կը մտահոգուին իրենց ականջներուն արտաքին տեսքով: Տարիքի յառաջացման հետ մարդկային ականջներն ալ կը մեծնան մինչեւ որոշ աստիճան, իսկ յառաջացեալ տարիքի մէջ, երբ գլուխը կը սկսի ամփոփուիլ, ականջները յոգնած տեսք մը կը ստանան, աւելի հեռու մնալով գլուխէն ու թեթեւ մը կախուելով:
Ականջներու արտաքին տեսքին նկատմամբ հինէն ի վեր մարդիկ բծախնդիր եղած են: Երկաթէ ու պրոնզէ դարերէն կիրառական արուեստի գործեր հասած են, որոնց մէջ կ’երեւին կանացի զարդեղէններ, յատկապէս՝ ականջի օղեր: Իսկ ներկայ ժամանակներուն, ոսկեայ ու ադամանդակուռ օղով մը կարելի չէ երբեմն գոհացնել կանացի ականջները: Յատկապէս պարմանուհիներու ականջներուն այսօր կարելի է նշմարել մինչեւ մէկ երկվեցեակ օղեր, քով-քովի շարուած, ականջի արտաքին երիզին վարէն մինչեւ վերի դարձուածքը: Թէ ինչի՞ կը ծառայեն անոնք, ականջը տգեղցնելո՞ւ թէ գեղեցկացնելու, յստակ չէ: Ցաւալին այն է, որ երբեմն շատ գեղեցիկ կամ համաչափութեամբ կատարեալ ականջներու վրայ շարուած կ’ըլլան անոնք, ականջին բնածին գեղեցկութիւնը շուքի տակ ձգելով:
Տակաւին նորաձեւութեան գլուխ գործոց կը նկատուի, այր մարդոց ականջին երեւցող օղերը, որոնք երբեմն գայթակղութիւն կը պատճառեն պահպանողական դաստիարակութեամբ մեծցած անձերուն: Ասոնց պարագային ալ, աջ կամ ձախ ականջի փլթակին դնելն ալ յատուկ բացատրութեամբ «կ’արդարանայ». մէկուն պարագային գեղագիտական նշանակութիւն ունենալով, միւսին պարագային միասեռականութեան նշանակ ըլլալով:
Ձայնային կամ լսողական այս զգայարանքի կարեւորութեան ո՛չ ոք կը կասկածի, մանաւանդ երբ խլութեան մասին մտածէ: Չուրին տակ ալ ընկղմի մարդ, որոշ ձայներ կը լսէ, լսողական այս զգայարանքին ճամբով վերեւ գալարուող ալիքներուն պայթիւնը եւ պղպջականալը իմանալով: Մինչ խուլ մը ամբողջովին զրկուած կ’ըլլայ արտաքին աշխարհի հաղորդակցութենէն: Այդ է պատճառը, որ կատարուած հարցախոյզի մը հիմամբ, աւելի դժբախտ նկատուած է խուլ մը, քան՝ կոյր մը: Ահա թէ ինչու, այսօրուան բժշկական գիտութիւնը յատուկ գործիքներ հնարած է, որոնք ականջի խոռոչին մէջ ամրացուելով, դուրսի ձայները մեծցնելով կը հասցնեն թմբուկին, խուլը հաղորդակցութեան մէջ դնելով իր շրջապատի անցուդարձին հետ:
Ականջներու կարեւորութեան այսքան անդրադառնալը անոր համար էր, որ կան նաեւ ականջներու բարոյական «տեսակներ»: Այս ականջները իրենցմէ ներս մտնող տարբեր ձայներուն կամ խօսքերուն բովանդակութեամբ հաճոյանալու կամ զանոնք չլսելու տարբերութեամբ կը զանազանուին: Այսպէս, ականջներ կան որոնք բամբասանք լսելու «տկարութիւն» ունին: Ուրիշ տեսակներ կան, որոնք ամբողջութեամբ կը փակուին նման դատարկապորտ խօսքերու դիմաց: Ասոնց պարագային, ականջները ուղեղին հետ առնչութիւն չեն ունենար կարծէք, եւ ինչպէս ժողովուրդը կ’ըսէ, լսած խօսքերնին «մէկ ականջէն կը մտնէ եւ միւսէն դուրս կ’ելլէ»:
Տեսնուած է, որ բամբասանք լսող ականջներ, իրենց հաճելի թուացող այդ զրոյցներն ու զրպարտութիւնները լսած պահուն, ուրախութենէն վեր-վար կ’ելլեն-կ’իջնեն, աւելին ակնկալելու ջերմ ցանկութեամբ: Մինչ երեք կապիկներու խորհրդանշական արձանիկներու դերակատարներէն մին, (որոնք փոխ-յարաբերական կեանքի երեք կարեւոր զգայարանքները՝ աչք, ականջ, բերան ժուժկալելու դաստիարակութիւն կը կատարեն դարերէ ի վեր), հակառակ խոշոր ականջներ ունենալուն, երկու ափերով լաւ մը կը փակէ զանոնք, նուազագոյն բամբասանքը չլսելու եւ այլոց սխալներուն մեղսակից չըլլալու համար:
Բարոյական երրորդ տեսակի ականջներ ալ կան, որոնք թէեւ աշխարհին դիմաց բաց են եւ կը լսեն ամէն ինչ, սակայն զարմանալիօրէն դատելու կարողութեամբ օժտուած ըլլալով, անմիջապէս կը պատասխանեն ու կը լռեցնեն բամբասող չար խօսնակը: Այս տիպի ականջները բարոյական մաղով օժտուած կ’ըլլան, որոնք կը զտեն ներս մտնող խօսքերը եւ ճշմարտութեան հետամուտ ըլլալով, կը յայտարարեն արդարն ու իրաւը:
Նկատելի է նաեւ, որ բամբասանք-ներու ականջ տուող մարդիկը առհասարակ տգէտ եւ զարգացումէ զուրկ խեղճութիւններ են, որոնց ականջներուն մէջ նման տեղեկութիւններ թխմողները գիտեն իրենց զոհերուն տկարութիւնը, եւ ապագային զանոնք չարիքի գործիք դարձնելու նպատակով կը տանին այդ տխուր աշխատանքը:
Հակառակ ականջներու այս տարբեր տեսակներու յայտնաբերման, սակայն, ամէնքն ալ պիտի շարունակեն գործել այնպէս ինչպէս վարժուած են: Եթէ դատելու կարողութիւն չունիս, չե՞ս կրնար արդեօք մաղ մը գործածել, լսած խօսքերդ զտելու եւ ճիշդը իմանալու համար: Այսօրուան արհեստագիտութիւնը Ե-նամակներու ցանցիդ համար ստեղծած է նման մաղեր (filter), որոնց միջոցաւ քու փափաքովդ աղբաման կ’երթան անցանկալի ծանուցումներ եւ անբաղձալի անձերէ նամակատուփդ նետուող Ե-նամակներ: Ականջներդ ալ պէտք ունին նման մաղերու, պատմութեան աղբամանին մէջ նետելու համար, աղբաման բերաններէ արտասանուող աղբ խօսքերը: