Անցեալ Ուրբաթ օր, Դանիայէն եկած խումբ մը պաշտօնակիցներու եւ Հայաստանի գրասենեակի գործընկերներուս հետ մեկնեցանք Ծաղկաձոր, ընկերային հաճելի ժամանակ անցնելու եւ հայ ու դանիացի աշխատակազմերուն միջեւ կապերը զօրացնելու նպատակով։ Դանիացիք շատ հետաքրքրուած էին Ծաղկաձորով, որովհետեւ բոլորն ալ դահուկի սիրահարներ էին եւ կազմ ու պատրաստ եկած էին երկու օր անցնելու աւելի քան 2000 մեթր բարձրութիւն ունեցող Դեղենիս լերան լանջերուն վրայ: Ճանապարհին դանիացի գործընկերներս յաճախ կը յիշեցնէին, որ Դանիոյ մէջ լեռ գոյութիւն չունի, իսկ ամէնէն «հսկայ» բլուրին գագաթը ծովու մակերեսէն միայն 400 մեթր բարձր է: Դահուկելու համար ստիպուած են երթալ եւրոպական հարեւան երկիրներ եւ երկու-երեք օրուան հաճելի ժամանցի համար ծախսել քանի մը հազար Եուրօ:
Մայրաքաղաք Երեւանէն Ծաղկաձոր հասանք մօտ 40 վայրկեանէն ու նորաբաց հիւրանոցներէն մէկուն մէջ տեղաւորուելէ ետք, ինքնաշարժներով մեկնեցանք դէպի ճոպանուղի եւ ընդամէնը 5 վայրկեանէն հասանք տոմսարկղի մօտ: Ուրբաթ օր ըլլալով, Ծաղակաձորն ու ճոպանուղին խճողուած չէին, բայց նաեւ ակնյայտ էր դահուկողներու եւ հայ ու արտասահմանցի զբօսաշրջիկներու բացակայութիւնը: Անցեալ երկու-երեք տարիներուն շատ աւելի բազմամարդ էր Ծաղկաձորը, շատ աւելի բանուկ էին՝ նոր տեղադրուած, արդիական ճոպանուղին ու Դեղենիս լերան ձիւնածածկ զառիթափերը: Ճոպանուղիին մօտիկ կանգնած էր դահուկի մարզաձեւով յաճախ զբաղող նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, ու քիչ անդին՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, Հայաստանի յայտնի մեծահարուստներէն Գագիկ Ծառուկեանը: Երկուքի թիկնապահներուն թիւը շատ աւելի էր քան բոլոր զբօսաշրջիկներունը: «Ըստ երեւոյթին, Հայաստան եւս ազդուած է ֆինանսական տագնապէն. մարդիկ կամ դրամ չունին, կամ ալ տրամադիր չեն իրենց ունեցածը ծախսելու», ըսաւ դանիացի հիւրերէն մէկը:
Դեղենիսի գագաթը հասնելու համար երկու կայան փոխեցինք եւ մօտ կէս ժամ վերելքէ ետք, հասանք Հայաստանի ամէնէն գեղատեսիլ բարձունքներէն մէկուն վրայ: Սպիտակութեան մէջ կորած լերան գագաթէն, ջինջ ու պայծառ երկինքին տակ մեր աչքերուն բացուեցաւ հրաշագեղ տեսարաններ. մէկ կողմէն՝ կապուտակ Սեւանը, խաղաղ ու վճիտ, միւս կողմէն՝ Արագած լեռը, չորս ձիւնածածկ, վեհ գագաթներով, իսկ դիմացը՝ Արարատը, հեռու բայց մօտ, բարձր, հսկայ, տիրական, անհասանելի…
Բոլորս ալ հմայուած, լուռ ու խոհուն վայելեցինք հիանալի այս տեսարանները, անկրկնելի այս պահը: «Գեղեցիկ է ձեր երկիրը», լռութիւնը խզելով ըսաւ դանիացի գործընկերս եւ դահուկներով սլացաւ դէպի վար: Իրեն հետեւեցաւ խումբին աւելի քան կէսը:
Քանի մը ժամ ետք հանդիպեցանք ճոպանուղիի երկրորդ կայանին մօտ կառուցուած ճաշարաններէն մէկուն մէջ՝ այդ օրը դանիացիներուն հետ մեր ժամանցը հայկական աւանդական կերուխումով աւարտելու համար: Քանի մը բաժակ գինի կոնծելէ ետք, դանիացիք յուզումով յիշեցին Քարէն Եփփէն ու հայասէր այլ դանիացիներ, հազար ու մէկ շնորհակալութիւն յայտնեցին հայկական փառահեղ հիւրասիրութեան համար ու հաւաստեցին, որ դահուկելու համար դարձեալ պիտի գան Ծաղկաձոր, այս անգամ ընտանիքի անդամներու եւ ընկերներու հետ միասին:
Բոլորս ալ ուրախ էինք: Գիտէինք, որ մօտիկ ապագային այս լանջերն ու ճոպանուղին դարձեալ պիտի խճողուին, հայ եւ օտար զբօսաշրջիկները աշխարհի բոլոր անկիւններէն պիտի գան վայելելու մեր գեղեցիկ երկրի եզակի բնութիւնն ու հիւրասիրութիւնը, ու գոհունակ տրամադրութիւններով պիտի վերադառնան իրենց ապրած երկիրները, օտարները՝ երախտապարտ եւ ուրախ, իսկ հայերը՝ վերանորոգ հաւատքով եւ հպարտ:
Գրեցէ՛ք ինծի: