Օրօրոցէն մինչեւ գերեզման մարդկային կեանքը պատկերացնող խորհրդանշական նկար մը շրջանառութեան մէջ էր անցեալին. անիկա շատ տպաւորած է նաեւ զիս:
Այս պատկերը հիմնականին մէջ հաւաքածոյ մըն է մէկ մեծ ու երկու փոքր կլորներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ նկարուած են առանձին պատկերներ: Կեդրոնական այս մեծ կլորը համեմատաբար միւս երկուքին, աւելի մեծ տրամագիծ ունի: Ասիկա կը ներկայացնէ Ադամն ու Եւան՝ օձէն խաբուելով արգիլեալ պտուղը ճաշակելու պահուն պատկերուած: Անոր ձախին գտնուող կլորին մէջ նկարուած է նորածին մանուկ մը, խանձարուրով պատուած եւ սնարի մը մէջ դրուած: Անկէ վեր կը սկսին աստիճաններու սանդխամատեր բարձրանալ մինչեւ նկարին վերի կեդրոնը, եւ ապա միւս կողմէն դարձեալ վար իջնել, հասնելու համար Ադամ եւ Եւայի պատկերին աջ կողմը գտնուող ու կլորի մէջ առնուած նկարին, որ կը ներկայացնէ հարիւրամեայ ծերունի մը, բազկաթոռին նստած:
Աջ ու ձախ կողմերուն, կլորի մէջ առնուած պատկերներուն վերեւը, մէկ կողմէ բարձրացող ու միւս կողմէ իջնող աստիճաններուն վրայ նկարուած է մարդ մը, միեւնոյն անձը, տարբեր տարիքներու մէջ. 10, 20, 30, 40, 50, 60, 70, 80 եւ 90 տարեկանին: Իւրաքանչիւր տարիքի համապատասխան վիճակ կը պարզէ անշուշտ այդ անձը: Նախ՝ պատանի մըն է, որ վազվզուքի մէջ է, անիւաւոր կօշիկ յագած, յետոյ՝ խօսեցեալին հետ նկարուած, ապա յաջորդ պատկերին մէջ անոնց միացած է նաեւ մանուկ մը, որ կը նշանակէ 30 տարեկանին ամուսնացած է, եւ այսպէս աստիճանը կը բարձրանայ մինչեւ 50 տարեկան, որ ընդհանուր պատկերին ճիշդ վերեւի կեդրոնական մասը կը գրաւէ: Ապա, կեանքի տարիքային զարիվառին հետ նաեւ պատկերին աստիճանները կը խոնարհին, եւ իւրաքանչիւր սանդխամատին վար իջնելու հետ, պատկերին մէջ երեւցող մարդուն դէմքը կը կնճռոտի, ծերութեան արտաքին արտայայտութիւնները կը բազմանան, մինչեւ որ զառամած կը դառնայ, ու բազկաթոռին կը գամուի: Վերջին այս պատկերը դարձեալ կլորի մէջ առնուած է եւ նկարին աջ կողմի կլորակը կը կազմէ:
Խորհրդապատկերը պատրաստուած է դաստիարակիչ այն պատճառաւ, որ մեզմէ շատ քիչեր կրնան միանգամընդմիշտ իրենց մտապաստառին դիմաց ունենալ իրենց կեանքի ընթացքը: Շատերուն այնպէս կը թուի, թէ իրենք բնա՛ւ պիտի չծերանան: Ասոր փաստը կարելի է տեսնել երբեմն երիտասարդներու վարմունքին մէջ՝ հանդէպ ծերերուն:
Այսպէս, ինքնաշարժ վարող երիտասարդներուն դիմաց, ճամբու ընթացքին, երբ յանկարծ պատահի դանդաղ ընթացող ինքնաշարժ մը ծերունի վարորդով, դժգոհանքի ու արհամարհանքի արտայայտութիւններ կ’ունենան, առանց մտածելու, որ ընդամէնը երկու տասնամեակ յետոյ, ուրիշներ նոյն ձեւով կրնան մտածել իրե՛նց մասին, ու նման արտայայտութիւններով նուաստացնել եւ վիրաւորել մարդկային իրենց արժանապատուութիւնը:
Վերոյիշեալ խորհրդապատկերը նաեւ մարդկային մտքի հասունացման խորհրդանիշ է: Այս կեանքին մէջ չկա՛յ մէկը, որ կարենայ յայտարարել, թէ ինք նոյնը մնացած է ծնունդէն մինչեւ չափահասութեան ու տարեց չափահասութեան տարիքը: Եթէ ասիկա բացարձակ ճշմարտութիւն է մարդու ֆիզիքական աճման պարագային, կարելի է նաեւ ըսել, որ նոյնպէս ճշմարտութիւն է մտային աճման իմաստով եւս: Բնաւորութեան գիծեր եթէ կը մնան նոյնը, եւ մարդ եօթը տարեկանին ինչ որ էր, եօթանասունին ալ նոյնը կ’ըլլայ ժառանգական իր խառնուածքով, ապա մտաւոր աճման մէջ, տարիքի յառաջացման հետ նոր զարգացումներ կ’ապրի ան: Մտային այս յառաջընթացը միայն ուսման հետեւանքով տեղի չունենար, այլեւ՝ կեանքի բնական զարգացումով, որ ինչպէս միշտ ըսուած է՝ ինքնին դպրոց մըն է: Դպրոց մը՝ առանց դասարանի, եւ ուր ամէն մարդ թէ՛ ուսանող է եւ թէ՛ ուսուցանող, երբեմն աշակերտ է, եւ երբեմն՝ ուսուցիչ: Թէ ե՞րբ կը սկսի ուսանողութիւնը եւ ե՞րբ ուսուցչութիւնը, ո՛չ ոք կրնայ կռահել, որովհետեւ միտքի աճումն ու զարգացումը ոմանց մօտ դանդաղ կ’ընթանայ, իսկ ուրիշներու պարագային՝ շատ արագ: Անցնող սերունդի տաճկախօս մեր մեծերը կ’ըսէին՝ «Խելքը տարիքին մէջ չըլլար, այլ՝ գլխուն»:
Հակառակ տարիքային աստիճանաւորման մասին մեր ներկայացուցած պատկերին մէջ նշուած ընթացքին, սակայն, մեր կեանքը ունի հիմնական երկու կէսեր. Առաջին կէսը ամէն ինչ փնտռելու, ունենալ փափաքելու, յարատեւ վազքի, հեւասպառ ընթացքի կէսն է, որուն մեծ մասը կը տրամադրուի ուսման, գործի հաստատման, երազներու թեւերով անսահման թռիչքներու համար: Իսկ միւս կէսը վերոյիշեալներուն անմիջական շարունակութիւնը չէ՛ դժբախտաբար: Շատ բնական պիտի ըլլար ենթադրել, որ այդքան վազքէ ու յոգնութենէ ետք, գէթ ուրախութիւնը պիտի ունենար մարդ իր աշխատանքին արդիւնքը վայելելու: Վստահաբար ինչքա՜ն ժամանակ տրամադրած է ան՝ ունենալու այն ինչ որ փափաքած է: Երբեմն անկարելի թուացող ու երազային հանգամանք ունեցող երեւոյթներու մարմին տուած կրնայ ըլլալ իր տքնաջան աշխատանքով, զոր պէտք է վայելէր անկասկած: Սակայն այդ ամէնքէն ետք, կեանքի երկրորդ կէսին, կու գայ ափսոսանքի զգացումը: Ափսոսանք, ո՛չ թէ այդ ամէնը իրագործած ըլլալուն համար, այլ՝ մեր կեանքի առաջին կէսին անցած ըլլալուն, եւ ապրելու ժամանակը նուազած ըլլալուն համար…:
Բանիմաց տարեց հարազատներու հետ սրտաբաց զրոյց մը, բաւարար պիտի ըլլայ հաստատելու վերեւ ըսուածը: Անոնք այլեւս չեն ուզեր տեղափոխուիլ, ո՛չ թէ միայն երկրէ երկիր, այլ նոյնիսկ նոր տուն չե՛ն ուզեր փոխադրուիլ, շուտով կը կշտանան իրենց տրուած պատառ մը հացով, նոր կահկարասիները այլեւս չեն նորոգեր իրենց կեանքը, ֆիզիքական տկարութեան հետ մնայուն յոգնածութեան զգացումը արմատ կը նետէ եւ կեանքէն ձանձրանալու յուսահատական վիճակ մը բոյն կը դնէ իրենց ներսիդին: Հետզհետէ անոնք կը սկսին անյագօրէն դիտել մատղաշ երեխաներու խաղն ու վազվզուքը, կագն ու կռիւը, եւ բնութեան իրենց շնորհած կարողութեամբ, յստակօրէն կը վերյիշեն նոյն տարիքի իրենց օրերը եւ անոնց ընթացքին պատահած դէպքերը…: Սա երկնային առանձնաշնորհ մըն է տարեց մարդուն տրուած՝ համաձայն հոգեբաններու:
Մեր կեանքի երկրորդ կէսի ընթացքին, առաջին կէսի իրագործումներուն նկատմամբ զգացուող ափսոսանքը, եւ մնացեալ կեանքի օրերուն սահմանափակ թուիլը, զանազան կերպերով կը փորձեն դարմանել մարդիկ: Ընտանիքի կազմութիւնը եւ սերունդի շարունակութիւնը, մխիթարական մեծագոյն քայլն է մարդուն կողմէ առնուող: Բացի այդ որոշումէն, մտաւորական անժամանցելի արժէք ներկայացնող իրագործումներ եւս կրնան մեղմացնել կեանքի առաջին մասին նկատմամբ ափսոսանքի զգացումը:
Հոգեկան արթնութեան եւ դարձի համար եղած կրօնական կոչերը, դարձեալ ունին իրենց դրական եւ ժխտական երեսները, նայած թէ ի՞նչ աղբիւրներէ կը բխին անոնք: Այսպէս, հոգին փրկելու քրիստոնէական առողջ դաստիարակութիւնը, մարդուն կենդանութեան իսկ անմահ հոգի մը կը սնուցանէ անոր ներսիդին: Ծայրագոյն արեւելքի կարգ մը կրօններ եւս նման ճիգ կը կատարեն՝ անէացման վիճակի հասցնելով մարդը: Իսկ ծայրայեղ հոգեւոր կարգ մը շարժումներ եւ աղանդներ, ցաւալից կեանքի սարսափներէ փրկուելու հակամանկավարժական մեթոտներով, մելամաղձոտ նուագներու եւ տխուր երգերու ընկերակցութեամբ, աւելի՛ կը մթագնեն մարդուն ապագայի հորիզոնը, իրենց փարախը տանելով ափսոսանքի զգացումով պարուրուած խեղճութիւններ: Անոնց ներկայացուցած հակասական զօրաւոր գոյները առիթ չե՛ն տար միջին ընտրութիւն մը կատարելու, եւ ընտրելու ստիպողութեան մէջ գտնուող անձը, բնականաբար պիտի ընտրէ այն որ փայլուն է:
Մեր կեանքի երկրորդ կէսը ափսոսանքով չանցնելու առաջին ու վերջին հիմնական լուծումը՝ մեր յոյսը Աստուծոյ վրայ դնելն է: Եթէ այդ բոլոր իրագործումները կատարելու արտօնութիւնը տուաւ Ան, ինչո՞ւ կ’ափսոսաս ապրած եւ ապրելիք օրերուդ համար: Ընդհակառակը, կեանքիդ առաջին կէսը եթէ իրագործումներով անցուցիր, երկրորդ կէսն ալ ափսոսանքի տրամադրելու փոխարէն՝ կրնաս զԱստուած փառաւորելու յատկացնել, այն ամէն բարիքներուն համար, զորս վայելեցիր կեանքիդ առաջին կէսի ընթացքին: Երախտագէտ եղի՛ր եւ բնա՛ւ չես ափսոսար…: