ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի Կաքաւաբերդի տեղամասի պետ Գոռ Յովհաննիսեան հեռացուած է իր աշխատանքէն, պաշտօնական դիրքի չարաշահման եւ պետական արգելոցի կանոններու կոպիտ խախտում թոյլ տալուն պատճառով: Արդարեւ, Գ. Յարութիւնեան առանց համապատասխան արտօնութեան արգելոցի մէջ վարազ սպաննած էր:
Բնապահպանական տեսչութեան կողմէ հաշուարկուած է նաեւ արգելոցէն ներս որսի իրականացման հետեւանքով կենդանական աշխարհին հասած վնասին չափը՝ շուրջ 1 միլիոն դրամ, որ պէտք է վերահատուցուի Գ. Յովհաննիսեանի կողմէ:
Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարի յանձնարարականով, հանրապետութեան տարածքին, յատկապէս բնութեան յատուկ պահպանուող տարածքներու վրայ, պիտի շեշտաւորուի վերահսկողութիւնը ապօրինի որսին հարցով: